Այլազան

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Օգտուեցէք բնութեան ընձեռած առիթներէն: Ամառ է արդէն եւ կրնաք երթալ դէպի ծով կամ լեռնային զով վայրեր: Օրը լաւ է: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Պատանի եւ պարման տարիքի ձեր շուրջը գտնուողներուն սորվեցուցէք ձեր ընտանիքին աւանդական ճաշերուն ընտելանալու կեցուածքը: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Ձեր հմայքը ցայտուն պիտի ըլլայ: Այս իրողութեան դիմաց մի՛ զարմանաք, որովհետեւ ունիք...

50 Տարի Առաջ (5 Յուլիս 1963)

Հայ Կեանք Համավասպուրականի «Սիփան» Պարախումբ-Նուագախումբը Պէյրութի Համավասպուրականի «Սիփան» երիտասարդներու միութեան պարախումբ-նուագախումբը վերջին քանի մը ամիսներու ընթացքին իր ունեցած ժողովրդային ելոյթներով մեծապէս գնահատուեցաւ եւ բուռն ծափահարութիւններու արժանացաւ հայ թէ օտար հասարակութենէն: Պարախումբը, առանց բացառութեան, կը բաղկանայ վասպուրականցի երիտասարդ-երիտասարդուհիներէ: Իրենց ելոյթներու ընթացքին կը հագնին Վասպուրականի տոհմիկ գեղեցիկ տարազները: Նուագախումբը կազմուած է վանեցի Գուրգէն եւ Սուրէն Խանճեան եղբայրներէն` իրենց զաւակներով: Երաժշտասէր ընտանիք մըն...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Ընտանեկան յարկին տակ ուրախութիւնը պիտի ըլլայ բոլորին համար: Առիթը յարմար պայմաններ կը ստեղծէ այսօր, ուրախութեամբ վայելեցէք օրուան բարիքները: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Աշխատանքի մթնոլորտը լաւ պիտի ըլլայ, ձեր փափաքին համաձայն պիտի ընթանայ օրուան ծրագիրը` նիւթական եւ արդիւնաբերական ձեւով: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Շահեկան պատեհութիւններ իրաւ առիթներ պիտի ստեղծեն ձեր օրը պայծառացնելու, նաեւ` ձեր...

Փորձառուներու Կարծիքով. Միջոցներ` Հոգեկան Ընկճուածութիւնը Վայրկենական Չքացնելու Համար

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ                 ՃՈՂԵՑԷ՛Ք: Պարզ եւ ազդու միջոց մը` երբ գործի մէջ ամէն բան ձեր ուսերուն բեռցուած է եւ չէք գիտեր ինչպէ՛ս դուրս գալ: Ճողելով շարժումի մէջ  դրէք ձեր կռնակին, վիզին, թեւերուն եւ ոտքերուն մկանները եւ անմիջապէս կը զգաք տարբերութիւնը: *** ՔԱԼԵՑԷ՛Ք: Ձգեցէ՛ք ամէն բան եւ տունէն կամ գրասենեակէն դուրս գալով` մաքուր...

50 Տարի Առաջ (4 Յուլիս 1963)

Մանկական Քերմէս Մանուկներու մէջ ձեռներէցութեան ոգին միշտ գոյութիւն ունեցած է: Յաճախ անտարբերութեամբ լուռ մնացած ենք եւ չենք հետաքրքրուած անոնց աշխատանքով: Իսկապէս գեղեցիկ օրինակ մըն է հետեւեալը` ճանչնալու եւ գնահատելու համար կատարուած անցուդարձին իմաստն ու որակը: Տասը փոքրիկներ` իննէն տասներկու տարեկան` Արա Վարժապետեան, Արթօ Քէօլէեան, Խաժակ Տիքիճեան, Միրօ Հիւսէնճեան, Սեպուհ Պալեան, Հրայր Պալեան, Պետրոս Ալահայտոյեան, Արա Գահվէճեան, Վաչէ Գալէնճեան եւ Րաֆֆի...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Գործնական աշխատանք ցուցաբերեցէք, ձեռնածալ մնալը անիմաստ է: Առիթը յարմար է յառաջդիմելու միայն աշխատանքով: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Ձեր դրամին շատ ուշադիր եղէք, այն գումարը, որ ունիք ձեր քով, եւ այն միւսը, որ պահած էք սեւ օրերու համար: Խնայասէր եղէք: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Եթէ ձեր ինքնավստահութիւնը պակսած է, ուշադիր եղէք, որովհետեւ ուրիշներ կրնան...

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Սերժ Գալուստեանի մահուան առիթով` Յակոբ եւ Սոնիկ Եափուճեան 100,000 լ. ո. Շնորհիկ Լատոյեանի մահուան առիթով` Տէր եւ տիկին Խաժակ Խտըշեան 100,000 լ. ո.

50 Տարի Առաջ (3 Յուլիս 1963)

Խմբագրական Օրինակելի Երեւոյթ Անցած կիրակի, 30 յունիս, Լեռնալիբանանի 135 գիւղաքաղաքներուն եւ գիւղերուն մէջ տեղի ունեցան քաղաքապետական կամ գիւղապետական ընտրութիւններ` ժողովրդային լայն մասնակցութեամբ եւ աննախընթաց հետաքրքրութեան մթնոլորտի մը մէջ: Գրեթէ ամէնուրեք կազմուած էին ընտրական ցանկեր, յատկապէս` տեղական մտահոգութիւններով, որոնց վրայ կու գային աւելնալ նաեւ երեսփոխանական յառաջիկայ ընտրութիւններուն հետ առնչութիւն ունեցող նկատումներ: Բայց առաջինները գերակշիռ դեր ունեցան թէ՛ ցանկերու կազմութեան եւ թէ՛...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Եթէ ոեւէ մէկը լաւ աշխատանք մը կատարէ, գովեցէք զայն, որպէսզի քաջալերուի: Երբ սխալ մը նկատԷք եւ շուտով ըսէք, լաւն ալ ըսէք: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Հոգ տարէք դուք ձեզի, խնամուած եղէք ինչպէս գործի ատեն, նոյնպէս` արձակուրդի ժամանակ, որպէսզի աւելի ազդեցիկ ըլլաք շրջանակի մէջ: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Կը գտնուիք ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ...

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Սերժ Գալուստեանի մահուան առիթով` Տէր եւ տիկին Նազարէթ Պարսումեան 100,000 լ. ո. Տէր եւ տիկին Հայկ եւ Արշօ Թապաքեան 50,000 լ. ո. Տէր եւ տիկին Սերոբ եւ Սիլվա Թապաքեան 50,000 լ. ո.

50 Տարի Առաջ (2 Յուլիս 1963)

Պոսթընի Կառավարիչը ՀՅԴ Պատգմ. 70-րդ Ժողովին Առթիւ Անկախութեան Օր Հռչակած Է 29 Յունիսը «Դաշնակցութիւնը Նուիրուած Է Հայաստանի Պետական Անկախութեան Դատին» Կիրակի, 30 յունիսին սկսաւ ՀՅ Դաշնակցութեան Մ. Նահանգներու 70-րդ Պատգամաւորական ժողովը: «Հայրենիք»-ի 29 յունիսի թիւին մէջ այդ առթիւ կը կարդանք հետեւեալը.- Մասաչուսեց նահանգի կառավարիչ Էնտիքաթ Փիպատի, 27 յունիսի 1963, հինգշաբթի երեկոյ, իր պաշտօնատեղիին մէջ ընդունելով ՀՅԴ Հիւս. Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը, քարտուղարը եւ «Հայրենիք»...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Ձեր աշխատանքները լաւ կ՛ընթանան: Կրնաք ապագային մասին վստահ ըլլալ: Օրը ունի այլատեսակ նպաստաւոր պահեր եւ աշխատանք բեղմնաւոր: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Օրը շատ յաջող պիտի ընթանայ: Ձեր հմայքը պիտի զարգանայ: Շարունակեցէք մնալ այնպէս, ինչպէս որ էք: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Լաւատես եւ պայծառատես եղէք: Ձեր գլուխը պահեցէք ձեր ուսերուն վրայ: Օրը կը պահանջէ...

50 Տարի Առաջ (1 Յուլիս 1963)

Լեռնալիբանանի Քաղաքապետական Ընտրութիւնները Տեղի Ունեցան Հանդարտ Մթնոլորտի Մէջ Եւ Լայն Մասնակցութեամբ Պուրճ Համուտի Մէջ Դաշնակցութեան Ցանկը Ընտրուեցաւ Առանց Մրցակիցի Լեռնալիբանանի քաղաքապետական ընտրութիւնները տեղի ունեցան երէկ: Ապահովութեան պատկառելի ուժ մը` 1800 ոստիկան-զինուորներ, դրուած էր շրջանի նահանգապետին եւ զանազան գայմագամներու տրամադրութեան տակ: Քուէարկութիւնը տեղի ունեցաւ տենդագին մթնոլորտի մէջ, բայց` հանդարտութեամբ: Քանի մը մեկուսի միջադէպեր տեղի ունեցան կարգ մը շրջաններու մէջ: Կռիւներ տեղի...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Հոգեպէս պատրաստ էք դիմագրաւելու եւ շրջանցելու բոլոր տեսակի արգելքները եւ խոչընդոտները: Ինքնավստահութիւնը պահեցէք ամուր: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Դժուար է պահել գաղտնիք մը, երբ կ՛ուզէք զայն ըսել ամէնուն: Նոյն ատեն հոգ մի՛ ընէք, եթէ նոյնիսկ զղջաք ձեր անկեղծ արտայայտութեան համար: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Մասնակցեցէք ձեր բարեկամներուն ծրագրին իրագործման: Կրնաք օգտակար ըլլալ անոնց...

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Իրենց մօրեղբօր` Սարհատ Մելիք Սարհատեանի մահուան առիթով` Տոքթ. Արա եւ Փաթիլ Մինասեան (Տալլաս/Թեքսաս) 100$ Ալպեր Աւետիս Մարգարեանի մահուան առիթով` Տէր եւ տիկին Կարպիս Նազարեան 50,000 լ. ո.

Մայաներու Հին Քաղաք Մը Գտնուած

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Հնաբաններ գտած են մայաներու հին քաղաք մը` մեքսիքական անտառին խորերը պահուըտած:               Այս պետութիւն-քաղաքը մեքսիքական խիտ անտառին խորերը պահուըտած է 1000 տարիներէ ի վեր: Անոր հետքերը գտնուեցան յունիսի սկիզբը, շնորհիւ երկինքէն առնուած նկարներու: Քաղաքին աւերակները կը տարածուին 22 հեքթար հողաշերտի մը վրայ: Ըստ հնաբաններուն հաշիւներուն, այս պետութիւն-քաղաքը բնակուած եղած է...

50 Տարի Առաջ (29 Յունիս 1963)

Խմբագրական Կրթական Հաշուեփակ Խրախուսիչ թափով մը երկրորդական եւ ազգային վարժարաններու ամավերջի հանդէսները կը յաջորդեն իրարու: Գրեթէ ամէն օր մամուլի սիւնակներուն մէջ կը կարդանք անունները հայ շրջանաւարտներու կամ պետական քննութեանց մէջ յաջողած հայ աշակերտներու եւ ուսանողներու: Տարուէ տարի այդ թիւը կ՛աւելնայ` կեանքի ասպարէզ նետելով հարիւրաւոր հայ երիտասարդ-երիտասարդուհիներ, որոնք իրենց ամբարած գիտութեամբ եւ արդիական դաստիարակութեամբ կը բարձրացնեն մեր ժողովուրդին կրթական մակարդակը, կը...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Ձեր օրը պիտի ընթանայ բնական ընթացքով: Առողջութեան վերաբերեալ աննշան հարցեր նկատի մի՛ առնէք: Շարունակեցէք ձեր աշխատանքը` ըստ սովորականի եւ միացէք զուարթ բարեկամներու: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Նոր հանդիպումներ պիտի ունենաք, պիտի տեսնէք բարեկամական նոր դէմքեր: Ձեր տրամադրութիւնը բարձր պիտի ըլլայ: Շարունակեցէք ուրախ բարեկամներու ընկերակցութիւնը: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Ձեր հոգերը մէկ կողմ դրէք...

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Շնորհիկ Լատոյեանի մահուան առիթով` «Ճիորճի Սապունճեան» հաստատութիւն 100$ Տէր եւ տիկին Նազարէթ Պարսումեան 100$

Page 421 of 482 1 … 420 421 422 … 482