1 ՅՈՒՆԻՍ` ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՕՐ. ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՆ ԱԼ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐ ՈՒՆԻՆ
1 յունիսին աշխարհը կը տօնէ մանուկներու միջազգային օրը, երբ կը խօսուի անոնց իրաւունքներուն, կարիքներուն, ապահով ու բարեկեցիկ կեանք ունենալուն մասին: Այժմ մեզի համար բացայայտ է, որ մանուկ մը իրաւունքը ունի արտայայտուելու, ուսում ստանալու, բուժուելու... Սակայն այս վիճակը միշտ գոյութիւն չէ ունեցած: Դարերու ընթացքին մանուկները ոչ մէկ իրաւունք ունէին. մանուկը ամբողջական անձ մը չէր սեպուեր. մարդիկ կրնային զայն լքել, շահագործել, գէշ...