Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայոց Ցեղասպանութեան Հարցին Շուրջ Հարցազրոյց` Թուրք Փաստաբան Մեթր Էրտալ Տողանի Հետ

April 1, 2014
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter
Հրանդ Գասպարեան, Էրտալ Տողան եւ Վահրամ Էմմիեան
Հրանդ Գասպարեան, Էրտալ Տողան եւ Վահրամ Էմմիեան

Շաբաթ, 29 մարտ 2014-ին, «Ազդակ»-ի «Արսէն Չաղլասեան» ժողովասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ հարցազրոյց մը` թուրք փաստաբան մեթր Էրտալ Տողանի հետ, մասնակցութեամբ պոլսահայ լրագրող Հրանդ Գասպարեանի: Զրոյցը վարեց «Ազդակ»-ի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան:

Հարցազրոյցին ընթացքին արծարծուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան հարցով Թուրքիոյ կիրարկած ժխտողական քաղաքականութիւնը, ցեղասպանութեան փոխհատուցման հարցը եւ Թուրքիոյ մէջ այլախոհներու երեւոյթը:

Մեթր Տողան Մալաթիոյ Զիրվէ հրատարակչատան երեք միսիոնարներու սպանութեան դատի փաստաբանն է, Հրանդ Տինքի նախկին փաստաբանը, 1938-ի Տերսիմի կոտորածի դատը ՄԱԿ-ի մօտ պաշտպանող եւ թրքական «Թարաֆ» օրաթերթի յօդուածագիր:

Խօսելով Թուրքիոյ ժխտողական քաղաքականութեան մասին` մեթր Տողան նշեց, որ փոխհատուցումէն առաջ կարեւորը այն է, որ Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադրութիւնը սխալ հիմքերու վրայ եղած է: Ան նշեց, որ Թուրքիա կրնայ Հայոց ցեղասպանութեան հարցով հատուցում վճարել եւ ունի այդ ուժը, իսկ տարածքային պահանջը «խնդիր չէ»: Ան ըսաւ, որ «թրքական պետութիւնը 100 տարիէ ի վեր իր ժողովուրդին սուտ խօսած է»:

Մեթր Տողան յայտնեց, որ ներկայիս Թուրքիոյ մէջ կը գործէ ներքին տինամիզմ մը, եւ Թուրքիա պէտք է փարատէ «վատ սփիւռքի» տեսակէտը, որուն մէջ սփիւռքահայութիւնը այդ առումով իր կատարելիք աշխատանքը ունի:

Ան նշեց, որ «գոյութիւն ունի ցեղասպանութենէն ետք 3-րդ սերունդ մը, որ ինքզինք կը ներկայացնէ իբրեւ մարաշցի եւ ուրֆացի», ինչ որ ցուցանիշ է հողին կապուածութեան, բան մը, որմէ անտեղեակ է թրքական հասարակութիւնը, որովհետեւ սփիւռքը թուրքին անհասկնալի լեզուներով ինքզինք կ՛արտայայտէ, եւ այդ տեղեկութիւնը թրքական հասարակութեան չի հասնիր: Թուրք փաստաբանը կը նշէ. «Եթէ սփիւռքահայութիւնը իր ցաւերը եւ պահանջները 15 տարի առաջ թրքերէնով արտայայտած ըլլար, այսօր այլ տեղ պիտի գտնուէինք»: Ասկէ մեկնելով` ան թրքերէնով սփռուող հայկական պատկերասփիւռի կայանի մը կարեւորութիւնը շեշտեց:

Հարցազրոյցի վերջաւորութեան Էրտալ Տողան պատմեց, թէ ինչպէ՛ս իր ալեւի մեծ հօր ցեղախումբը ցեղասպանութեան ընթացքին ՀՅԴ-ի զինեալ խումբերուն հետ հայ բնակչութիւնը փոխադրած է Արեւելեան Հայաստան եւ այդ քայլը ցեղախումբին համար ի՛նչ հետեւանք ունեցած է:

Հարցազրոյցին տեսերիզը յառաջիկային պիտի զետեղուի «Ազդակ»-ի կայքին վրայ:

 

Նախորդը

Քանատայի Դեսպանը Այցելեց Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ

Յաջորդը

Ըստ «Աֆթենփոսթըն»-ի. Նորվեկիոյ Նախկին Վարչապետը Պիտի Փոխարինէ Ռասմուսենը

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.