Այլազան

50 Տարի Առաջ (22 Օգոստոս 1963)

Ս. Թադէի Վանքին Ուխտագնացութիւնը Ս. Թադէի պատմական վանքին ուխտագնացութիւնը լայն ժողովրդականութիւն գտած է պարսկահայոց մէջ: Այս տարի եւս Ատրպատականի հայոց թեմակալ առաջնորդ Արսէն վրդ. Աւետիքեանի հովանաւորութեամբ եւ թեմակալ ազգային մարմիններու նախաձեռնութեամբ, յուլիս 25-ի երեկոյեան բազմահարիւր ուխտաւորներու կարաւանը ճամբայ ելած է Թաւրիզի առաջնորդարանէն եւ յուլիս 26-ի առաւօտեան հասած է Ս. Թադէի վանքը: Կարգապահութեան հսկողութիւնը յանձն առած են Թաւրիզի հայ արիներն ու...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Առողջութեան հսկելը եւ ուշադիր ըլլալը անշուշտ կարեւոր են, բայց եթէ մանր հարցեր պատահին, մի՛ մտահոգուիք: Ատոնք անցողակի են: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Բարեկամներու նեցուկը ձեզ պիտի յառաջ մղէ ձեր ասպարէզին մէջ: Ձեր ջանքերը պիտի արդիւնաւորուին նիւթապէս եւ բարոյապէս: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Առանց պատեհապաշտ ըլլալու` յարգեցէք պատեհութիւնները: Պէտք է գիտնալ օգտուիլ առիթներէն, որպէսզի...

50 Տարի Առաջ (21 Օգոստոս 1963)

Տոմսեր Ձուկերու Պատմութիւն... («Հին Եւ Նոր Ազգաց») Ամերիկեան թերթ մը կը հաղորդէ, թէ հեռաւոր երկրի մը մէկ լճին մէջ գտնուող ձուկերը ամբողջովին պիտի բնաջնջուին, եւ անոնց տեղ նոր տեսակի համեղ ձուկեր պիտի բերուին: Բնաջնջման այս սպառնալիքէն սարսափահար` ձուկերու կողմէ... պատուիրակութիւն մը կը դիմէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին եւ կը բողոքէ. - Պարոննե՛ր, մեզի ըսին, թէ դուք մարդ էք. մարդիկ կ՛ունենան խիղճ...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Նախքան ճամբայ ելլելը հեռու տեղ մը երթալու` ստուգեցէք ձեր ինքնաշարժին վիճակը եւ ըստ այնմ կատարեցէք ձեր ճամբորդութիւնը: Ուշադիր եղէք նաեւ ձեր դրամապանակին: Շրջահայեաց եղէք: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Յաջողութիւն մը պիտի արձանագրէք օրուան ձեր աշխատանքին ընթացքին: Անակնկալ, որ կրնայ նոր ուղղութիւն մը բանալ ձեր ապագային համար: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Յատուկ ծրագրի մը...

50 Տարի Առաջ (20 Օգոստոս 1963)

Խրիմեան Վարժարանի Նորակառոյց Շէնքի Բացման Հանդէսը Պուէնոս Այրէսի Մէջ  (Սեփական թղթակցութիւն «Ազդակ»-ի) Կիրակի, 11 օգոստոս, տեղի ունեցաւ Պուէնոս Այրեսի Խրիմեան վարժարանի նորակառոյց շէնքին բացման եւ համանուն երկրորդական վարժարանի հիմնարկութեան հանդէսը: Հակառակ յորդառատ անձրեւին` աւելի քան 1500 հոգի ներկայ եղան այս հանդիսութեան, որ իր ստեղծած խանդավառութեամբ եզակի երեւոյթ մը պիտի մնայ մեր գաղութի պատմութեան մէջ: Հանդէսը կը հովանաւորէր կաթողիկոսական պատուիրակ Բաբգէն...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Այսօր դժուարութիւն կրնաք ունենալ ձեր մտադրած աշխատանք մը կամ այլ ծրագիր մը իրագործելու: Համբերեցէք աւելի լաւ առիթի մը: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Ձեր շուրջը խառնակ կամ շփոթ վիճակ մը կայ, կրնաք թօթափել եւ յանձնուիլ իմաստութեան թելադրանքին: Հապճեպ որոշում մի՛ տաք որեւէ ատեն: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Եթէ տեղափոխութեան կամ ճամբորդութեան ժամանակամիջոցին չգտնէք ձեր...

50 Տարի Առաջ (19 Օգոստոս 1963)

Ս. Աստուածածնայ Տօնը Լիբանանի Մէջ Հաւատացեալներու Խուռներամ Բազմութիւն Մը Պիքֆայայի Մէջ Երէկ` կիրակի, 18 օգոստոս 1963, լիբանանահայութիւնը մեծ շուքով եւ խանդավառութեամբ տօնեց Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնը: Շաբաթ երեկոյ, մինչեւ ուշ գիշեր, ընտանեկան բազմահարիւր յարկերու տակ Աստուածամօր անուան տարեդարձը խրախճանքներով ոգեկոչուեցաւ: Կիրակի բոլոր եկեղեցիները երկսեռ հաւատացեալներու խուռներամ բազմութեամբ լեցուեցան: Ամէնուրեք Ս. պատարագը մատուցուեցաւ հանդիսաւոր երգեցողութեամբ, աւուր պատշաճի հոգեշունչ քարոզներ խօսուեցան եւ...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Պատրաստ եղէք օգնելու անձի մը, որ  վստահութիւն կը ներշնչէ ձեզի: Միասնաբար պիտի կարենաք յաջող գործունէութիւն ունենալ: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Պիտի փորձէք հասկնալ ձեր խօսակիցներուն միտքը` առանց զանոնք դատելու: Լաւ եւ օգտակար վերաբերում է այս: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Ջանացէք ձեր կարծիքը չպարտադրել ուրիշներուն: Իւրաքանչիւր անձ ունի իր տեսակէտը եւ իր դատելու, տրամաբանելու...

Անհաւատալի, Բայց Իրա՛ւ

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Թայլանտի մէջ կարգ մը կապիկներ իրենց ձագերուն կը սորվեցնեն ինչպէ՛ս ակռանին մաքրել:                   Եթէ դուն մազերդ բնաւ չկտրես, հաւանաբար անոնք դադրին երկարելէ մօտաւորապէս 60 սմ հասնելէ ետք: Կարգ մը թռչուններ կրնան իրենց կտուցը գործածել իրենց բոյնին ջերմաստիճանը չափելու համար: Ծիածանի գոյնով մարախներ կ՛ապրին Փերուի խիտ անտառներուն մէջ: Ժամանակին...

50 Տարի Առաջ (17 Օգոստոս 1963)

Այտա Ազնաւուր Իր Եղբօր` Շարլի Մասին Աթէնքի «Մեսիմորին» օրաթերթի աշխատակիցներէն Նիքոլաոս Մասթորաքիս Հռոդոս կղզիին մէջ տեսակցութիւն մը ունեցած է աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուրի քրոջ` Այտա Ազնաւուրի հետ: Յոյն լրագրողը նախ կը ներկայացնէ Այտա Ազնաւուրը, որ նոյնպէս սիրուած երգչուհի մըն է: Մանրակազմ, փոքր մարմին կին մըն է, մեծ աչքերով: Տեսակ մը Շարլ Ազնաւուր` երկար մազերով: Կը խօսի, կը քալէ, կը նայի`...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Այսօրուան ձեր խօսակցութիւնը պիտի անցնի աշխատանքի ձեւի մասին: Ձեր շրջապատին հետ կրնաք համաձայնիլ` ձեր փափաքը իրագործելու: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Օրուան ընթացքին բախտի բերմամբ պիտի ունենաք անակնկալ հանդիպում մը, որ ձեզ պիտի առաջնորդէ դէպի յաջողութիւն: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Բնաւ մի՛ կասկածիք, որ ձեր որոշած աշխատանքը կրնայ ձախողիլ: Ապաւինեցէք ձեր կարողութեան եւ մնացէք...

Կենցաղավարութիւն. Ճաշի Սեղանին Շուրջ

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Ճաշի սեղանին շուրջ կան կենցաղավարութեան տարրական օրէնքներ, զորս պէտք է յարգել: Արդեօք ծանօ՞թ էք բոլորին, եկէ՛ք` ստուգենք: 1 Ճաշարանը, երբ ձեր ապսպրած ուտելիքները սեղան կը դրուին, նախքան ուտելը «բարի ախորժակ» կը մաղթենք: ՍԽԱԼ: Մանաւանդ երբ մտերիմներով շրջապատուած չենք, այս խօսքը բոլորովին անտեղի է: 2 Երբ կ՛աւարտէք ձեր ճաշը, ձեր ձեռքերը կը դնէք ձեր ծունկերուն վրայ: ՍԽԱԼ: Ճաշը...

50 Տարի Առաջ (15 Օգոստոս 1963)

Խմբագրական Իրաւատէրը Չի Հրաժարիր Վերջերս թուրք խորհրդարանական պատուիրակութիւն մը այցելեց Մոսկուա: Թուրք երեսփոխանները սիրալիր ընդունելութեան մը արժանացան խորհրդային մայրաքաղաքին մէջ, ուր ճաշկերոյթներն ու խրախճանքները իրարու յաջորդեցին` առաւելագոյն պատիւը ընծայելու համար հարաւի դրացիին ներկայացուցիչներուն: Այդ բոլորը քաղաքավարական արտայայտութիւններէ դուրս երեւոյթներ պիտի չնկատէինք, եթէ քաղաքական որոշ յայտարարութիւններ, որոնք ուղղակի կապ ունին Հայ դատի ճակատագրին հետ, տեղ չգտնէին խորհրդային ղեկավարներու, մասնաւորաբար Քրեմլինի ամենազօր...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Նկատի առէք օրուան անցուդարձերը, որպէսզի կարենաք ճիշդ որոշում տալ ձեր կատարելիք աշխատանքին վերաբերեալ կարգադրութիւն կատարելու: Օրը կը պահանջէ համբերատար աշխատանք, նկատի առէք: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Լաւ ստուգեցէք ձեր պաշտօնական վաւերաթուղթերը, որպէսզի դիւրութեամբ կարենաք իրագործել ճամբորդական հարց մը, կամ` կալուած մը գնելու ձեր որոշումը: Ճշդապահ եղէք ժամադրութեան մը պարագային: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)...

50 Տարի Առաջ (14 Օգոստոս 1963)

Խմբագրական Մոսկուայէն Ետք... Երեք Մեծերու` Միացեալ Նահանգներու, Խորհրդային Միութեան եւ Մեծն Բրիտանիոյ միջեւ ստորագրուած հիւլէական փորձերու մասնակի դադրեցման վերաբերեալ դաշնագիրը, անկախ այն իրողութենէն, որ վերջ կու տայ վտանգաւոր զինարշաւի մը, մեծ կարեւորութիւն կը ստանայ, երբ նկատի կ՛ունենանք անոր ընծայած հնարաւորութիւնները այլ մարզերու մէջ հետագային գոյանալիք համաձայնութիւններու տեսանկիւնէն: Այլ խօսքով, եթէ այդ դաշնագրին մէջ տեսնենք նախանշանը միջազգային յարաբերութիւններու նոր շրջանի մը,...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Ձեր երկինքը պայծառ է այսօր, բախտաբեր: Կրնաք ձեր սիրելիին հետ հաճելի պահեր ունենալ, ամուսնացած ըլլաք թէ ամուրի: Ուրախ եղէք: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Պէտք է յաւելեալ ճիգ թափէք ընկերութեան մէջ համակերպ ապրելու համար: Նկատի առէք ձեր խօսակիցներուն կարծիքը ամենայն ուշադրութեամբ: Միտքերու փոխանակումը անհրաժեշտ է: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Յաջող գործունէութիւն մը պիտի ունենաք`...

50 Տարի Առաջ (13 Օգոստոս 1963)

Հայկական Ժողովրդական Առածներ - Փորձուած սատանան չփորձուած հրեշտակէն լաւ է: - Թռչուն կայ, որ միս կ՛ուտէ, թռչուն ալ կայ, որուն միսը կ՛ուտեն: - Մէկու մը 40 օր խենթ ըսես` խենթ կ՛ըլլայ: - Որբին հաց տուող չ՛ըլլար, բայց խրատ տուող շա՜տ կ՛ըլլայ: - Գայլէն վախցողը ոչխար չի պահեր: - Այծին կոտոշը դուրս չեկաւ` ըսին «ո՛ւլ ա»: - Խլուրդն ինչքան հող փորէ`...

Page 416 of 482 1 … 415 416 417 … 482