Ինչպէ՞ս Ծնաւ Գիրը
Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Գիրերու ստեղծումէն առաջ բանաւոր պատմութիւնները կը պատմուէին եւ կը փոխանցուէին սերունդէ սերունդ: Երբ գիրը կը ծնի, մարդիկ կարելիութիւնը կ՛ունենան հաշիւներ կատարելու եւ իրենց գիտութիւններէն հետքեր ձգելու: Գլխագիր Պ-ով Պատմութիւնը այդ ժամանակ կը սկսի: Սակայն ո՞վ հնարած է գիրը: * * * Շումերները Միջագետքի մէջ, ներկայի` Իրաքը, ապրող ժողովուրդ էին: Այս ժողովուրդը այդ շրջանին մէջ ապրած է...











