50 Տարի Առաջ (28 Յունիս 1963)
Խմբագրական Քաղաքապետական Ընտրութեանց Կարեւորութիւնը Ամիսներ շարունակ, լուրջ խորհրդակցութիւններու եւ պաշտօնական ժողովներու նիւթ դարձնելէ ետք, կառավարութիւնը ի վերջոյ որոշեց քաղաքապետական ընտրութիւնները կատարել Լիբանանի զանազան շրջաններուն մէջ, բացի Պէյրութէն, որուն ընտրական շրջաններու բաժանման հարցը գոհացուցիչ կերպով չէր լուծուած: Առաջին առթիւ ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան Լիբանանի ամէնէն ընդարձակ նահանգին մէջ Լեռնալիբանանի, որ կը սկսի Ժիպէյլէն, կը բարձրանայ մինչեւ Մրուժ, անկէ իջնելու համար Մեթն,...