Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 5 օգոստոսին Ստեփանակերտի օդակայանին մէջ դիմաւորած է Համահայկական 7-րդ ամառնային խաղերու շրջագիծին մէջ Արցախ հասած Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը:
Նոյն օրը, Ստեփանակերտի մէջ, տեղի ունեցած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպումը: Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան ընդհանուր վարչութենէն կը փոխանցեն, թէ հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են հայկական երկու պետութիւններու փոխադարձ գործակցութեան վերաբերող հարցեր:
Այնուհետեւ Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցած է ժողովրդային հաւաք: Համահայկական խաղերուն ընդառաջ Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ հաւաք կազմակերպելու նպատակն է ուղերձ յղել հայութեան, անդրադարձ կատարել քանի մը կարեւոր հարցի: Վերածնունդի հրապարակին վրայ` իր ելոյթին մէջ` այս մասին, ըստ «Արմէնփրես»-ի, նշած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:
«Կը խօսուի, թէ 2018-ին տեղի ունեցած յեղափոխութիւնը նոր իրողութիւններ հաստատած է Հայաստանի մէջ: Կը խօսուի, որ այս նոր իրողութիւնները իրենց ուղղակի ազդեցութիւնը պէտք է ունենան սփիւռքի եւ Արցախի կեանքին վրայ: Այսօր կը քննարկուի, թէ ինչպիսի՛ն պէտք է ըլլայ այդ ազդեցութիւնը: Այդ պատճառով նախ պէտք է գնահատել յեղափոխութեան էութիւնը», ըսած է Նիկոլ Փաշինեան: Ան ընդգծած է, որ 2018-ի իրադարձութիւնները կը կոչուէին ոչ բռնի, թաւշեայ, ժողովրդական յեղափոխութիւն: Ըստ անոր, անուանումը կը խօսի այն մասին, որ ինչպէս որ ծրագրուած էր, այնպէս ալ յեղափոխութիւնը իրականացուեցաւ ոչ բռնի միջոցներով:
«Ժողովրդական բառը կ՛ընդգծէ ժողովուրդը, որ հանդէս եկաւ իբրեւ յեղափոխութեան շահառու: Ո՞ր ժողովուրդին մասին է խօսքը, արդեօք խօսքը միայն Հայաստանի ժողովուրդին մասի՞ն է: Այս հարցին պատասխանը կու տայ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեան նախաբանը», ըսած է վարչապետ Փաշինեան:
Փաշինեան նշած է, որ Սահմանադրութեան նախաբանով կ՛արձանագրուի, թէ ո՛վ է Հայաստանի սեփականատէրը: Ըստ անոր, արձանագրութիւնը միանշանակ է` հայ ժողովուրդն է իրաւատէրը, իր ճակատագիրը որոշողն ու անոր պատասխանատուն: Ասիկա գիտակցութիւն մըն է, որ նստած է իւրաքանչիւր հայու մէջ:
Նիկոլ Փաշինեանի համաձայն, յեղափոխութեան օրերուն արցախցին կրցաւ ամուր կայունութիւն ապահովել առաջնագիծին վրայ, որ աննկարագրելի զօրութիւն եւ վստահութիւն տուաւ Հայաստանի յեղափոխութեան: Առաջնագիծին վրայ ցանկացած սադրանք կրնար գլխիվար շրջել գործողութիւններուն տրամաբանութիւնը եւ տանիլ անկանխատեսելի հետեւանքներու: Փաշինեան ընդգծած է, որ եթէ յեղափոխութենէն առաջ եւ ետք Հայաստանը կանգնած է Արցախի թիկունքին, ուստի 2018-ի յեղափոխութեան ժամանակ Արցախը կանգնեցաւ Հայաստանի ու յեղափոխութեան թիկունքին` մեծ ուժ տալով այդ հոլովոյթին: Ատիկա չափազանց բարձր գնահատանքի արժանի իրողութիւն է:
Վարչապետ Փաշինեան դիտել տուած է, որ համահայկականութեան կարեւոր դրսեւորումներէն մէկը պէտք է ըլլայ ուժերու մէկտեղումը ընդհանուր նպատակներու իրագործման համար, իսկ ընդհանուր նպատակը պէտք է ըլլայ միայն ու միայն Հայաստանի եւ Արցախի զարգացումը: «Կ՛ողջունեմ աշխարհի հպարտ հայութիւնը եւ կ՛ուզեմ ոգեկոչել այն կարգախօսը, որով 1988-ին կը թնդար Վերածնունդի այս հրապարակը` «Միացում, միացում», ըսաւ Հայաստանի վարչապետը:
Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ իր ելոյթին ընթացքին Հայաստանի վարչապետը նշեց, որ պատեհ կը նկատէ համազգային քննարկման ներկայացնել ռազմավարական նպատակադրումներու աշխատանքային տարբերակը, խնդիրներ, որոնք Հայաստանի Հանրապետութիւնը պէտք է կարենայ լուծել մինչեւ 2050 թուական:
«Ըստ այդմ, մինչեւ 2050 թուական պէտք է կարենանք լուծել հետեւեալ խնդիրները. Հայաստանի բնակչութիւնը հասցնել առնուազն 5 միլիոն մարդու, ստեղծել 1 միլիոն 500 հազար աշխատատեղ, լուծել 2,5 միլիոն մարդու զբաղուածութեան հարց եւ վերացնել աղքատութիւնը, Հայաստանը դարձնել արդիւնաբերական երկիր, տասնհինգապատկել Հայաստանի համախառն ներքին արդիւնքը, ունենալ 10 միլիառ տոլարի արժէքը գերազանցող առնուազն 5 հայկական արհեստագիտական ընկերութիւն եւ 10 հազար աշխատող նորաստեղծ ընկերութեան, եօթնապատկել միջին աշխատավարձը, բանակի մարտունակութեան ցուցանիշով տեղ գրաւել աշխարհի յառաջատար երկիրներու առնուազն առաջին քսանեակին մէջ, ունենալ աշխարհի տասը ամէնէն արդիւնաւէտ հետախուզական ծառայութիւններէն մէկը, ապահովել առողջապահական ծառայութիւններու 100 տոկոսնոց հասանելիութիւն եւ առողջապահութեան ֆինանսաւորումը քսանապատկել, կրթութիւնը դարձնել ազգային ապրելակերպ, կրթութեան եւ գիտութեան ֆինանսաւորումը քսանապատկել, Հայաստան այցելող զբօսաշրջիկներուն թիւը հասցնել 15 միլիոնի, Հայաստանի ֆութպոլի հաւաքականը դարձնել Եւրոպայի եւ/կամ աշխարհի առաջնութեան մետալակիր, նուաճել 25 ողիմպիական ոսկիէ մետալ եւ դառնալ ճատրակի աշխարհի անհատական ախոյեանը», ընդգծած է վարչապետ Փաշինեան:
Վարչապետին համաձայն, շատերը պիտի հարցնեն` իսկ ինչո՞ւ Արցախի մասին ոչինչ ըսուած է. «Պատասխանը շատ պարզ, որովհետեւ Արցախը Հայաստան է եւ վե՜րջ»:
Բակօ Սահակեան. «Արցախի Բռնած Ուղին Անշրջելի Է»
Արցախի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ Համահայկական 7-րդ մարզախաղերը տեղի պիտի ունենան բարձրագոյն մակարդակով: Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ այս յայտարարութիւնը կատարեց Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան:
«Ես ներկայ եղած եմ փորձերուն, համոզուած եմ ու վստահաբար կրնամ ըսել, թէ կազմակերպիչները մեզի պիտի պարգեւեն հաճելի, հետաքրքրական, տպաւորիչ, յիշարժան պահեր: Այդ ներկայացումը բաղկացած է նաեւ բեմականացուած հատուածէ, ուր կը նկարագրուի, թէ ո՛վ են հայերը, ինչո՛ւ համար եկած են այս աշխարհ եւ ի՛նչ առաքելութեամբ: Այսօր կ՛ուզեմ խօսիլ այդ առաքելութեան Արցախին ինկած բաժնեմասէն: Մենք չենք թաքցուցած, որ մեր մէջ կը կրենք մեծագոյն յարգանք մեր նախնիներուն նկատմամբ: Անոնք այս դարերուն ընթացքին մաքառած են, շրջանցած են բազում փորձութիւններ ու մեզի փոխանցած են սուրբ երկիր: Անոնք պատգամած են, որ այս երկրի գերագոյն արժէքը մարդն է ու մարդասիրութիւնը», ըսած է Բակօ Սահակեան:
Անոր համաձայն, այդ իսկ գիտակցութեամբ, այդ աշխարհընկալումով, տարիներ առաջ արցախցիները ելան ոտքի ու ի լուր աշխարհին յայտարարեցին, թէ պիտի չհանդուրժեն, պիտի չհամակերպին ազգային արժանապատուութեան ոտնահարման:
«Առաջինը արձագանգած է Հայաստանն ու աշխարհասփիւռ հայութիւնը, ու այդ ժամանակէն սկսեալ Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռամիասնութիւնը ընդունած ենք իբրեւ մտածելակերպ, կենսակերպ: Այդ նոյն եռամիասնութեամբ յաղթահարած ենք պատերազմի ընթացքին ստացած խոր վէրքերը, իրագործած ենք ու կ՛իրագործենք բազմաթիւ ծրագիրներ: Այդ եռամիասնութեան շնորհիւ թեւակոխած ենք կայուն փուլ: Ըսած ենք, թէ հայ ժողովուրդի մեծագոյն սխրագործութիւններէն մէկը արցախեան շարժումն է: Այսօր` այստեղ եւս կը յայտարարեմ, թէ Արցախը պատրաստ է իր բաժին առաքելութիւնը հաստատակամութեամբ կատարելու` ստեղծելու նախադրեալներ յաջորդ յաղթանակներուն համար: Ողջունելով Հայաստանի վարչապետը` մեր քոյրերուն, եղբայրներուն կ՛ուզեմ ըսել, թէ մեր ընտրած ուղին անշրջելի է: Մենք պիտի երթանք մեր առաջադրանքներու եւ երազանքներու ետեւէն, հետեւողականօրէն աշխատանքներ պիտի իրականացնենք Արցախի միջազգային ճանաչման համար ` մօտենալով միացեալ հայրենիք ունենալու մեր երազանքին», ըսած է Բակօ Սահակեան: