Այլազան

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Խնդիր մը պիտի ընկալէք պարզ ձեւով: Հակառակը ընելով` ոչինչ կը շահիք: Խոհեմութիւնը լաւագոյն խորհրդատուն է: Զգուշ եղէք ամէն պարագայի: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Բարեկամնե՞րը կարօտցած էք արդեօք: Ամէնքն ալ պատրաստ են ընդառաջելու խնճոյք մը ունենալու ձեր հրաւէրին: Առաջարկեցէք: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Պիտի կարենաք յարմար բառեր գտնել` համոզելու ձեր շուրջինները, ձեզի հետ աշխատողները,...

Երջանիկ Ըլլանք

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Պութանի Հիմալայայի վրայ (Ասիա) գտնուող պզտիկ թագաւորութիւն մըն է: Անիկա օտարներուն առջեւ փակ էր մինչեւ 1970 թուականը: Սակայն ան որոշեց իր սահմանները բանալ, սակայն` առանց հրաժարելու իր աւանդական ապրելակերպէն: Հոն երկրին հարստութիւնը կը չափուի իր բնակիչներուն երջանկութեան մակարդակին բաղդատած: Այս գաղափարէն ներշնչուելով` Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը որոշեց նշել 20 մարտ 2013-ին առաջին Երջանկութեան միջազգային օրը: *** Առաջին...

50 Տարի Առաջ (6 Ապրիլ 1963)

Խմբագրական Կիլիկիոյ Միաբանութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Միաբանական ընդհանուր ժողովը գումարուեցաւ անցեալ չորեքշաբթի գիշեր, 2 ապրիլ, կազմելու համար կաթողիկոսական ընտրութեան Պատգամաւորական ժողովի ընտրելիներու հնգանուն ցանկը եւ ընտրելու միաբանութեան պատգամաւորները` նոյն ժողովին: Միաբանութիւնը որոշեց նաեւ կաթողիկոսական ընտրութիւնը կատարել յառաջիկայ մայիս 5-ին, կիրակի օր: Կիլիկեան միաբանութիւնը իր օրկանական մարմիններով եւ համապատասխան ժողովներով, ներկայիս դարձած է այն ամուր խարիսխը, որուն վրայ դրուած է Կիլիկեան...

Ի՞նչ Կ’ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Ճամբորդութեան ծրագիր մը պիտի յստականայ: Պատրաստ եղէք կատարել պէտք եղած դասաւորումները: Ոչինչ անտեսեցէք: Օրը պիտի օգնէ դիւրութիւններ տալով: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Երազային տրամադրութիւն մը ձեզ փոխադրած է անցեալի օրերուն: Գործնական հարցերու մասին մտածեցէք շօշափելի արդիւնք ունենալու համար: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Եթէ մուրհակի վճարումներ ունիք, կատարեցէք ձեր պարտականութիւնը: Մնացեալը կը կարգադրուի, անպայման...

50 Տարի Առաջ (5 Ապրիլ 1963)

ԼՕԽ-ի Էշրեֆիէի Մասնաճիւղին Դասախօսութիւնը ԼՕԽ-ի Էշրեֆիէի մասնաճիւղին  դասախօսական հանդիպումը տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, 26 մարտ 1963, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, «Ազատամարտ» ակումբին մէջ: Դասախօսն էր Գարեգին վրդ. Սարգիսեան` նիւթ ունենալով «Սրբութեան գաղափարը»: Բացման խօսքը կատարեց վարչութեան ատենապետ Ա. Գազանճեան, որ խնդրեց լուռ ոտքի կենալ մէկ վայրկեան` ի յարգանս երանաշնորհ Զարեհ Ա. կաթողիկոսի յիշատակին: Կարդացուեցաւ վարչութեան եռամսեայ գործունէութեան տեղեկագիր եւ հաշուեկշիռը` որոնցմէ...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Մի՛ մոռնաք ձեր ժամադրութիւնը, որ կարեւոր հարցի մը համար է: Դրամական ձեր խնդիրները լուծելու համար տեսակցութիւն մը ունեցէք դրամատան պատասխանատու անձին հետ: Մի՛ յուսահատիք, կը յաջողիք այս կապակցութեամբ: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Պէտք է վերանայիք համաձայնագրի մը, որպէսզի աւելի յարմար ձեւով նոր մը ստորագրէք: Եղէք արթուն նման պարագաներու: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Հոգեմտաւոր...

Խորհուրդներ` Կեանքին Որակը Բարելաւելու Համար

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Ամէն օր քնացէք եւ արթնցէք նոյն ժամերուն: Նախաճաշեցէք, ճաշեցէք եւ ընթրեցէք նոյն ժամերուն. ձեր գործարանները շնորհակալ կ՛ըլլան ձեզի... Քնացէ՛ք առնուազն 8 ժամ: Քնանալէ առաջ մաքուր օդին քալեցէք առնուազն կէս ժամ եւ առնուազն 1 ժամ առաջ օդափոխեցէք ձեր սենեակը: Օրական մէկուկէս լիթր ջուր խմեցէք: Ջանացէք օրական պտուղ, բանջարեղէն եւ ընդեղէն ուտել: Առտուները առնուազն կէս ժամ վազեցէք: Օրական մէկ...

50 Տարի Առաջ (4 Ապրիլ 1963)

Նոթեր Ու Նետեր Դժուար Է Ֆրանսան Կառավարելը Դժուա՜ր, շա՜տ դժուար է Ֆրանսան կառավարելը, քանի որ իր գինիներուն չափ կուսակցութիւններ ունի: Դժուա՜ր է Ֆրանսան կառավարելը, որովհետեւ ամէն մէկ կուսակցութեան մէջ այնքան գաղափարներ կան, որքան որ պանիրի տեսակ կայ երկրին մէջ (Ֆրանսան 246 տեսակ պանիր ունի, եւ որդնոտածները յարգի են): Դժուար է Ֆրանսան կառավարելը, որովհետեւ իր նահանգները շատ են: Իւրաքանչիւր նահանգ համայնք...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Ձեր բարեկամները պիտի փորձեն փոխել ձեր գաղափարները, քանի որ կը պնդէք անկարելի հարցեր արծարծել: Հետեւեցէք անոնց իմաստուն խրատին: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Ձեր ներքին յուզումները մի՛ արտայայտէք, այլ քաջութեամբ ծածկեցէք զանոնք, որպէսզի ծիծաղելի ըլլալու առիթներ չտաք ոեւէ մէկուն: Խաղաղ եղէք: Ամէն ինչ անցողակի է: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Արտասահմանէն լաւ լուրեր պիտի ստանաք:...

50 Տարի Առաջ (3 Ապրիլ 1963)

Հայկական Կեանք  Հայաստանի Բոյսերը  Մեղրիի Սօսին Նշանաւոր Է Եւ Քաղաքի Զարդն Է Բնութեան յուշարձաններ են հազուագիւտ ծառի տեսակները ե բոյսերը, որոնք մնացած են երրորդական դարաշրջանէն: Հայաստանի բնութեան հազուագիւտ նմուշներէն են շագանակենին, սօսին (չինարին), արջաախլենին, արեւելեան արմաւենին, արեւելեան հաճարենին, մրտավարդը եւ այլ բոյսեր, որոնցմէ մէկ քանին պատմութեան անցած են: Հին Հայաստանը հարուստ է եղած նաեւ սօսիի (չինարի) անտառներով: Չինարին շատ սիրուած...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Բնաւ մի՛ վախնաք նոր որոշումներ տալու, որովհետեւ ժամանակը արդէն ըսած է իր խօսքը եւ սպասելու ժամանակ չէ մնացած: Որոշեցէք շուտ եւ անվախ: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Ձեր ներքին ձայնը կ՛ըսէ ձեզի, որ ոչինչ ունիք աճապարելու. ուրեմն մի՛ աճապարէք, հանդարտ աշխատեցէք: Հետեւեցէք ձեր նախազգացումներուն: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Ձեր գործունէութեան մէջ դանդաղ ընթացք մը...

50 Տարի Առաջ (2 Ապրիլ 1963)

Հաւատացեալներու Խուռներամ Բազմութեան Մը Ներկայութեան Ուխտի Օրը Շքեղօրէն Տօնուեցաւ Անթիլիասի Մէջ Եղիշէ Պատրիարք Տէրտէրեանի Նախագահութեամբ Կատարուեցաւ Վեհափառին Հոգեհանգիստը Երէկ` կիրակի, 31 մարտ, հաւատացեալներու խուռներամ բազմութիւն մը փութացած էր Անթիլիաս` ներկայ գտնուելու համար Անթիլիասի Ուխտի օրուան տօնակատարութեան, ինչպէս նաեւ` երանաշնորհ Զարեհ Ա. կաթողիկոսի քառասունքի հոգեհանգիստին: Եկեղեցին, բակն ու վեհարանը լեցուած էին խուռն բազմութեամբ մը, բոլորն ալ եկած` յարգանքի իրենց վերջին տուրքը...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Եթէ կը կասկածիք ձեր մէկ պաշտօնակիցին աննպաստ վերաբերումէն, ձեւով մը անոր հասկցուցէք, թէ գիտակից էք իր կեցուածքին: Մի՛ վհատիք: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Շատ լաւ յարաբերութիւն պիտի ունենաք օտարներու հետ` ձեր գործին վերաբերեալ: Այս յարաբերութիւնը կրնայ մնայուն դառնալ: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Եթէ մէկու մը փոխ դրամ տուած էք կամ գումար մը ունիք...

Փոքրերու Միջազգային Խաղաղութեան Մրցանակը Ֆիլիփփինցի 13 Տարեկան Քրիս Վալտեզի

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Քրիս Վալտեզ 13 տարեկան պատանի մըն է, որ իր կեանքին մեծ մասը անցուցած է փողոցներուն մէջ` մուրալով, աղբերուն մէջէն մնացորդներ հաւաքելով եւ բաց գերեզմանատան մը մէջ պառկելով: Ան թշուառ մանկութիւն մը ունեցած է: Մինչեւ այն օրը, երբ արկածէ մը ետք անոր օգնութեան կու գայ բարեսիրական կազմակերպութիւն մը: Ան վերջապէս զգաց իր շուրջիններուն սէրը, ազնուութիւնը եւ հոգատարութիւնը:...

50 Տարի Առաջ (30 Մարտ 1963)

Խմբագրական Քառասուն Օր Ետք Քառասուն օրեր կարծէք ակնթարթի մը պէս անցան այն օրէն, երբ համայն հայութիւնը մատնուեցաւ անսովոր ալեկոծութեան մը, խոր վշտաբեկումի եւ անմխիթար ցաւի ներքին տառապանքով: Քառասուն օրե՜ր, որքա՜ն նման սովորական օրերուն, բայց որքա՜ն տարբեր անոնցմէ, իրենց բերած ցաւագին անդրադարձներով, ափսոսանքով, այլեւ` լուռ խորհրդածութեամբը կորուստին, որուն կ՛ենթարկուէին Հայաստանեայց եկեղեցին եւ հայ ժողովուրդը: Մահը անկաշառ դատաւորն է բոլո՛ր կեանքերուն: Մահուան...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Բնաւ մի՛ աճապարէք օրուան հարցերը կարգադրելու, հանդարտութեամբ աշխատեցէք, որովհետեւ ամէն ինչ պիտի կարգադրուի ինքնաբերաբար: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Բարկացած եւ ջղայնացած էք. այս մասին զգուշացուցէք գործակիցները, ձեզի մօտիկ անձերը, թէ այսօր «Ցուլը» բարկացած է: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Եթէ ունիք կարգադրութիւններ` տունը կամ գործատեղին, այսօր ժամանակն է այս տեսակ գործերու: Կատարեցէք առանց աճապարանքի,...

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Հայ աւետարանական Կերթմենեան վարժարանի կազմակերպած Մայրերու օրուան ձեռնարկին յաջողութեան ուրախ առիթով` Ազգային մը . . . . . . . . . 100$

50 Տարի Առաջ (29 Մարտ 1963)

Հայ Գիրքի Ապագան Նախանցեալ տարի, Հայաստանէն սկսեալ մինչեւ հեռաւոր Ամերիկաները, մասնաւորաբար Լիբանանի մէջ, հայ գիրքի հրատարակութիւնը մեծ նուաճումներ արձանագրեց: Կարելի չէ մէկ առ մէկ թուել պատմական, տեղագրական, յուշագրական, գրական թէ բանաստեղծական հրատարակութիւնները եւ անոնց հեղինակները, որոնցմէ ոմանք նոր կը մտնէին գրական եւ մշակութային ասպարէզ: Հայ մամուլը, խանդավառութեամբ, ո՛չ միայն իր ուրախութիւնը յայտնեց հրատարակուած իւրաքանչիւր հատորի համար, այլ նոյնիսկ առանձնապէս անդրադարձաւ...

Page 430 of 482 1 … 429 430 431 … 482