Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միջատները Ճաշի Կը Նստին

June 22, 2013
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Այս շրջանին միջատները մեծ վնասներ կը հասցնեն բազմաթիւ երկիրներու հունձքերուն: Կարգ մը միջատներ կը յարձակին նոյնիսկ համակարգիչներուն վրայ:

Մատակասքար կղզիին մէջ մարախի տեսակ մըն է, որ աւերներ կը գործէ: Փետրուար ամսուն կղզիին վրայէն անցած մրրիկէն ետք, այդ մարախի թրթուրները բազմապատկուեցան խոնաւութեան պատճառով:

Իբրեւ հետեւանք` աւելի քան 500 միլիառ մարախ «թափեցաւ» Մատակասքարի գիւղացիներուն դաշտերուն վրայ: Այդ մարախները կը կազմեն բազմաթիւ քիլոմեթրեր մեծութիւն ունեցող ամպ մը, որ կը տեղափոխուի ժամական 20 քմ. արագութեամբ:

Երբ անոնք դաշտը վերջապէս կը լքեն, հոն ոչինչ կը մնայ: Մատակասքարի բնակչութիւնը, որ արդէն շատ աղքատ է, կրնայ ահաւոր սովի շրջան մը ապրիլ:

* * *

Ափրիկէի մէջ ճերմակ ճանճ մըն է, որ հիւանդութիւն մը կը յառաջացնէ մանիօքի բոյսերուն վրայ: Այս բոյսը դիւրին մշակուող արմատ մըն է եւ հիմնական ուտելիքն է 250 միլիոն ափրիկեցիներու: Ճերմակ ճանճին յառաջացուցած հիւանդութիւնը այդ արմատը անպէտք կը դարձնէ: Գիտնականները հաւաքուած են եւ կը փորձեն այս հիւանդութեան առաջքը առնել:

* * *

Միացեալ Նահանգներու հիւսիս-արեւելքը ականատես կ՛ըլլայ մրջիւններու նուաճումի մը. մրջիւններ, որոնք շատ կը սիրեն ուտել… համակարգիչներ:

«Քրէյզի անթս» (խենթ մրջիւններ) անուանուած մրջիւնները ելեկտրոնային նիւթեր կը փնտռեն իրենց բոյները շինելու համար: Ըստ գիտնականներուն, այս մրջիւնները ելեկտրոնային նշաններ կ՛արձակեն միւսներուն ուղղութեամբ, երբ անոնք ելեկտրական հոսանք մը կը ստանան: Իբրեւ արդիւնք, միւս մրջիւնները կը խուժեն…

* * *

Մինչ Միացեալ Նահանգներու արեւելքը կը պատրաստուի նաեւ ուրիշ տեսակի միջատներու ներխուժումին: Սակայն այս մարախին տեսակները Մատակասքարի մարախներուն նման վնաս պիտի չհասցնեն: Ասոնք միլիառաւոր ճպուռներ են, որոնք գետնէն դուրս պիտի ելլեն: Թրթուրները գետնին տակ մնացած են 17 տարիներու ընթացքին: Անոնք բոլորը միւսին գետնէն դուրս պիտի ելլեն բազմապատկուելու եւ յառաջացնելու նոր սերունդ մը, որ պիտի ծնի 17 տարիներ ետք…

Ճպուռները չեն խայթեր, բան մը չեն կլաներ: Սակայն անոնք կ՛աղմկեն:

 

Ո՞ր Անասունները Հոյամողէսներէն
Սերած Են

Հոյամողէսները… թռչուններուն նախահայրերն են: Գիտնականներուն համար, 160 միլիոն տարիներ առաջ, կարգ մը հոյամողէսներու մարմնին վրայ յառաջացած փետուրները կը փաստեն այս տեսութիւնը:

Սկզբնական շրջանին փետուրները կը ծառայէին հոյամողէսներուն մարմինը պաշտպանելու դուրսի ջերմաստիճանէն: Միլիոնաւոր տարիներ ետք այս փետուրները գոյներ ստացած են. անոնք կը ծառայէին հոյամողէսները իրարմէ զանազանելու: Ապա, դարձեալ միլիոնաւոր տարիներ ետք, հոյամողէսները կը սկսին թռչիլ:

Ինչո՞ւ այս թռչող հոյամողէսները վերապրեցան, մինչ ուրիշ հոյամողէսներ անհետացան 65 միլիոն տարիներ առաջ: Գիտնականները տակաւին պատասխան մը չեն գտած: Սակայն վստահ մէկ բան կայ. երբ դուն թռչուն կ՛ուտես, կարծես հոյամողէս կ՛ուտես:

 

Անհաւատալի, Բայց Իրա՛ւ

 

  • Մեր երկրագունդին վրայ բոլոր ժամանակներուն գոյութիւն ունեցած անասուններուն աւելի քան 99 առ հարիւրը կորսուած են:
  • Մարդ արարածները աշխարհի վրայ ապրած են 200 հազար տարիներէ ի վեր. մինչ հոյամողէսները մեր մոլորակին վրայ ապրած են մօտաւորապէս 160 միլիոն տարի:
  • Արծիւի մը որջը կրնայ բազմոցի մը չափ մեծ ըլլալ:
  • Երկրագունդին ջերմաստիճանը թեթեւօրէն կը բարձրանայ, երբ լուսինը լման կ՛ըլլայ:
  • Էվերեսթը մօտաւորապէս 27 անգամ աւելի բարձր է, քան` Էյֆել աշտարակը:
  • Յօրանջները փոխանցիկ են շեմփանզեներուն մօտ, ինչպէս փոխանցիկ է մարդ արարածներուն մօտ:
  • Թիթեռնիկները պէտք է իրենց թեւերը արեւուն տակ տաքցնեն թռչելէ առաջ:
  • Մեր մորթէն 6.5 սմ քառակուսի բաժինին վրայ գոյութիւն ունի մօտաւորապէս 6 միլիոն մանրէ:
  • Արեւադարձային վայրի անտառներուն մէջ կ՛ապրի աշխարհի միջատներու բնակչութեան 80 առ հարիւրը:
  • Նորածին կապոյտ կէտ մը կրնայ չափահաս փիղի մը չափ մեծ ըլլալ:
  • Կարգ մը գիշերային թիթեռնիկներ կը խմեն փիղերու արցունքները:
  • Աշխարհի հանքերու մէջի ամբողջին ոսկին կրնայ լեցնել Ողիմպիական երկու լողաւազան:
  • Կոկորդիլոսները երբեմն կը քալեն գետաձիերուն կռնակներուն վրայէն:
  • Կարելի է գնել կեղծ թարթիչներ եւ յօնքեր` շինուած իսկական մազէ:
  • Որքան աւելի ամփոփուիս, այնքան աչքերդ կը թարթես:

 

Հետաքրքրական

 

  • Նորվեկիացի լրագրող մը եւ հեղինակ մը 23 մայիսին կտրած են ամէնէն երկար հարցազրոյցի մրցանիշը: Այդ հարցազրոյցը տեւած է 30 ժամ, ամէն ժամը անգամ մը 5 վայրկեան դադարով: Այդքան երկար տոկալու համար անոնք պատրաստած էին հարցումներու երկար ցանկ մը` ամերիկացի նախագահներուն մասին, ոստիկանական վէպերուն մասին, Ֆրանսայի պատերազմին յաջորդող քաղաքականութեան մասին… Եթէ այս հարցազրոյցը տպուի, անիկա կրնայ հաստափոր մը կազմել:
  • Ֆիլիփինեան կղզիներու գիւղերէն մէկուն մէջ գիւղապետի պաշտօնի երկու թեկնածուները ընտրութիւններուն հաւասար ձայներ ստացան: Անոնք որոշեցին նոր գիւղապետը ընտրել մետաղադրամ մը նետելով երկու անգամ օդին մէջ, եւ երկու անգամին ալ մետաղադրամը նոյն կողմին վրայ ինկաւ:
  • Փերուի մէջ նոր օրէնքի մը հիմամբ այլեւս արգիլուած է դպրոցներուն մէջ ոչ առողջարար ուտելիքներու (իւղոտ ուտելիքներ, կազային խմիչքներ…) ծանուցումներ դնել: Դպրոցներուն մէջ խոհանոցներ ալ պիտի հաստատուին. հոն աշակերտները պիտի կարենան տաք ճաշեր ուտել: Փերուի մէջ չորս մանուկի վրայ մէկը շատ գէր է:
  • Իտալիոյ մէջ տնտեսական տագնապին պատճառով ժողովուրդը կը նախընտրէ գործածել փոխադրական նուազ ծախսալի միջոցներ, ինչպէս` հեծիկը: Այս ձեւով, երկու տարիէ ի վեր իտալացիները շատ աւելի հեծիկ կը գնեն, քան ինքնաշարժներ: Միակ անպատեհութիւնը` հեծիկի յատուկ ուղիներու պակասը:
  • Վենեզուելան պակասը ունի… բաղնիքի թուղթէ թաշկինակներու: Կառավարութիւնը պէտք է 79 միլիոն տոլար յատկացնէ դուրսէն գնելու այդ թուղթէ թաշկինակները, ինչպէս նաեւ` օճառ, ակռայի դեղ… Այս երկիրը ունի քարիւղի աշխարհի ամէնէն մեծ պահեստները, սակայն ան միշտ աւելի նուազ անմիջական կարիքներու նիւթեր կ՛արտադրէ: Հետեւաբար, երբ անոր պահեստները կը վերջանան, պէտք է քանի մը շաբաթ սպասել, մինչեւ որ նոր ապրանքը հասնի:
  • Անոր անունը Պոլթ է, աշխարհի ամէնէն արագ մարդուն` Ժամայքայի Ուսէյն Պոլթի նման: Ան «սուփըր» աղաւնի մըն է, որ արագութեան բազմաթիւ մրցումներ շահած է` ըստ իր պելճիքացի տիրոջ: Թռչնաբոյծը ստիպուած եղած է բաժնուելու իր ախոյեանէն եւ միւս 530 աղաւնիներէն, որովհետեւ ան անոնց հանդէպ գերզգայնութիւն ունեցած է:
    Այս «սուփըր» մարզիկ-թռչունը ծախուեցաւ աւելի քան 400 հազար տոլարի, աճուրդի մը ընթացքին. գնողը հարուստ չին մըն է: Այս ձեւով ան դարձաւ աշխարհի ամէնէն սուղ աղաւնին:
  • Անգլիոյ մէջ Սալֆորտ քաղաքի բնակիչները կը մտածեն ձեւեր գտնել, որպէսզի մանուկներ շատ չգիրնան: Այս ծրագիրներէն մէկն է դպրոցներուն շուրջ տապկուած գետնախնձորներ ծախելը արգիլել կէսօրէ ետք ժամը 5:00-էն առաջ: Անշուշտ շատ մարդիկ ուրախ չեն այս որոշումներով:

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող վեց տարբերութիւնները:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս գտնել վրձինին հասցնող ճամբան:
Քանի՞ հատ պաղպաղակ կրնաս կազմել վերի ձախի պաղպաղակին նման:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (22 Յունիս 1963)

Յաջորդը

Սրբոց Հռիփսիմեանց Բարձրագոյն Վարժարանի 2012-2013 Կրթական Տարեշրջանի Ամավերջի Հանդէսներ

RelatedPosts

Ծառերուն Վրայ Մեծցող Կարասիներ
Մանկապատանեկան

Ծառերուն Վրայ Մեծցող Կարասիներ

November 14, 2026
Տիուալի, Լոյսերու Փառատօնը
Մանկապատանեկան

Տիուալի, Լոյսերու Փառատօնը

November 7, 2026
Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը
Մանկապատանեկան

Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.