Գլխաւոր լուրեր

DSC_8732-21

Հրանդ Մարգարեան. «Արցախի Հարցով Մեզ Համար Նահանջն Անթոյլատրելի Է»

Հարցազրոյցը` ԱՆԻ ԱԶԱՏԵԱՆԻ Վերջերս Արցախի մէջ տեղի ունեցած ՀՅԴ Միջմարմնական խորհրդաժողովին առիթով Արցախի մեր պաշտօնակից «Ապառաժ»-ը հարցազրոյց մը ունեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի հետ: Հարցազրոյցին մէջ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը գլխաւորաբար կ՛անդրադառնայ խորհրդաժողովին ընթացքին արծարծուած հիմնական հարցին` Արցախի հզօրացման եւ միջազգային ճանաչման համար թափուելիք ճիգերուն: Ստորեւ կու տանք հարցազրոյցը` ամբողջութեամբ: ՀԱՐՑՈՒՄ.- Արցախում առաջին անգամ էր, որ գումարուեց ՀՅԴ Միջմարմնական խորհրդաժողով:...

Ardzvig3.-2803

Սահմանադրական Դատարանը Սկսաւ Քննել Պարտադիր Կուտակային Համակարգի Վիճայարոյց Կէտերուն Սահմանադրականութիւնը

Սահմանադրական դատարանին մէջ երէկ սկիզբ առաւ «Կուտակային կենսաթոշակներուն մասին» օրէնքի շարք մը կէտերուն սահմանադրականութեան հարցին քննութիւնը: Դիմումը դատարան ներկայացուցած էին 4 ոչ իշխանական ուժեր ու «Դէմ եմ» նախաձեռնութեան անդամները: Անոնց հիմնական պահանջն էր` պարտադիր կուտակային համակարգի պարտադիր բաղադրիչը հակասահմանադրական ճանչնալը: Դիմողներն էին` իրաւապաշտպան Արտակ Զէյնալեան, ՀՅԴ պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան եւ «Դէմ եմ» նախաձեռնութեան իրաւաբան Մերի Խաչատրեան: Նիստին ներկայ էին նաեւ...

gasbar-karapetyan-1

Կարապետեան Եւրոպացի Ղեկավարներու Կոչ Ուղղեց Դադրեցնելու Քեսապի Վրայ Յարձակումը

Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան նամակ ուղարկեց Եւրոպական խորհրդարանի նախագահ Հերման Վան Ռոմփոյին, Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Խոսէ Մանուէլ Պարրոսոյին եւ Եւրոպական խորհրդարանի նախագահ Մարթին Շուլցին` Քեսապի վերջին իրադարձութիւններուն վերաբերեալ: «Կը ցանկանք ձեր ուշադրութիւնը գրաւել այս հարցին շուրջ եւ կը խնդրենք միջամտել ու դադրեցնել դարէ ի վեր հայերով բնակեցուած շրջանին վրայ յարձակումները», կը նշուի Գասպար Կարապետեանի նամակին մէջ: Ան...

Vehapar_Plumbly

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Հետեւի Քեսապահայութեան Խնդիրներուն

Լիբանանի Մէջ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի Ներկայացուցիչը  Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին Փլամպլի եւ Արամ Ա. Կաթողիկոս Ուրբաթ, 28 մարտ 2014-ի երեկոյեան վեհափառ հայրապետին այցելեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլի: Այցելութեան նպատակն էր վեհափառ հայրապետին հետ Քեսապի հարցին շուրջ խորհրդակցիլ: Յայտնենք, որ օր մը առաջ Նիւ Եորքէն հեռաձայնած էր ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի քաղաքական հարցերու պատասխանատու Ճեֆրի...

10150713_10200958260193590_1144462426_n

Խմբագրական. Ճգնաժամային Տեղեկատուութիւն

Հալէպէն ու Դամասկոսէն մինչեւ  Խրիմ, անցնելով Իրաքէն եւ Եգիպտոսէն վերադառնալու համար Քեսապ, ապահովական ցնցումներն ու անոնց զուգակցուած քաղաքական իրադարձութիւնները մեկնաբանելը հայկական լրատուական ոսպնեակներուն համար յաւելեալ ճիգ, կեդրոնացում, մաքրազտման մեքենականութիւն եւ արհեստավարժ համապատասխան աշխատանք կը պահանջէ: Ոչ միայն այն պարզ պատճառով, որ այս թէժ կէտերը առնչուած են նաեւ հայկական գործօնին հետ. կամ ալ այն բնական մղումի բացատրութեամբ, որ այնտեղ կան հայկական...

394e04a1992ab3cba23a00f0ce36f566

Ասատ Հանդիպում Ունեցաւ Հայաստանի Խորհրդարանական Պատուիրակութեան Հետ. Դամասկոսի Մէջ «Ազդակ»-ի Աշխատակիցին Տեղեկատուութիւնը

Սուրիա այցելած Հայաստանի Ազգային ժողովի խումբ մը պատգամաւորներ երէկ հանդիպումներ ունեցան Սուրիոյ նախագահ Պաշար Ասատի հետ: Դամասկոսի մէջ «Ազդակ»-ի աշխատակիցը, որ պատուիրակութեան կ՛ընկերակցէր, հաղորդեց, որ  պատուիրակութեան նախագահ Սամուէլ Ֆարմանեան յայտնեց, որ Հայաստան կը դատապարտէ թրքական օժանդակութեամբ Քեսապի մէջ տեղի ունեցած յարձակումը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Սուրիոյ իշխանութիւններուն` հայերուն հանդէպ իրենց ունեցած վերաբերմունքին համար: Իր կարգին, նախագահ Ասատ բարձր գնահատեց Հայաստանի դրական...

kesab-003

Քեսապի Իրադարձութիւններուն Առիթով. Բողոքի Ցոյց` Ընդդէմ ՄԱԿ-ի Անտարբերութեան

Լուսանկարը` ԳԱԲՐԻԷԼ ՓԱՆՈՍԵԱՆի Երէկ ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան եւ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ բողոքի ցոյց` Քեսապի իրադարձութիւններուն նկատմամբ ՄԱԿ-ի դրսեւորած անտարբերութեան առիթով: «Քեսապը մերն է` մերը պիտի մնայ», «Թուրքիա՛, ձեռքերդ հեռու՛ Քեսապէն» վանկարկումներով գործիչները ու Հայաստանի մէջ բնակող քեսապահայերը ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի շէնքէն երթով քալեցին դէպի ՄԱԿ-ի հայաստանեան գրասենեակ, ուր նամակ յանձնեցին կազմակերպութեան ներկայացուցիչին: Ցոյցի մասնակիցները...

23.2703-f

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Կ’առաջարկէ ՄԱԿ-ին Ապազինել Քեսապի Շրջանը

Հինգշաբթի 27 Մարտ 2014-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին հեռաձայնեց Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան ընդհանուր` քարտուղար Պան Քի Մունի քաղաքական հարցերու պատասխանատու Ճէֆրի Ֆելթմանը: Ան Վեհափառին յայտնեց, որ ՄԱԿ մտահոգ է Քեսապէն ներս ստեղծուած ապահովական կացութեամբ, աւելցնելով, որ ինք այս ուղղութեամբ հանդիպումներ ունեցած է Սուրիոյ տագնապին գծով, ՄԱԿ-ի եւ արաբական Լիկայի յատուկ պատուիրակ Լախտա0ր Իպրահիմիի հետ ինչպէս նաեւ տեսակցած է ՄԱԿ-ի...

100Com24March14-(27)-f

Լիբանանի Մէջ 100-Ամեակի Գլխաւոր Ծրագիրներու Քննարկում

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինի հերթական նիստը տեղի ունեցաւ երկուշաբթի, 24 մարտ 2014-ին, Պուրճ Համուտի Ազգային առաջնորդարանին մէջ: Մարմինին հրաւէրով նիստին կը մասնակցէր Լիբանանի մէջ 100-ամեակի գլխաւոր ծրագիրներու հովանաւոր Ալեքքօ Պէզիքեան: Մարմինի ատենապետը զեկուցեց ցարդ կատարուած աշխատանքներուն եւ 100-ամեակի տարուան ընթացքին նախատեսուած ծրագիրներուն մասին, որմէ ետք Ալեքքօ Պէզիքեան ներկայացուց Անթիլիասի Նահատակաց մատուռի վերանորոգման, Պիքֆայայի Նահատակաց հրապարակի, ինչպէս նաեւ Ժիպէյլի...

zina

Քեսապի Տագնապը ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Անմիջական Ուշադրութեան Առարկայ

Անցնող օրերուն, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն մտահոգութեամբ հետեւեցաւ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող զինուորական դէպքերու սաստկացման եւ թուրք-սուրիական սահմանին վրայ արձանագրուած թրքական նորագոյն ոտնձգութիւններուն, որոնց համար սուղ գին վճարեց հայաբնակ Քեսապ աւանը իր շրջակայ գիւղերով: Քեսապի շուրջ ծաւալած զինուորական գործողութիւններու առաջին ժամերէն իսկ Կեդրոնական կոմիտէն մնայուն կապի մէջ եղաւ Քեսապի, Լաթաքիոյ եւ Հալէպի պատասխանատու մարմիններու ներկայացուցիչներուն հետ` իրազեկ դառնալու համար դէպքերու...

Badviragoutioun

Արամ Ա. Կաթողիկոս Եւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութիւնը Մօտէն Կը Հետեւին Քեսապի Մէջ Ստեղծուած Կացութեան

- Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Ժողով Երեքշաբթի, 25 մարտին Արամ Ա. կաթողիկոսի նախագահութեամբ Ազգային կեդրոնական վարչութիւնը ունեցաւ իր արտակարգ նիստը, որուն ընթացքին վեհափառ հայրապետը լայնօրէն զեկուցեց Քեսապի մէջ տիրող կացութեան, այդ ուղղութեամբ իր տարած աշխատանքներուն եւ Լաթաքիոյ մէջ ապաստանած քեսապահայութեան դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին: Որոշուեցաւ ամէն գնով օգնութեան փութալ Քեսապի հայութեան: Ժողովէն ետք վեհափառ հայրապետը ըսաւ. «Քեսապի հայութեան օժանդակութիւնը այսօր մեզի համար...

IMAG0306

Ազգային Ժողովի Խումբ Մը Պատգամաւորներ Ժամանեցին Սուրիա

Հայաստանի Ազգային ժողովի խումբ մը պատգամաւորներ` Սամուէլ Ֆարմանեան, Արման Սահակեան, Նայիրա Կարապետեան, Թեւան Պօղոսեան, Էդմոն Մարուքեան եւ Լեւոն Մարտիրոսեան ժամանած են Սուրիա: Նշենք, որ Հայաստան վերադառնալէ ետք անոնք Ազգային ժողովին պիտի ներկայացնեն իրավիճակը: Միւս կողմէ, Հայաստանի Ազգային ժողովի Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան Ազգային ժողովի նիստի յայտարարութիւններուն ատեն իր դժգոհութիւնը յայտնեց Սուրիա մեկնած պատգամաւորական պատուիրակութեան կազմէն: Ան նշեց,...

Vehapar_S.Neshan26032014

«Հաւաքական Հաւատքով Ու Միասնական Ոգիով Պիտի Դիմագրաւենք Ամէն Տեսակ Տագնապ» Ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս

Չորեքշաբթի, 26 մարտ 2014-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս երկար տարիներու աւանդութեան համաձայն, այցելեց Ս. Նշան Մայր եկեղեցի, ընդառաջելով առաջնորդ սրբազանին եւ Ազգային իշխանութեան հրաւէրին: Վեհափառ հայրապետին կ՛ընկերանային գերաշնորհ եւ հոգեշնորհ հայրեր, ինչպէս նաեւ դպրեվանքի տեսչութիւնը եւ դպրեվանքի ուսանողութիւնը: Արեւագալի արարողութեան աւարտին, խօսք առնելով առաջնորդ սրբազանը բարի գալուստ մաղթեց վեհափառ հայրապետին եւ յանուն Լիբանանի հայոց թեմին իր երախտագիտութիւնը յայտնեց, որ հակառակ...

kesab090113-2

Ակնարկ. Քեսապ. 0 Ժամ. Տարհանում, Ապաստանի Եւ Օժանդակութեան Տրամադրում, Բայց Նաեւ Քարոզչաքաղաքական Աշխատանք

Քեսապի ուղղութեամբ երեք օրէ ի վեր իրականացուող ներթափանցման զինուորական գործողութիւնները, անկախ իրենց հետապնդած ռազմավարական առաջնային նպատակներէն, աղէտալի հետեւանքներ կ՛ունենան տեղւոյն հայ ազգաբնակչութեան համար: Պէտք է արձանագրել այստեղ, որ դէպի Քեսապ թրքական անցակէտերէ նախաձեռնուելիք նման թափանցման լայնածաւալ գործողութեան հաւանականութիւնը սուրիական պատերազմի առաջին օրերէն գոյութիւն ունէր հայկական կողմին համար: Երբ Թուրքիան բացայայտօրէն կը զինէ եւ կը ֆինանսաւորէ զինեալ խմբաւորումներ, ապա այս պարագային...

ANC-Int-logo-trans-f

Մամուլի Հաղորդագրութիւն

Կը դատապարտենք Քեսապի վրայ Թուրքիոյ ճամբով վերջին օրերուն կատարուած յարձակողական գործողութիւնները: Ամիսներէ ի վեր մենք կը զգուշացնէինք միջազգային համայնքը, թէ Սուրիոյ մէջ կռուող այս օտար ծայրայեղական կռուողները կը ներկայացնեն մեծագոյն վտանգը Սուրիոյ մէջ քրիստոնեայ փոքրամասնութեան համար: Հայաբնակ Քեսապ աւանի եւ շրջակայ գիւղերուն վրայ այս դաժան եւ չհրահրուած յարձակումները նորագոյն օրինակն են այդ բռնութեան, որ գործօն կերպով կը քաջալերուի դրացի Թուրքիոյ...

logo-AMN.-f

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբին Յայտարարութիւնը` Քեսապի Իրադարձութիւններուն Շուրջ

Ժապհաթ Նուսրա եւ Իսլամական ճակատ խմբաւորումներու` Քեսապի վրայ իրականացուած յարձակումը կազմակերպուած է Թուրքիոյ անմիջական մասնակցութեամբ: Կռիւներուն  ընթացքին խաղաղ բնակչութիւնը պաշտպանելու նպատակով թռիչքներ կատարած սուրիական պատերազմական օդանաւներէն մէկը վար առնուեցաւ թրքական օդուժին կողմէ: Թուրքիոյ հետ սահմանակից Քեսապի վրայ յարձակումը սկսած էր տակաւին 21 մարտին: Իրավիճակը քիչ մը կայունանալէն ետք անակնկալ կերպով տրուած էր շտապ տարհանումի հրաման: Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը այս...

5827_b

Սարգսեան. «Քեսապի Հայերուն Այսօրուան Տեղահանութիւնը Լրջագոյն Մարտահրաւէր Է»

Նախագահ Սարգսեան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան Քեսապի իրադարձութիւններուն մասին Լա Հէյի համաժողովներուն կեդրոնին մէջ հանդէս եկաւ մամուլին համար յայտարարութեամբ, ուր մասնաւորապէս ըսուած է. «Մենք բոլորս շատ լաւ կը յիշենք Քեսապի պատմութիւնը, որ վերջին հարիւրամեակի ընթացքին, ցաւօք, հարուստ է հայերու տեղահանման դժոխային իրողութիւններով», ըսած է նախագահ Սահակեան: Ան նշած է, որ առաջին ծանր պատուհասը Քեսապի շրջանին համար 1909 թուականին էր,...

salam_Tashnag_party.2403

ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէն Այցելեց Վարչապետ Թամմամ Սալամին

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին ընկերներ Յակոբ Խաչերեան, Սեպուհ Յովնանեան եւ Աւետիս Կիտանեան, ընկերակցութեամբ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, երէկ այցելեց վարչապետ Թամմամ Սալամի: Վարչապետարանին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:  

1959702_298005327018146_606069258_n

Ծովափի Հայութեան Շտապի Օգնութեան Գործադիր Մարմինը Ոգի Ու Բռին Կ՛աշխատի Օժանդակել Քեսապէն Լաթաքիա Ապաստանած Հայութեան

PERIO NEWS կը հաղորդէ, որ ուրբաթ, 21 մարտ 2014-ին Քեսապի վրայ եղած յարձակումին հետեւանքով Քեսապցի քապաստան գտան Լաթաքիա, որոնցմէ մաս մը տեղաւորուեցաւ իրենց հարազատներուն մօտ, իսկ ուրիշներ Առաքելական Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ յարակից սրահներուն մէջ, ուր ամէն տեսակի օժանդակութիւն ցուցաբերուեցաւ: Ծովափի հայութեան (ԼԱԹԱՔԻԱ ՔԵՍԱՊ) շտապ օգնութեան գործադիր մարմինը, Սուրիական Կարմիր մահիկը, պետական կառոյցները, հայկական միութիւնները եւ եկեղեցին մեծ ջանքեր կը գործադրեն գաղթական քեսապահայութեան օժանդակութեան համար` անոնց բաժնելով ուտելիք, անկողին, ծածկոցներ եւ ամէնտեսակի կենսական նիւթեր:

kessabdowntown

«Ընդունիլ Որպէս Կոչ»

Սուրիոյ պատերազմի անցնող երեք տարիներու ընթացքին, թէեւ Քեսապը ապրեցաւ տագնապի ելեւէջները, սակայն Քեսապը համեմատաբար կը շարունակէր մնալ ապահով: Տեղի կ՛ունենային թափանցման փորձեր, որոնց կը յաջողուէր ետ մղել: 21 Մարտ 2014ին հրաձգութիւնները սկսան, որոնք աստիճանաբար զարգացան: Առաւօտեան ժամը 5:45-ին արդէն զինեալ խմբաւորումներ իրենց արձակազէնները զետեղած էին ու թրքական բանակին հրթիռով պայթեցուցին Կասիոս լերան բարձունքին վրայ գտնուող ամէնէն մօտ ոստիկանատունը, որ համարեա՛...

Page 860 of 885 1 … 859 860 861 … 885