Այլազան

50 Տարի Առաջ (8 Յունիս 1963)

Մայիս 28-ի Շքեղ Տօնակատարութիւնը Այնճարի Մէջ (Սեփական Թղթակցութիւն «Ազդակ»-ի) Հայաստանի անկախութեան 45-րդ տարեդարձի ցնծատօնը փառաշուք կերպով տօնակատարուեցաւ յունիս 2-ին, կէսօրէ ետք ժամը 2:30-ին, Ազգ. «Յառաջ» վարժարանի «Տիգրանեան» սրահին մէջ: Սրահը լեցուն էր բերնէ բերան: Հայ արիները, գայլիկներ, արծուիկներն ու կակուղ թաթիկները, կարգապահ շարքերով, դրօշակներն ի ձեռին, մեկնեցան Դաշնակցութեան ակումբէն, հասան հանդիսավայր ու գրաւեցին իրենց տեղերը: Զոյգ մը արիներ ու զոյգ մը...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Ինչ գործ որ կատարէք, լաւ մտածեցէք եւ ետքը սկսեցէք իրագործման: Ձեր հանդարտութիւնը պիտի օգնէ աշխատանքին յաջող ընթացքին: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Թէեւ խճողուած օրեր ունիք, այսուհանդերձ գոհունակութեամբ պիտի դիմաւորէք ձեզի առաջարկուած պարտականութիւնը, առանց դժկամակելու: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Օրը ունի հաճելի եւ պատասխանատուութեան մթնոլորտի մէջ անցուդարձ: Ձեր յոգնութիւնը պիտի ունենայ նաեւ գոհունակութեան տրամադրութիւն:...

Նորաձեւութիւն. Տիոր Նորաձեւութեան Տան 2013-ի Ամրան Նորաձեւութիւնը

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Քրիսթիան Տիոր իր հաւաքածոները ստեղծագործելու ժամանակ մեծապէս ոգեշնչուեր է Մոնաքոյի իշխանուհի Կրէյս Քելիով: Այսօր Տիոր նորաձեւութեան տան տնօրէն-ձեւագէտ Ռաֆ Սիմսոնը ոգեշնչողը Մոնաքոյի Ալպեր իշխանին կինը` Շարլենն է: Ստորեւ քանի մը նմուշ` Սիմսոնի յղացումներէն:               Ո՞վ Է Շարլեն Իշխանուհին Շարլեն Ուիթսթոք ծնած է 25 յունուար 1978-ին, Զիմպապուէյ, ապա ընտանիքին հետ գաղթած է...

50 Տարի Առաջ (6 Յունիս 1963)

Պատերազմական Վիճակ Հռչակուած Թեհրանի Մէջ  Կրակմարի Դրութիւն Հաստատուեցաւ Երէկ Արիւնալի Դէպքերու Պատճառով Բանակը Ստիպուեցաւ Կրակել Ցուցարարներու Վրայ - 100 Մեռեալ Եւ Վիրաւոր Պատերազմական վիճակ հռչակուեցաւ չորեքշաբթի, 5 յունիսին, Թեհրանի մէջ, ուր, կիսապաշտօնական աղբիւրներու համաձայն, 100 անձեր սպաննուած կամ վիրաւորուած են չորեքշաբթի տեղի ունեցած բուռն ցոյցերու ընթացքին: Միւս կողմէ` կրակմարի դրութիւն հաստատուեցաւ մայրաքաղաքին մէջ ժամը 20:00-էն սկսեալ: Նախարարաց խորհուրդը գումարուեցաւ ժամը...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Ուշադրութեամբ հետեւեցէք օրուան անցուդարձերուն, որպէսզի թիւրիմացութեամբ հարց մը չունենաք ոեւէ մէկուն հետ: Շարունակեցէք ձեր որոշած աշխատանքներուն կիրարկումը: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Դրամատնային ձեր աշխատանքները կատարեցէք առանց յետաձգելու: Այս առնչութեամբ կրնաք հանդիպում մը ունենալ պատասխանատու անձի մը հետ: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Իր գործերը աւարտած մարդու մը գոհունակութիւնը պիտի ունենաք: Կրնաք սկսիլ նոր ծրագիրներ...

50 Տարի Առաջ (5 Յունիս 1963)

Խմբագրական Յովհաննէս ԻԳ. Խաղաղութեան Պապը Երկար հոգեվարքէ մը ետք, որ տեւեց 79 ժամ, Յովհաննէս ԻԳ. պապը հոգին աւանդեց երկուշաբթի գիշեր, երբ Վատիկանի Ս. Պետրոս հրապարակին վրայ հաւաքուած երեք հարիւր հազար անձեր կ՛աղօթէին, որ վերջ գտնէ այն ահաւոր տառապանքը, որուն կ՛ենթարկուէր ծերունազարդ քահանայապետը: Կաթողիկէ եկեղեցին սուգի մէջ է: Բազմաթիւ երկիրներ եռօրեայ սուգ հռչակած են ի յիշատակ մեծ հովուապետի մը, որուն կարճատեւ...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Ձեր ամսաթոշակին յաւելման համար դիմում մը կատարելը ձեր իրաւունքն է, առանց քաշուելու առաջարկեցէք, կրնաք ընդունուիլ: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Ունիք կարողութիւնը եւ հմայքը` ազդելու ձեր խօսակիցին վրայ: Պիտի կարենաք իրագործել ձեր բաղձանքը, որովհետեւ յաջողելու լաւագոյն օրն է այս: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Ձեր գործակիցներուն կամ շրջապատին հետ ձեր յարաբերութիւնը եւ զրոյցները պիտի ըլլան...

50 Տարի Առաջ (4 Յունիս 1963)

Հոգեվարքէ Մը Ետք, Որ Տեւեց 79 Ժամ Յովհաննէս ԻԳ. Պապը Հոգին Աւանդեց Երէկ Սրբազան Հայրը Վերջին Շունչը Փչեց Այն Պահուն, Երբ Ս. Պետրոս Հրապարակին Վրայ Հաւաքուած 300.000 Անձեր Կ՛աղօթէին Իրեն Համար  3 Օր Պաշտօնական Սուգ Լիբանանի Մէջ ՎԱՏԻԿԱՆ.- Յովհաննէս ԻԳ. պապը «Բարի Յովհաննէս», որուն կ՛ըսեն այսօր համայն աշխարհի մէջ, վախճանեցաւ: Հոգին աւանդեց երկուշաբթի իրիկուն ժամը 8:49-ին, ցաւատանջ հոգեվարքէ մը ետք,...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Ձեր ուրախ տրամադրութիւնը պիտի տարածուի եւ փոխանցուի ձեր շրջապատին մէջ: Շարունակեցէք ըլլալ միշտ զուարթ եւ լաւատես: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Անակնկալ լուր մը պիտի լսէք, պիտի պարտաւորուիք, քիչ մը պիտի զարմանաք, բայց ետքը պարզ տրամադրութեամբ պիտի դիմագրաւէք: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Պիտի հրաւիրուիք փոքր տօնի մը` բարեկամութեամբ: Մի՛ մերժէք, որովհետեւ ի նպաստ ձեզի...

50 Տարի Առաջ (3 Յունիս 1963)

«Կոմիտաս» Երգչախումբին Տարեկան Համերգը Երանաշնորհ Զարեհ Ա. կաթողիկոսի յիշատակին նուիրուած, «Կոմիտաս» երգչախումբին տարեկան համերգը, ղեկավարութեամբ Գէորգ Գանտահարեանի, տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 30 մայիս 1963, երեկոյեան ժամը 9:00-ին, ամերիկեան համալսարանին Չեփըլին մէջ, բարձր հովանաւորութեամբ Խորէն Ա. կաթողիկոսի: Երեք մասերու բաժնուած յայտագիրը, որ կազմուած էր «խմբային» եւ «առանձնական» երգերէ, կարծուածին չափ ալ վայելքի նոր երանգ մը չաւելցուց այս համերգին` կարենալ տալու համար առաւել...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Ձեր ձեռքին ունիք բոլոր քարտերը` ձեր ուզածը կատարելու համար: Համարձակութեամբ եւ ինքնավստահութեամբ շարժեցէք, բայց միշտ հաշիւով գործեցէք: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Գործնական եղէք` օրուան աշխատանքներուն ճիշդ ուղղութիւն տալու: Թոյլ մի՛ տաք, որ թերացում մը տեսնուի ձեր լաւ աշխատանքին մէջ: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Ձեր շուրջինները պիտի օգնեն ձեզի` ձեր ծրագրին լաւ կատարման համար:...

Պզտիկ Հանճարեղներ

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Նոյնիսկ տարիքով փոքրերը կրնան մեծ գիւտեր կատարել: Այո, 18 տարեկանին կամ նոյնիսկ 10 տարեկանին կարելի է յեղաշրջումներ կատարել գիտութեան մարզին մէջ... Քշա եւ իր լեցնելու հզօր մեքենան Քշա Քեր 18 տարեկան ամերիկացի ուսանողուհի մըն է: 17 մայիսին ան մրցանակ մը շահեցաւ իր գիւտին համար: Անոր հնարած մեքենային շնորհիւ` կարելի է բջիջային հեռաձայնը քանի մը երկվայրկեանէն լիցքաւորել:...

50 Տարի Առաջ (1 Յունիս 1963)

ՀՅԴ Զաւարեան Աշակերտական Միութեան (Պուրճ Համուտի Մասնաճիւղ) Բեղուն Գործունէութիւնը ՀՅԴ Զաւարեան աշակերտական միութիւնը ամէն տարի արտասանական, ընդհանուր զարգացման եւ շարադրութեան մրցումներ կը կազմակերպէ պէյրութահայ վարժարաններու միջեւ: Կը մասնակցին 9-10 նախակրթարաններ: 6 ապրիլ 1963-ին տեղի ունեցաւ շարադրութեան մրցում մը, Պուրճ Համուտի Ժողովրդային տան մէջ: Կը մասնակցէին Թորգոմեան, Հայ աւետ, բարձր.- Կիլիկեան, Ս. Քառս. Մանկանց բարձր. Էմհրամճեան, Ս. Նշան, Աբգարեան վարժարանները, Ս....

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Անտարբեր մի՛ մնաք ձեզի ուղղուած հրաւէրի մը, որպէսզի այլամերժ չնկատուիք: Ընկերային կեանքն ալ ունի ուսանելի բաներ: Եղէք եռանդուն` կեանքը տեսնելու ամէն անկիւնէ: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Լաւ պատրաստուեցէք ձեր որոշած ճամբորդութեան` առանց մոռնալու կարեւոր փաստաթուղթերը: Մնացէք օրուան պահանջներուն հետ համերաշխ: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Իրաւախոհութեան ձեր կեցուածքը պիտի գնահատուի: Այս իսկ պատճառով պիտի...

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Քաջալերելով «Ազդակ»-ի աշխատանքները` Փոլ Այանեան 300$ Մկրտիչ Ղարիպեանի յիշատակին` Սերայտարեան ընտանիք 100,000 լ. ո.

50 Տարի Առաջ (31 Մայիս 1963)

ՀՅԴ Պատանեկան Կեանք  Մայիս 28-ի Շքեղ Տօնակատարութիւնը  125 Պատանիներու Երդման Արարողութիւնը ՀՅԴ Պատանեկան միութեան Լիբանանի Վարիչ մարմինի կազմակերպած մայիս 28-ի շքեղ տօնակատարութիւնը, նախագահութեամբ Կարօ Սասունիի եւ մասնակցութեամբ Լիբանանի բոլոր պատանեկան միութեանց, տեղի ունեցաւ կիրակի, 26 մայիս 1963, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, Պուրճ Համուտի Ժողովրդային տան մէջ: Եռագոյնով գեղեցկօրէն դրօշազարդուած ընդարձակ սրահը ծայրէ ծայր լեցուն էր խանդավառ պատանիներով: Պատանեկան միութեան Ընդհ....

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Գործունեայ եւ եռանդուն` պիտի օգնէք եւ մասնակցիք ձեր շուրջը կատարուող աշխատանքներուն, ընտանեկան թէ ընկերային ծրագիրներ յաջողցնելու: Ձեր բարեացակամութիւնը պիտի գնահատուի: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Բարեկամութիւնը եւ սէրը միախառնուած պիտի ստեղծեն գեղեցիկ օր մը: Ուրախութեամբ պիտի կատարէք ամէն աշխատանք` օգտակար ըլլալով նաեւ ձեր շրջապատին: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Օրը նպաստաւոր է իրագործելու այն բոլոր...

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Էլիզ Թերզեանի մահուան առիթով` Տէր եւ տիկին տոքթ. Վիգէն եւ Արտա Գայթանճեան 100,000 լ. ո. Տէր եւ տիկին Սիմոն եւ Նանիկ Գայթանճեան 100,000 լ. ո.

Փորձ Հարցարան. Բացէ՛ք Ձեր Պայուսակը

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Այլազան իրեր պահելով ձեր պայուսակին մէջ, դուք հաւանաբար չէք կռահեր, որ այդ իրերը եւ զանոնք տեղաւորելու ձեւը կրնան որոշ պատկերացում մը տալ ձեր բնաւորութեան մասին: Իսկ գիտնալու համար, թէ ինչպիսի՞ բնաւորութեան տէր անձ էք դուք` բացէ՛ք ձեր պայուսակը... 1 Ինչպիսի՞ պայուսակ կը նախընտրէք. ա.- Կը սիրէք մեծ չափի պայուսակ, որպէսզի անոր մէջ տեղաւորէք կարելի եղածին չափ շատ...

Page 424 of 482 1 … 423 424 425 … 482