Ջաւախքի Շաբթուան Ձեռնարկներուն Ծիրին Մէջ. «Տէր Կանգնինք Ջաւախքին» Կարգախօսով Ուսանողական-Երիտասարդական Հանդիպում
Ջաւախքի նուիրուած շաբթուան ձեռնարկներուն ծիրին մէջ, երէկ` հինգշաբթի, 3 ապրիլ 2014-ի երեւկոյեան ժամը 8:00-ին, երիտասարդական հանդիպում մը տեղի ունեցաւ «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ: ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան քարոզչական յանձնախումբին կազմակերպուած այս ձեռնարկին բացումը ԶՈՄ-ի անունով կատարեց Շաղիկ Յովսէփեան, որ անդրադարձաւ այս ձեռնարկի կազմակերպման շարժառիթներուն` ամփոփ ձեւով ներկայացնելով Ջաւախքի պատմականն ու այժմու իրավիճակը: Ջաւախքին առնչուող մարտահրաւէրներուն գծով, Յովսէփեան մտահոգութիւն յայտնեց, որ...

















