50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 13 ՄԱՅԻՍ 1961 )
ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻ ՓԱՌԱՏՕՆԸ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-Ի ՄԷՋ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ԲԱԶՄՈՒԹԻՒՆԸ ԴԺՈՒԱՐՈՒԹԵԱՄԲ ԲԱԺՆՈՒԵՑԱՒ ՍՐԱՀԷՆ Ժամը 12։00 եղած էր, բայց ժողովուրդը, առանց «Սուրերու պարը» լսելու, երեք գիշեր չէր ուզեր բաժնուիլ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի սրահէն, ուր աշխարհահռչակ երգահան Արամ Խաչատուրեան արուեստի պատարագ մատոյց` իր ճպոտի կախարդանքին տակ պահելով երաժշտասէրներու միջազգային բազմութիւնը: Սրահը կը թնդար ծափահարութիւններու անդադրում տարափով, ու վերջապէս, «Սուրերու պարը» եկաւ փառքի պսակը հանդիսանալու նուագահանդէսի մը, որուն ընթացքին...