Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայկազուն Եափուճեանի «Տառապանքի Եւ Յոյսի Ապրումներ» Վերահրատարակուած Գիրքի Շնորհահանդէս

Ապրիլ 16, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

IMG_8137Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած սերունդին կողմէ նոր սերունդին փոխանցուելիք պատգամներուն ու աւանդներուն հիմնական աղբիւրը կը հանդիսանան այն հրատարակութիւնները, որոնք կը պարունակեն այդ սերունդի ապրուած կեանքի փաստացի տուեալներ, ոչինչէն ամէն բան ստեղծելու պայքար ու անկոտրում կամքի դրսեւորում:

Երէկ` չորեքշաբթի, 15 ապրիլի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին երկրորդ յարկին վրայ տեղի ունեցաւ նման գիրքի մը` Հայկազուն Եափուճեանի «Տառապանքի եւ յոյսի ապրումներ» վերահրատարակուած հատորին շնորհահանդէսը:

Սոնա Թիթիզեան
Սոնա Թիթիզեան

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան կողմէ Սոնա Թիթիզեան ներկայացուց հատորը` դիտել տալով, որ անիկա պատմագրական յուշագրութիւն մըն է, պատմական դէպքերը յիշատակող մեծարժէք աղբիւր մը, որովհետեւ հոն կը մարմնաւորուին ազգի մը պատմութեան ամէնէն ողբերգական եւ վերապրումի կարեւորագոյն ժամանակաշրջանէն դէպքեր: Ան նշեց, որ հեղինակը կը պատկանի Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած այն սերունդին, որուն ներկայացուցիչները ո՛չ միայն կերտեցին իրենց անձնական կեանքը, այլ նաեւ կազմակերպեցին սփիւռքը: Եղան անհատական թէ հաւաքական կեանքի մէջ պայքարի ոգիով տոգորուած մարդիկ: Ան դիտել տուաւ, որ գիրքին մէջ Հ. Եափուճեան ներկայացուցած է իր ապրած տառապալից կեանքն ու գոյատեւման պայքարը` նշելով, որ գիրքը բաղկացած է երկու հիմնական մասերէ. «Ծննդավայր եւ որբանոց» եւ «Որբանոցէն դուրս»:

«Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին, նման հրատարակութիւններ ժամանակակից եւ յառաջիկայ սերունդներուն պիտի փոխանցեն ցեղասպանութեան ենթարկուած սերունդին աւանդը, յարատեւութիւնը եւ պայքարի ոգին, օտար ափերու վրայ հայրենին ու մայրենին պահպանելու վճռակամութիւնն ու ապրելու եւ գոյատեւելու յամառութիւնը: Այսօրուան սերունդը շատ բան կը պարտի այդ սերունդին», իր խօսքը եզրափակեց Սոնա Թիթիզեան:

Յակոբ Հաւաթեան
Յակոբ Հաւաթեան

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ «Տառապանքի եւ յոյսի ապրումներ» գիրքին կարեւորութեան` հաւաքական յիշողութեան պահպանման իմաստով, որովհետեւ ատիկա իր պատուանդանին վրայ պիտի մնայ նման յուշագրութիւններու եւ ապրուած կեանքերու ամփոփումը հանդիսացող հրատարակութիւններու ճամբով: «Այսօր յիշողութիւնը թարմացնելու, արմատացնելու համար յաւելեալ դասագիրքերու կարիք ունինք անտարակոյս, որովհետեւ այդ յիշողութիւնը ապրած ու կենսաւորած դասատուները մեկնեցան, սակայն ձեզի ձգեցին դասագիրքերու հարուստ ժառանգութիւն մը: Այդ դասագիրքերէն մէկուն շնորհահանդէսն է, որ կը կատարենք», հաստատեց Հաւաթեան:

Ըստ անոր, Հայկազուն Եափուճեանի հատորը առաւել վաւերական իմաստ եւ նշանակութիւն կը ստանայ դուրս գալով զուտ անձնական յուշերու պատմողական պարունակէն, յաջողելով հարազատօրէն նկարագրել եւ վերծանել նաեւ ամբողջ ժամանակաշրջանի մը կացութիւնը, հայ հաւաքականութեան ապրած հաւաքական ողբերգութիւնն ու պայքարը` Ժիպէյլի որբանոցի առօրեայէն մինչեւ լիբանանահայ գաղութի կազմաւորում:

Այս սերունդին վիճակուեցաւ հայութեան փրկութեան եւ վերապրումի աշխատանքը: Եթէ այս սերունդը զլանար իր պարտականութեան մէջ, այսօր մենք հոս չէինք գտնուեր: Եթէ այս սերունդը շեղէր իր առաքելութենէն, այսօր անոնց գործը շարունակողներ պիտի չունենայինք մեր հաւաքական կեանքին մէջ եւ երաշխաւորուած պիտի չըլլար մեր հաւաքական գործի ու պայքարի շարունակութիւնը, յայտնեց Յակոբ Հաւաթեան:

Յակոբ Եափուճեան
Յակոբ Եափուճեան

Աւարտին խօսք առաւ Հայկազուն Եափուճեանի որդին` Յակոբ Եափուճեան, որ ըսաւ, թէ գիրքի վերահրատարակութիւնը ճիտի պարտքի նման բան մըն էր, որովհետեւ անոր առաջին հրատարակութիւնը թերի էր ու վրէպներով, ինչ որ անընդունելի պիտի ըլլար Հայկազուն Եափուճեանի համար, որուն մահէն ետք լոյս տեսած էր գիրքը: Ան դիտել տուաւ, որ գիրի ու գրականութեան նկատմամբ իր հօր ունեցած սէրը ամրապնդուած է  շնորհիւ անոր ուսուցիչին` Հայկ Պալեանին, սակայն ազգային ու կազմակերպական կեանքին մէջ, յատկապէս Էշրեֆիէի շրջանին մէջ, Հայկազուն Եափուճեանի ստանձնած պարտաւորութիւնները առիթ չտուին, որ ան կարենայ զբաղիլ իր սիրած գիր¬գրականութեամբ: Բայց եւ այնպէս Հ. Եափուճեան ազատ ժամերուն գրած է, հրատարակած է բանաստեղծութեան գիրք մը, կատարած է աշխատութիւններ, ունի բանաստեղծութիւններու գրքոյկ մը, ինչպէս նաեւ իր կեանքը ամփոփող «Տառապանքի եւ յոյսի ապրումներ» գիրքը:

Իր խօսքի աւարտին ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք տարբեր ձեւերով օժանդակած էին գիրքի հրատարակութեան:

Նախորդը

Լիբանանեան Պատերազմի 40-Ամեակին. Լիբանանցիք Կը Վերահաստատեն Պատերազմին Չվերադառնալու Իրենց Վճռակամութիւնը

Յաջորդը

Խմբագրական «Դրօշակ»-ի. Ապրիլի 24-ին Ընդառաջ Եւ Դրանից Յետոյ

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իսրայէլէն Ակնկալութիւններ Եւ Չապահովուած Երաշխիքներ

Օգոստոս 20, 2025
Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ  Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի  Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»

Օգոստոս 20, 2025
Սալամ Յորդանան Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Յորդանան Այցելեց

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?