Այլազան

Փորձ-Հարցարան. Ինչպիսի՞ Գնող Մըն Էք

Բոլորս ալ օրական գնում կ՛ընենք, սակայն ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞սը անձէ անձ կը տարբերի: Պատասխանեցէք փորձ-հարցարանին, ապա կարդացէք արդիւնքը` իմանալու համար, թէ դուք ինչպիսի՞ գնող մըն էք: 1 Ապրանք մը աւելի դիւրին կը գնէք, եթէ` ա.- Որակաւոր վաճառանիշի պիտակ մը կը կրէ: բ.- Նորութիւն է: գ.- Բնապահպանման ապահովութիւններ կը ներկայացնէ: դ.- Անոր ծանուցումը` պատկերասփիւռէն, տպաւորած է ձեզ: ե.- Ձեր բարեկամուհիները յանձնարարած...

50 Տարի Առաջ ( 25 Հոկտեմբեր 1962 )

Հայաստան Երեւանի Աղի Հանքերը Բնութեան մէջ շատ աղեր կան: Այսուհանդերձ, ժողովուրդը աղ ըսելով` կը հասկնայ կերակուրին աղը, որ բաղկացած է այնպիսի տարրերէ, որոնք առանձինն վնասակար են կեանքին համար: Մինչդեռ յայտնի է, թէ առանց կերակուրի աղին` կարելի չէ ապրիլ: Հազիւ եղած է, թէ 1 տարուան ընթացքին  ամէն մարդ կը գործածէ 7 քիլօ աղ: Աղին բնախօսական ազդեցութիւնը մարմնակազմին վրայ շատ մեծ է:...

50 Տարի Առաջ ( 24 Հոկտեմբեր 1962 )

Հայկական Կեանք Կեսարիա Եւ Շրջանները Մնացին Առանց Քահանայի Տ. Հայկազուն Կարապետեան Վերջնականապէս Պոլիս Կը Հաստատուի Պոլսոյ «Մարմարա» թերթին մէջ կը կարդանք.- Կեսարիոյ ժրաջան հոգեւոր հովիւ Հայկազուն Ա. քհնյ. Կարապետեան անցեալ օր Պոլիս գալով` պատրիարք հօր ներկայացած եւ մանրամասն տեղեկութիւններ հաղորդած է գաւառի այն քաղաքներու հայ համայնքներուն մասին, որոնց այցելութեան ղրկուած էր վերջերս առժամաբար, ի շարս` Մովսէս եւ տ. Յարութիւն քահանաներուն:...

50 Տարի Առաջ ( 23 Հոկտեմբբեր 1962 )

Հայկական Կեանք Դաշնակցութիւնը Կը Զօրանայ Եւ Կը Վերանորոգուի Ամերիկայի Մէջ Նոր Կոմիտէներ Եւ Ուխտեր «Հայրենիք»-ի մէջ (19 հոկտեմբեր) կը կարդանք.- ՀՅԴ Հիւս. Ամերիկայի կեդրոնական կոմիտէութեան եւ Հայ երիտասարդական  դաշնակցութեան Կեդր. վարչութեան նոր դիմումներ կատարուած են վերջին ամիսներու ընթացքին` անցնելու համար ՀՅ Դաշնակցութեան շարքերը եւ ծառայելու համար հայ ժողովուրդին ու Հայ դատին: Մենք առիթը պիտի ունենանք այս նոր դիմումներուն ու կազմուած...

50 Տարի Առաջ ( 22 Հոկտեմբեր 1962 )

Հայկական Կեանք Տիթրոյիթի Նորակառոյց Եկեղեցիին Օծումն Ու Նոր Դպրոցի Բացումը Ներկայ Կ՛ըլլան Նահանգապետը Եւ Պետական Անձնաւորութիւններ ------------------------------------------ Տեղւոյն Վրայ Կը Հանգանակուի 45 Հազար Տոլար Տիթրոյթէն (Միացեալ Նահանգներ) կը գրեն 16 հոկտեմբեր թուականով.- Տիթրոյթի ազատատենչ հայութիւնը նուիրեց աւելի քան 45,000 տոլար, այս հանդիսաւոր առիթով: Եկեղեցւոյ օծումը եւ հայկական դպրոցի բացումը տեղի ունեցան այսօր` կիրակի, առաւօտ ժամը 9:30-էն սկսեալ, մինչեւ կէսօրէ ետք...

Միլիառաւոր Ադամանդներ

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Սիպերիոյ մէջ գոյութիւն ունի ադամանդներու հսկայական հանք մը: Կ՛ըսուի, թէ անիկա կը պարունակէ աշխարհի բոլոր հանքերուն մէջ գտնուող ադամանդներէն աւելի շատ ադամանդ: Սիպերիա Ռուսիոյ մաս կը կազմէ եւ կը գտնուի Ասիոյ հիւսիսը: Այս ընդարձակ շրջանին արեւելքն է, որ կը գտնուի ադամանդի հսկայական հանք մը` Փոփիկայիի հանքը: Անիկա փորուած է 35 միլիոն տարիներ առաջ, երկնաքարի մը անկումէն...

50 Տարի Առաջ ( 20 Հոկտեմբեր 1962 )

Խմբագրական Հերոսական Հաճընը (Իննամսեայ Հերոսամարտի 43-րդ Տարեդարձին Առթիւ) Վաղը` կիրակի, 21 հոկտեմբեր, կ. ե. ժամը 4-ին, Պուրճ Համուտի Ժողովրդային Տան սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ յիշատակի հանդէս` Հաճընի իննամսեայ հերոսամարտի 43-րդ տարեդարձին առթիւ: Հաճնոյ «Գոյամարտ» միութեան կողմէ կազմակերպուած այս հանդէսը, որ ամէն տարի այս օրերուն, կը վերածուի յարգանքի արտայայտութեան խորհրդանշական ցոյցի մը, կոչուած է ոգեկոչելու յիշատակը այն հերոսներուն, որոնք ինը...

50 Տարի Առաջ ( 19 Հոկտեմբեր 1962 )

Հայաստան Նոր Եւ Արժէքաւոր Հնութիւններ Արին բերդին (Էրեբուն) պեղումներով զբաղող խումբին ղեկավարը` Կ. Յովհաննիսեան կարգ մը նորութիւններ յայտնած է Հայաստանի հեռագրական գործակալութեան թղթակիցին. «Քրիստոսէ առաջ Ը. դարուն հիմնուած ուրարտական այս մեծ քաղաքին միջնաբերդին մէջ, այս տարի, գտնուեցաւ ցարդ մեզի համար անծանօթ «Արի» անունով խորհրդաւոր շէնք մը: Այս անունը, զոր ուրարտացիները կը գործածէին բնորոշելու համար շինութեան մը տեսակը, հանդիպած ենք ուրարտական...

Ձմերուկը Եւ Քոլեսթերոլը

Ամէն օր կտոր մը ձմերուկ ուտելով` կարելի է կանխել սրտի հիւանդութիւններու յառաջացումը, կը գրէ «Տը Տէյլի Մէյլը»: Իւղոտ սնունդ ստացած մուկերու վրայ կատարուած փորձերը ցոյց տուած են, որ ձմերուկը 50 տոկոսով կը նուազեցնէ քոլեսթերոլի կուտակման ցուցանիշը: Ամերիկացի գիտնականներ նաեւ բացայայտած են, որ ձմերուկի հետեւողական սպառումը կ՛օգնէ կշիռքի կարգաւորման եւ անօթիներուն մէջ ճարպային կուտակման նուազեցման: Այս յատկութիւնը ձմերուկը կը պարտի սիթրուլլինին...

50 Տարի Առաջ ( 18 Հոկտեմբեր 1962 )

Հայ Կեանք Խաչիկ Պապիկեան Ֆրեզնոյի Մէջ  Քաղաքապետը Ֆրեզնոյի «Պատուոյ Քաղաքապետ» Կը Յայտարարէ Իր Հիւրը Եւ Գովեստով Կը Խօսի Հայերու Մասին Ֆրեզնոյէն (Քալիֆորնիոյ, Ամերիկա) կը գրեն մեզի.- Հոկտեմբեր 3-ին քաղաքս ժամանեց Լիբանանի խորհրդարանի հայ անդամ, նախկին նախարար եւ յայտնի իրաւաբան Խաչիկ Պապիկեան եւ արժանացաւ ազգային եւ պետական մեծ ընդունելութեան: Տեղական մեծ օրաթերթը` «Ֆրեզնօ Պի», որ մասնաւոր ներկայացուցիչ մը ղրկած էր օդակայան`...

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Վարանդ Եափուճեանի ընդ Վանա Նազարեանի ամուսնութեան (ամուսնացած` Մոնրէալ) ուրախ առիթով` Տէր եւ տիկին Հայկազ եւ Լենա Եարտըմեան 100,000 լ. ո.

50 Տարի Առաջ ( 17 Հոկտեմբեր 1962 )

Վերամուտի Առթիւ Լիբանան, Միջերկրականի արեւելեան ափին, Մերձաւոր Արեւելքի ամէնէն գեղեցիկ եւ զարգացած երկիրն է: Յատկապէս վերջին տասը տարիներու ընթացքին, պետական թէ անհատական գեղեցկաշէն կառուցումներով, հիմնական փոփոխութիւններու ենթարկուեցաւ: Շինարարական այս յարաճուն աշխատանքներու կողքին, գնահատելի նուաճումներ կատարուեցան նաեւ մշակոյթի բոլոր մարզերուն մէջ: Ամերիկեան եւ ֆրանսական իր երկու նշանաւոր համալսարաններով, բազմաթիւ քոլեճներով եւ բազմահարիւր նախակրթարաններով նախանձելի դիրք մը կը գրաւէ ամբողջ Մերձաւոր Արեւելքի...

50 Տարի Առաջ ( 16 Հոկտեմբեր 1962 )

Հայկական Կեանք ՀՅԴ Հրապարակային Կարեւոր Ժողովներ Ամերիկայի Մէջ «Հայրենիք»-ի մէջ (10 հոկտեմբեր) կը կարդանք.- 7 հոկտեմբերի կիրակի օր, ընկերներու եւ համակիրներու բազմութեանց ներկայութեան, Նիւ Եորքի, Ֆիլատելֆիոյ, Շիքակոյի եւ Տիթրոյիթի շրջաններուն մէջ` տեղի ունեցան հրապարակային կարեւոր ժողովներ, ուր յաջորդաբար խօսեցան ընկերներ Մինաս Թէօլէօլեան, Յակոբ Խաշմանեան, Արթըր Կիրակոսեան եւ Հրայր Խանպէկեան: ՀՅԴ տեղական կոմիտէներու եւ Կեդր. կոմիտէն կազմակերպած այս ժողովները ժողովրդային եւ...

50 Տարի Առաջ ( 15 Հոկտեմբեր 1962 )

Ֆութպոլ ՀՄԸՄ Տիրացաւ Լիբանանի Բաժակին` Յաղթելով Մազրաայի 4-2 ՀՄԸՄ երէկ տիրացաւ Լիբանանի բաժակին` 4-2 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Մազրաան, մարզաւանի դաշտին վրայ, մարզասէրներու բաւական մեծ թիւով բազմութեան մը առջեւ: Ընդհանուր առմամբ, երկու կողմերը ցոյց տուին հաճելի խաղարկութիւն մը, բայց ՀՄԸՄ, շնորհիւ իր խմբային ներդաշնակութեան, կրցաւ ի վերջոյ ընկճել հակառակորդը, որուն պակսեցաւ խմբային խաղարկութիւնը: Մասնաւորաբար երկրորդ կիսախաղին ՀՄԸՄ զգալի դարձուց իր գերակայութիւնը` գետնէն...

Օզոնի Խաւին Վերջին Լուրերը

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Առանց մեզ պաշտպանող օզոնի խաւին` երկրագունդին վրայ կեանքը անկարելի է: Սակայն օզոնի խաւը տակաւին վտանգուած է: Առանց արեւու` կեանք գոյութիւն չունի. սակայն երբ չափազանց արեւ կայ, դարձեալ կեանք գոյութիւն չի կրնար ունենալ... Արեւուն կարգ մը ճառագայթները շատ վտանգաւոր են երկրագունդի վրայի կեանքին համար: Ատոնք անդրմանիշակագոյն ճառագայթներն են: Օրինակի համար, այդ ճառագայթներէն մեծ քանակներ կրնան մարդուն մօտ...

50 Տարի Առաջ ( 13 Հոկտեմբեր 1962 )

Խմբագրական Մշակոյթի Ճամբով (Թարգմանչաց Տօնին Առթիւ) Հայաստանեայց եկեղեցին այսօր հանդիսաւորապէս կը տօնէ Թարգմանչաց տօնը, նուիրագործելով մեր մշակոյթին ճամբով` հինգերորդ դարու մեծանուն վարդապետներուն բերած անգնահատելի նպաստը` հայ ժողովուրդի պահպանման եւ գոյատեւման: Թարգմանչաց տօնը, իւրաքանչիւր հայու մէջ արթնցուցած ազգային հպարտութեան իր խոր ապրումներով, կու տայ փաստը այն անժխտելի իրողութեան, որ ինքնագիտակցութեան մղող ազդակ մըն է, մանաւանդ` այս օրերուն, երբ հայը, բոլոր երկինքներու...

Page 441 of 482 1 … 440 441 442 … 482