«Զուարթնոց» Յատուկ Դաստիարակութեան Կեդրոն. Նաւակատիք` Նորակառոյց Նստավայրի
Լիբանանի Հայ համայնքի ընկերային ծառայողներու միութեան հովանաւորութեամբ գործող «Զուարթնոց» յատուկ դաստիարակութեան կեդրոնի նորակառոյց նստավայրին նաւակատիքը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 9 յուլիս 2022-ին, նախկին Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարանի մանկապարտէզի շէնքին մէջ: Միաժամանակ կատարուեցաւ «Զուարթնոց» կեդրոնի հիմնադրութեան 35-ամեակի հանդիսութիւնը: Լիբանանի հայ համայնքապետերու հովանաւորութեամբ կայացած ձեռնարկին ներկայ էին` Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան, հայ կաթողիկէ համայնքի Պէյրութի թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ Ասատուրեան,...



















