50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 28 ԱՊՐԻԼ 1961 )
ԱՊՐԻԼ 24-Ի ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՄԷՋ Ապրիլեան եղեռնի 46-րդ տարեդարձը երկիւղած յարգանքով տօնուեցաւ Լիբանանի հայութեան կողմէ: Հայկական բոլոր վարժարաններն ու վաճառատուները ամբողջ օրը փակ մնացին, եւ ժողովուրդը լեցուց եկեղեցիները` ջերմեռանդօրէն աղօթելու մեր բիւրաւոր նահատակներու հոգւոյն համար: Անթիլիասի մայր տաճարին մէջ, հանդիսադրութեամբ Զարեհ Ա. կաթողիկոսի, տեղի ունեցան եկեղեցական վեհաշուք արարողութիւններ: Պատարագիչն էր Գարեգին վրդ. Սարգիսեան: Եկեղեցական արարողութենէն ետք տեղի ունեցաւ հոգեհանգիստ` Նահատակաց...