Այլազան

50 Տարի Առաջ (16 Ապրիլ 1963)

Ս. Զատկի Տօնը Լիբանանի Մէջ Ս. Զատկի տօնը այս տարի արտակարգ ջերմեռանդութեամբ տօնուեցաւ ամբողջ Լիբանանի մէջ: Նախընթացը չունեցող խուռներամ հաւատացեալներով լեցուն էին մեր եկեղեցիները իրենց շրջափակերով: Բացառիկ երեւոյթ մը արդարեւ, որ երանաշնորհ Զարեհ Ա. կաթողիկոսի գահակալութեան տարիներէն սկսելով, աստիճանաբար, աւելի սիրով եւ անխզելի կապով մը մօտեցուց աւանդապահ հայ ժողովուրդը եկեղեցիին: Գոհացուցիչ եւ ուրախալի տպաւորութիւն մը թողուց մանաւանդ, ժամեր տեւող կանոնաւոր...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Կրնայ ըլլալ, որ օրը չունենայ ձեր նախընտրած կշռոյթը, բայց պէտք չունիք տրտնջալու: Ժապաւէն մը դիտեցէք շարժանկարային հաճելի պատմութիւն փոխանցող, բարելաւեցէք ձեր տրամադրութիւնը: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Ձեր խօսքերուն մէջ պիտի ունենաք յստակ արտայայտութիւն: Եթէ ունիք մտաւորականի խառնուածք, ձեր խօսքերը պիտի նկատուին նաեւ պերճախօսի միտքերու փոխանցում: Արդիւնաւէտ է ձեր օրը: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)...

50 Տարի Առաջ (15 Ապրիլ 1963)

Տոմսեր Երեսուն Տարի Ետք... Նո՜ր «սեւ» էջեր կը բացուին, հետզհետէ, ստալինեան բռնակալութեան արիւնոտ շրջանի պատմութենէն: Ողբերգութիւնը այնքա՜ն ծաւալուն է, որ, ըստ երեւոյթին, կարմիր ղեկավարները իրե՛նք իսկ կը սարսափին իրենց սեփական մատներով թղթատելէ «մատեան ողբերգութեան»-ը 1930-ական թուականներու արիւնոտ մաքրագործումներուն, որոնք ժամանակակից պատմութեան մէջ... «յանուն արդարութեա՜ն» գործուած մեծագոյն ոճիրներէն եղան: Տխրահռչակ Անտրէյ Վիշինսկիի անունը անմահացա՜ւ այդ դատավարութեանց ընթացքին` իբրեւ «ընդհանուր դատախազ»-ի, մինչ...

Ի՞նչ Կ’ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Նոր գիտելիքներով կազմաւորում մը ձեր դիմաց պիտի բանայ նոր արհեստագիտական աշխատանք մը, որմէ պիտի օգտուիք նիւթապէս եւ բարոյապէս: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Աշխատանքի մէջ ձեր առաջարկները պիտի ընդունուին եւ ձեր տեսակէտը գործնական արդիւնք պիտի տայ: Օրը արդիւնաւէտ է նիւթապէս: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Աշխատանքի եւ ծրագրաւորումի ոճ ունիք, բայց ձեզի կը պակսի տակաւին...

Բուրգերուն Միւս Երկիրը

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Արդեօ՞ք Սուտանը Եգիպտոսէն աւելի բուրգեր ունի` պահուած իր աւազներուն տակ: Երեք տարուան ընթացքին հնագէտներ 35 բուրգեր յայտնաբերած են ափրիկեան այս երկրին մէջ: Հնագէտները տարբեր չափի, տարբեր ձեւերով 2000 տարուան 35 բուրգեր գտած են Սուտանի հիւսիսը: Ասիկա զարմանալի յայտնաբերում մըն է: Առաջին հերթին, որովհետեւ անոնց թիւը բարձր է, նաեւ` անոնք մէկը միւսին քով շինուած են: Օրինակի համար,...

50 Տարի Առաջ (12 Ապրիլ 1963)

Խմբագրական Յոյսի Տօնը Քրիստոնեայ մարդկութիւնը հազարամեակներէ ի վեր ջերմեռանդ հաւատքով եւ խոր երկիւղածութեամբ կը տօնէ Քրիստոսի յարութիւնը, կեանքին յաղթանակը մահուան դէմ, լոյսին տիրապետութիւնը խաւարին վրայ: Իր գերեզմանին ծանր քարերը տապալող եւ իր աստուածային լոյսին ջինջ մաքրութեամբը իր պահակներուն աչքերը շլացնող Աստուածորդին դարեր շարունակ եղած է խորհրդանիշը այն յոյսին, որ ունեցած է մարդկութիւնը` կտրելու իր հոգիին կապանքները եւ անմահութեան ճամբով` իրագործելու...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Օրուան նախաձեռնութիւնները ինչ որ ըլլան, առեւտուր կամ ընկերային, ընտանեկան գործառնութիւն, ամէն գործ ամէն մարզի մէջ յաջող պիտի ընթանայ: Իրաւամբ հիանալի օր մը` ձեզի համար: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Բախտ փորձելու օգտաշատ եւ բախտաբեր օրն է այս, ուրեմն օգտուեցէք ստեղծուած նպաստաւոր առիթներէն: Մի՛ խուսափիք այս առիթէն: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Վճռական էք ձեր որոշումները...

Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Ինչպէ՞ս Լաւատես Երեխայ Դաստիարակել

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Մարդուն ամէնէն գնահատելի յատկանիշներէն մէկը երեւոյթներուն լաւատեսօրէն նայելու կարողութիւնն է, քանի որ այդպէս կեանք աւելի դիւրին եւ սիրելի կը դառնայ` հակառակ իր բոլոր տեսակի դժուարութիւններուն եւ երեւոյթներուն: Լաւատես մարդիկ կը հաւատան, որ իրենք ի վիճակի են այս կամ այն բարդ վիճակին լուծումներ գտնել, իսկ անյաջողութեան դիմաց չեն յուսահատիր եւ կը փորձեն զանոնք յաղթահարելու ձեւեր գտնել: Գիտնականներու կարծիքով,...

50 Տարի Առաջ (11 Ապրիլ 1963)

Խմբագրական Օրէնքը Եւ Աւանդութիւնը Ամէն Բանէ Առաջ Տասը օր առաջ սուգի սեւ քողը վերցուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ աթոռին վրայէն ու Կիլիկեան միաբանութիւնը, որ տէրն է այդ դարաւոր աթոռին, համաձայն կաթողիկոսութեան ներքին կանոնագրին եւ այդ կանոնագրին տառն ու ոգին յարգելու գովելի բծախնդրութեամբ, քառասնօրեայ սուգէն անմիջապէս ետք ընդհանուր ժողով գումարեց եւ անհրաժեշտ կարգադրութիւնները ըրաւ Երանաշնորհ Զարեհ Ա. կաթողիկոսին արժանաւոր յաջորդը ընտրելու համար:...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Օրը օրին եւ ըստ օրուան պահանջին թուաբանական հաշիւ պահելը մեծ կարողութիւն է, որով կրնաք պահել ձեր պիւտճէին հաւասարակշռութիւնը: Լաւագոյն խնայասիրութիւնն է այս: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Լաւագոյն օրն է այս, «ցուլեր», ձեր հմայքը օգտագործելու, որպէսզի առաջնակարգ դիրք մը գրաւէք ձեր շրջապատին մէջ: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Հոգ տարէք դուք ձեզի, անփոյթ մի՛ գտնուիք...

50 Տարի Առաջ (10 Ապրիլ 1963)

Կիպրահայ Կեանք (Սեփական Թղթակցութիւն) Չորեքշաբթի, մարտ 27-ի գիշերը տեղի ունեցաւ Նիկոսիոյ Հայ երիտասարդաց միութեան տարեկան ընդհանուր ժողովը, միութեան շէնքին մէջ: Ժողովը վայրկեան մը յոտնկայս յարգեց յիշատակը նորոգ հանգուցեալ երջանկայիշատակ Զարեհ կաթողիկոսի: Անկէ ետք ընդհանուր ժողովը սկսաւ իր աշխատանքներուն: Շրջանաւարտ վարչութեան քարտուղար Սարգիս Խ. Տէր Աւետիսեան կարդաց խնամեալ տեղեկագիր մը միութեան տարուան մը գործունէութեան, որ գոհունակութեամբ ընդունուեցաւ ներկաներուն կողմէ: Բանաձեւի յանձնախումբը,...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Ի՛նչ նախաձեռնութիւն որ կատարէք, համոզումով ըրէք եւ` ոչ ուրիշներու թելադրանքով: Անոնք չեն գիտեր ձեր ներաշխարհին փափաքը: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Հրաւէրի մը ներկայ պիտի գտնուիք: Ընթրիք մըն է, ուր պիտի ստեղծուին հաճելի անակնկալներ: Այս հանդիպումները պիտի ունենան երկարատեւ եւ անկեղծ մտերմութիւն: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Ձեր ստեղծագործական աշխատանքները պիտի գնահատուին: Անոնք օգտակար պիտի...

50 Տարի Առաջ (9 Ապրիլ 1963)

Հայ Կեանք Զարեհ Ա.ի Յիշատակին Ս. Պատարագ Եւ Հոգեհանգիստ Գահիրէի Եւ Աղեքսանդրիոյ Մէջ Գահիրէ Կիրակի, 31 մարտ 1963, Գահիրէի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիին մէջ, հանդիսաւոր Ս. պատարագ եւ հոգեհանգստեան մասնաւոր պաշտօն տեղի ունեցած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս երանաշնորհ Զարեհ Ա.ի վախճանման քառասունքին առիթով: Եկեղեցին բերնէ բերան լեցուած է հոծ բազմութեամբ: Տէրունական աղօթքէն առաջ, թեմակալ առաջնորդ Մամբրէ արք. Սիրունեան խօսած...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Ունիք ֆիզիքական լաւ տուեալներ, որոնցմով պիտի կարենաք արժեւորել ձեր ինքնութիւնը` տպաւորելով ձեր շուրջինները: Կրնաք նաեւ ունենալ ձեզի երանի տուողներ: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Ոչինչ ունիք մտահոգուելիք: Չարիքը ձեզի համար չէ, անհոգ եղէք: Օրը ունի հաճելի հանդիպումներ: Վայելեցէք ներկայացած առիթները: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Բարեկամութիւնը միշտ կը փնտռուի, բայց ձեզի կը մնայ ընտրել լաւ...

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Իրենց մօր` Լուսին Ա. Փարթամեանի մահուան առիթով` Տէր եւ տիկին Երուանդ եւ Պեթի Փարթամեան եւ տէր եւ տիկին տոքթ. Շահէ եւ Հուրի Փարթամեան....... 50$

50 Տարի Առաջ (8 Ապրիլ 1963)

Հայ Կեանք Արամ Խաչատրեան Իտալիոյ Մէջ Վարպետը Կը Պատրաստէ Նոր Գործ Մը Ճափոնէն վերադարձին, դէպի Իտալիա ճամբուն վրայ, Արամ Խաչատրեան եւ կինը երեք ժամուան համար Փարիզ հանդիպած են անցած երկուշաբթի օր: Այդ կարճ ժամանակի ընթացքին (ժամը 15:00-18:00) վարպետը այցելած է Արդի արուեստի ցուցասրահը` ընկերակցութեամբ Գրիգոր Համբարձումեանի: Արամ Խաչատրեանի Ճափոնի յաջողութեանց արձագանգ հանդիսացած էինք ատենին, իբրեւ յաւելեալ տեղեկութիւն, զոր վարպետը տուած...

Page 429 of 482 1 … 428 429 430 … 482