Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ) Դադրեցէք ամէն ինչ հաշիւ ընելէ, ձգեցէք, որ հարցերը իրենք լուծուին` ըստ օրուան կացութեան: Երկար-բարակ մի՛ մտածէք, ոչինչ կ՛ընէք: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Զոյգերու միջեւ անհասկացողութիւն կրնայ պատահիլ: Դուք եղէք նախաձեռնողը դէպի փոխադարձ հասկացողութեան գալու, որպէսզի մնաք խաղաղ: Մի՛ սրտնեղիք: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Մի՛ սպասէք, որ յոգնութիւնը ծայր աստիճան բարդանայ: Առիթ տուէք հանգստանալու:...