Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սպահանի Հայոց Թեմի Ներկայացուցիչները Եւ Աննա Մայիլեան Այցելեցին «Ազդակ»

May 23, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

20150523_142406Այսօր կէսօրէ ետք, «Ազդակ»-ի խմբագրատուն այցելեցին եւ տնօրէնութեան հետ տեսակցեցան Սպահանի հայոց թեմի պատգամաւորական ժողովի ատենապետ Վարուժ Մինասեան, կրօնական խորհուրդի ատենապետ Վարուժ Մովսէսեան եւ թեմական խորհուրդի անդամ Գառնիկ Պաղտասարեան: Անոնք անդամակցած են Սպահանի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեանի գլխաւորած պատուիրակութեան, որ Անթիլիաս հասած էր մասնակցելու համար նոյն թեմի նախկին առաջնորդ Կորիւն արք. Պապեանի յուղարկաւորութեան:

Հանդիպումը առիթ էր զեկուցելու վերջերս Նոր Ջուղայի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով տեղի ունեցած գիտաժողովին մասին: Յատուկ անդրադարձ կատարուեցաւ հոգելոյս սրբազանին ունեցած աշխուժ աշխատակցութեան «Ազդակ»-ին: Հայ եկեղեցւոյ տօներուն առիթով խորհրդածութիւններ, հայ ազգային-եկեղեցական արժէքներու վերլուծումներ, եկեղեցական դէմքերու մասին մենագրութիւններ` (որոնց մէջ առանցքայինը եղաւ արխիւային ուսումնասիրութիւնը, ցարդ անծանօթ մնացած դրուագներ լոյսին բերելը) Կորիւն սրբազան իր այս աշխատասիրութիւններով հարստացուց «Ազդակ»-ի վերջին շրջանի բովանդակութիւնը:

20150523_151859«Ազդակ»-ի շաբաթ օրուան հիւրերու շարքին էին հայրենի վաստակաւոր երգչուհի, Մեցօ սոփրանօ, Երեւանի Կոմիտասի անուան երաժշտանոցի դասախօս Աննա Մայիլեան եւ դաշնակահար, Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցի նուագակցող Էլեն Կիրակոսեան: Հիւրերուն կ՛ընկերակցէր հայ Աւետարանական Արմիս Մշակութային յանձնախումբի ատենապետ դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան:

«Ազդակ»-ի տնօրէնութեան հետ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին խորհրդակցութիւններ կը վերաբերէին Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի եւ յատկապէս երաժշտագիտական մարզին վերաբերող հարցերուն:

Հայրենի արուեստագէտները Լիբանան կը գտնուին Հայ աւետարանական Արմիս մշակութային յանձնախումբին հրաւէրով, որ կազմակերպած է համերգ «Մթնշաղէն դէպի արշալոյս» խորագիրով, չորեքշաբթի 27 մայիսի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ սրահին մէջ:

 

Նախորդը

Փինկ Փոնկ. Լիբանանի Խմբային Ախոյեանութիւն. Այսօր` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Նատուա Քամաթիէ Աղջկանց Աւարտական Մրցումը

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Վենեզուելան Ռազմահարթակ` Միացեալ  Նահանգներու Եւ Չինաստանի Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Վենեզուելան Ռազմահարթակ` Միացեալ Նահանգներու Եւ Չինաստանի Միջեւ

January 9, 2026
Բուռն Բախումներ Հալէպի Կարգ Մը  Թաղամասերու Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Բուռն Բախումներ Հալէպի Կարգ Մը Թաղամասերու Մէջ

January 9, 2026
Սուրիա – Իսրայէլ Համաձայնութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Սուրիա – Իսրայէլ Համաձայնութիւն

January 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.