Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Լիզպոնի Պատգամներուն Դէմ Բացուած Համազարկը (Լիզպոնի Գործողութեան 43-Ամեակ)

July 25, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիզպոնի գործողութիւնը, յեղափոխական աւանդներու վերադարձի կարգախօսով իրականացուած շարքերուն մէջ եզակի էր ոչ միայն իր ոճով, տարողութեամբ եւ անգերազանցելիութեամբ, այլ նաեւ առաջադրանքային յաւելումով: Մինչեւ այդ հիմնականին մէջ միջազգային լռութեան պատը քանդելու միտուած արարքներով կը բնութագրուէին հերոսական առարկայացումները: Լիզպոնի տղոց պարզ, ոչ փողերային եւ համեստ ուղերձներուն մէջ կարմիր թելի նման կ՛անցնէր իրաւունքներու վերականգնման  նպատակը, որ տրամաբանական շարունակութիւնն էր լռութեան պատի քանդումին:

Այդ իրաւունքները ` անհատական, համայնքային թէ տարածքային, հայ ժողովուրդինն էին, որ այդ օրերուն չունէր պետութիւն, անկախ հանրապետութիւն: Այդ իրաւունքները նաեւ անկախ պետականութիւն ունենալու կը վերաբերէին, գերիշխանութիւն վաստակելու եւ բոլոր պետութիւններուն համահաւասար ճանչցուելու, արարելու եւ զարգանալու:

Լիզպոնը ոչ միայն լռութեան պատի քանդումին յաջորդած պատմական արդարութեան վերականգնումն էր: Այդ պատմականութեան մէջ անկախ Հայաստանի վերականգնումը եւս իբրեւ նպատակ առկայ էր:

Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացումէն ետք  իրաւունքներու վերականգնումը, սկսելով Ցեղասպանութեան հետեւանքներու վերացումէն, սկզբունքով, պիտի ստանձնէր պետութիւնը: Անկախ պետութիւնը: Ժամանակ պէտք էր, որ Ցեղասպանութեան ճանաչումը, որ առաջին իշխանութեան օրով դուրս եկած էր արտաքին քաղաքականութենէն, վերադառնար պետական օրակարգ: Ժամանակ պէտք էր, որ պետական բարձրագոյն ամպիոնէն հնչէր Սեւրի եւ Իրաւարար վճիռի այժմէական եւ իրաւական նշանակութեան մասին յայտարարութիւն: Ժամանակ պէտք էր, որ որդեգրուէր հատուցման թղթածրարի պատրաստութեան անհրաժեշտութիւնը ընդգծող Համահայկական հռչակագիր: Ժամանակ պէտք էր տակաւին, որպէսզի Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի կառոյցը պետական որոշումով սկսէր վերափոխուիլ Համազգային խորհուրդի, որուն առաջին պարտականութիւններէն պիտի ըլլար հատուցման իրաւական թղթածրարի պատրաստութիւնը:

Այս ժամանակը վերադարձաւ ի շրջանս իւր: Հսկայական նահանջ արձանագրուեցաւ` Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը առաջնային օրակարգ չնկատելով, Սեւրն ու Իրաւարար վճիռը հայդատականութիւն եւ առաւելապաշտութիւն համարելով, նոյնիսկ` պատերազմի վտանգը մօտեցնող խօսոյթ նկատելով, հատուցման մասին ոչ թէ ակնարկ չկատարելով, այլ այդ յղացքն անգամ հակապետական դիրքորոշում ընկալելով: Իսկ Համազգային խորհուրդը իրողապէս չեղարկուեցաւ «իրական Հայաստան»-ի գաղափարախօսութիւնը պետականացնելով:

Լիզպոնի գործողութեամբ հանրահռչակուած ուղենիշերը այս ձեւով ոչ միայն դուրս մղուեցան պետական դաշտէն, այլ նաեւ հսկայական ճիգ գործադրուեցաւ, որ անոնք դուրս մղուին նաեւ հայրենի հասարակութենէն:

Լիզպոնեան ուղերձներուն դուրս մղումի քաղաքականութիւնը բաժանարար էութիւն ունի ոչ միայն հայրենիք-սփիւռք գիծին, այլ նաեւ ներհայաստանեան եւ ներսփիւռքեան մակարդակներու վրայ: Իրականի եւ վերականգնելիի այս պառակտիչ հակադրումի փորձերը չէզոքացնելու հրամայականին առջեւ կանգնած է ամբողջ ազգը: Կանխարգիլելու` այս ուղեգիծին հասարակական դաշտի գրաւումի հետեւողական փորձերը:

Ճակատագրորոշ ջրբաժան է Սահմանադրութեան փոփոխութեան հանրաքուէն: Հո՛ն է, որ ժողովուրդը պէտք է մերժէ պառակտումը, «Ո՛չ»-ին մէջ ամրագրելով  պարտադրուող փոփոխութեան մերժումը: Լիզպոնի տղոց պարզունակ եւ ռոմանթիք ոճով փոխանցած պատգամները  հասան մինչեւ 1990, Անկախութեան հռչակագիրի տողերուն մէջ իբրեւ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումի սատարում, պատմական արդարութեան վերականգնում եւ  համայն հայութեան իղձերու կենսագործում:  Անկախութեան հռչակագիրի այդ բաժինները իրաւական բանաձեւումն են եւ պէտք է շարունակեն մնալ Լիզպոնի տղոց ամէնէն համեստ ըսելաձեւերով յայտարարած նպատակներուն: Որոնց համար անոնք զոհաբերեցին իրենց կեանքերը:

Նախորդը

Բագրատունի. «Իսրայէլ Հայոց Ցեղասպանութեան Հարցը Օգտագործեց Իբրեւ Թուրքիոյ Վրայ Ճնշման Գործիք»

Յաջորդը

Աղեղնաբառ Թիւ 251-ի Լուծում

RelatedPosts

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ  Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին,  Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»
Գլխաւոր լուրեր

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին, Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»

November 2, 2026
Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ  Զանգուածային Ցոյցեր
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ Զանգուածային Ցոյցեր

November 2, 2026
Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա»  Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու  Ներկայացուցիչներուն Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա» Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչներուն Հետ

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.