Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տարօրինակ Վայրեր

August 3, 2013
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Արձակուրդները առիթ են` այցելելու տարբեր վայրեր, ծանօթանալու տեսակաւոր բաներու: Այս ձեւով մենք ալ այսօր մեր տողերուն ընդմէջէն պիտի կարենանք այցելել եւ ճանչնալ հեռաւոր վայրեր:

Լեհաստան
«Քինկ Տըլաքս ուաթըր վիլլա»

 

 

 

 

 

 

 

Մեր ճամբորդութեան ընթացքին առաջին դադարը պիտի ըլլայ Մալտիվեան կղզիներուն մէջ:

Մալտիվեանները Հնդկաց ովկիանոսին մէջ փոքրիկ պետութիւն մըն են: Հոն գոյութիւն ունի «Քինկ Տըլաքս ուաթըր վիլլա» ընդծովեայ պանդոկը: Այդ պանդոկին հիւրերը ոչ միայն ձուկերուն հետ քնանալու տպաւորութիւնը կ՛ունենան, այլ կրնան նաեւ իրենց նախաճաշը առնել ջուրին տակ, ձուկերու աչքերուն տակ: Սակայն արդեօ՞ք կէսօրուան ճաշացուցակին վրայ ձուկ կայ…

Մեր յաջորդ դադարին համար մենք պիտի ուղղուինք դէպի Եւրոպա: Առաջին հերթին անցնինք Լեհաստանէն` այցելելու համար այս «տակնուվրայ» դարձած տունը: Արդեօ՞ք մրրիկ մը անցած է հոնկէ` ամբողջ տունը տեղահան ընելով եւ զայն շրջելով: Ո՛չ, այս փոքրիկ գիւղին մէջ գտնուող տարօրինակ տունին տէրը, որ վաճառական է, զայն յղացած է: Կարգ մը անձեր կ՛ըսեն, թէ ան ուզած է տունը այս ձեւով շինել տալ` նշելու համար աշխարհի այժմու «տակնուվրայ» վիճակը:

Սաութ Տաքոթա
«Եունկ-Քրոու այս փալաս»

 

 

 

 

 

 

 

Լեհաստանէն մենք պիտի անցնինք Զուիցերիա: Եունկ-Քրոու զուիցերիական Ալպեան լեռներու երրորդ ամէնէն բարձր գագաթն է, բայց նոյն ատեն  անիկա աշխարհի ամէնէն բարձր սառոյցէ պանդոկն է: Անիկա ուղղակիօրէն սառոյցի մէջ քանդակուած է 1930-ական թուականներուն լեռը մագլցողներէն մէկուն կողմէ: «Եունկ-Քրոու այս փալաս»-ին մէջ գոյութիւն ունին սառոյցէ սենեակներ շարք մը` աթոռներով եւ սեղաններով օժտուած, իկլու մը եւ մարդոց ու անասուններու արձաններ:

Հիմա մենք կտրենք Ատլանտեան ովկիանոսը, անցնինք Ամերիկա, Միացեալ Նահանգներ եւ ուղղուինք դէպի Սաութ Տաքոթա նահանգը: Ամերիկացիներուն շատ սիրած փոփ-քոռնը կու գայ Միացեալ Նահանգներուն մէջտեղը գտնուող Միտուէսթ շրջանին քոռն պելթէն (եգիպտացորենի գօտին):

Մեքսիքօ Սիթի

1892 թուականին Սաութ Տաքոթայի (Հարաւային Տաքոթա) Միչըլ քաղաքին բնակիչները շինած են ուղղակիօրէն եգիպտացորենէ զարդարուած վայր մը, ուր երկրագործները կրնային հաւաքուիլ հունձքի եղանակին տօնակատարութիւններու համար: «Քոռն փալաս»-ը տակաւին կանգուն է եւ ամէն տարի անոր պատերը կը զարդարուին 13 տարբեր գոյնի եգիպտացորեններով, եւ կը ներկայացնեն դաշտային կամ ագարակի կեանքէն տեսարաններ: Այդ «Փալաս»-ին մէջ ամէն տարի տեղի կ՛ունենայ եգիպտացորենի փառատօն մը, ինչպէս նաեւ` երգահանդէսներ եւ մարզական ձեռնարկներ:

Արդեօք մտածա՞ծ էք, թէ ի՞նչ կարելի է զգալ, երբ խեցիի մը մէջ ապրինք: Ասոր պատասխանը կարելի է գտնել Մեքսիքօ Սիթիի մէջ, Մեքսիքա: Այս իւրայատուկ շինութեան ձեւը կը նմանի սիպէի եւ ընգղայի զարմիկ կակղամորթի մը` նոթիլուսին: Այս պեթոնէ նոթիլուսին մէջը կը գտնուին խիճերով փոքրիկ անցքեր, խոտէ «գորգ» մը եւ աւազով պատուած պատերով բաղնիք մը:

 

Ծանօթանանք Նոթիլուսին

Ա.- Նոթիլուսին աչքերը ոսպնեակներ չունին: Ջուրը կրնայ անոր աչքերէն ներս մտնել եւ դուրս ելլել:

Բ.- Նոթիլուսը կրնայ ունենալ մինչեւ 47 զոյգ բողկուկներ, զորս ան կը գործածէ հոտուըտալու եւ իր ուտելիքները բռնելու:

Գ.- Նոթիլուսին գծաւոր խեցիին մէջը գոյութիւն ունին պզտիկ բաժիններ, որոնք  պարոյր մը կը կազմեն: Անասունը կ՛ապրի խեցիին բացուածքին ամէնէն մօտ բաժինին մէջ: Աճելու ընթացքին այդ բաժիններն ալ կ՛աւելնան:

Դ.- Երբ վտանգի մէջ կը գտնուի, նոթիլուսը խեցիին մէջ կը քաշուի եւ ինքզինք կը բանտարկէ իր պատեանին մէջ:

Ե.- Նոթիլուսին խեցին հաստ եւ կարծր է: Դուրսի բաժինը գծաւոր է, իսկ ներսը` փայլուն:

 

Հետաքրքրական

Աշխարհի Ամէնէն Շատ Խաղցուած
Մարզաձեւը

քրիքեթ
Ֆութպոլ

 

 

 

 

 

 

 

Ֆութպոլը ամէնէն շատ ժողովրդականութիւն ունեցող մարզաձեւն է Եւրոպայի, Հարաւային Ամերիկայի, Ափրիկէի եւ Ասիոյ կարգ մը երկիրներուն մէջ:

Սակայն դիւրին չէ նման դասաւորում մը հաստատել միջազգայնօրէն, որովհետեւ կարգ մը երկիրներու մէջ դժուար է թիւեր ստանալ:

Իսկ գիտէի՞ր, թէ ֆութպոլը ծնած է Անգլիոյ մէջ, 19-րդ դարուն. սակայն գնդակի մը հարուածելով խաղալը արդէն գոյութիւն ունէր հին ժամանակներուն:

Ֆութպոլէն ետք երկրորդ կարգի վրայ կը գտնուի քրիքեթը: Անիկա մեզի շատ ծանօթ մարզաձեւ մը չէ: Ֆութպոլին նման` ան ալ հնարուած է անգլիացիներուն կողմէ: Ան տարածուած է յատկապէս Անգլիոյ հսկայական կայսրութեան մաս կազմած երկիրներուն մէջ: Այս ձեւով անիկա ազգային մարզաձեւն է Հնդկաստանի մէջ, որ աշխարհի ամէնէն շատ բնակիչ ունեցող երկիրներէն մէկն է. քրիքեթը կը խաղցուի նաեւ Աւստրալիոյ  եւ Ժամայքայի մէջ:

* * *

Սուամփ Սաքըր

 

Այս մարզաձեւը ֆութպոլի տարբերակ մըն է եւ հաւանաբար` օճառ արտադրող ընկերութիւններուն նախասիրած մարզաձեւը:

Խաղին օրէնքները նոյնն են: Սակայն, ինչպէս անունը կը նշէ (սուամփ` ճահիճ), ան կը խաղցուի ցեխոտ դաշտի մը վրայ:

Այս պարագային, մարզիկներ շատ աւելի ճիգ պէտք է թափեն հակառակորդ խումբին դէմ կէտ մը նշանակելու համար: Մինչեւ ծունկերը հասնող ցեխին մէջէն վազելն ու գնդակին հարուածելը դիւրին գործ չէ: Հետաքրքրականը այն է, որ վեց մարզիկներէ կազմուած այս խումբերը կրնան խառն ըլլալ, այսինքն` թէ՛ մանչ, թէ՛ ալ աղջիկ մարզիկներէ բաղկացած ըլլալ:

Սուամփ սաքըրը մեծ ժողովրդականութիւն ունի Ֆինլանտայի մէջ, ուր ան հնարուած է տասը տարի առաջ: Ամէն տարի հոն տեղի կ՛ունենայ աշխարհի ախոյեանութիւնը:

* * *

Քինկ–Պոլ

Քինկ-պոլը կը խաղցուի նուազագոյնը չորս խաղցողէ կազմուած երեք խումբերով:

Խաղին նպատակն է դէպի հակառակորդ խումբ մը ղրկել հսկայական գնդակ մը այն ձեւով, որ այդ խումբը չկարենայ գնդակը բռնել: Եթէ գնդակը գետին դպնայ, խումբը կէտ մը կ՛արձանագրէ: Սակայն հարկ չկայ մտահոգուելու, որովհետեւ այս խաղը խաղալու համար զօրաւոր մկաններու պէտք չկայ: Ճիշդ է, որ այս խաղին գնդակը աւելի քան մէկ մեթր տրամագիծ ունի, սակայն անիկա միայն մէկ քիլօ կը կշռէ:

 

Մտածենք

Տարօրինակ Ցանկապատ Մը

Կենդանաբանական պարտէզի մը մէջ գոյութիւն ունի ցանկապատով մը շրջապատուած վայր մը, ուր կը պտտին ջայլամներ եւ եղնիկներ:

Այս անասունները միշտ ցրուած կ՛ըլլան կամ պահուըտած` ժայռերուն եւ մացառներուն ետեւը: Հետեւաբար, եթէ այցելու մը կ՛ուզէ գիտնալ, թէ այդ վայրին մէջ քանի՞ անասուն գոյութիւն ունի, պզտիկ տախտակ մը անոնց տարօրինակ բացատրութիւն մը կու տայ. «Հոս գոյութիւն ունին 30 աչքեր եւ 44 ոտքեր»:

Քանի՞ ջայլամ եւ քանի՞ եղնիկ գոյութիւն ունին այդ ցանկապատէն ներս:

Պատասխանը` վերջաւորութեան

 

Ժամանց

 

Կրնա՞ս գտնել ելքի ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ գոյութիւն ունեցող 10 անբնական մանրամասնութիւնները:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս գտնել այն մանրամասնութիւնը, որ գոյութիւն ունի մէկ տուփիկի մէջ միայն:
Ո՞ր կտորը կը համապատասխանէ քառակուսիին մէջի շրջագիծին:

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս գտնել տոմինոներուն տրամաբանական շարքը` սկսելով թիւ 5 տոմինոյէն:
Կրնա՞ս գտնել այն կտորը, որ մաս չի կազմեր պատկերին:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Պատասխան

– Սկզբունքով իւրաքանչիւր անասուն ունի երկու աչք: Ցանկապատին մէջ գոյութիւն ունին 30 աչքեր, հետեւաբար` 15 անասուններ:

– Եթէ այդ բոլոր անասունները չորս ոտքեր ունենային, մենք պէտք է ունենայինք 60 անասուններ:

– Սակայն որովհետեւ հոն միայն 44 ոտքեր կան, հետեւաբար կան (60-44) փ 2 = 8 ջայլամներ (նոյնիսկ եթէ անոնք կրնան մէկ ոտքի վրայ կանգնիլ), եւ (15-8) = 7 եղնիկներ (4 ոտքերով):

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (3 Օգոստոս 1963)

Յաջորդը

Նամականի

RelatedPosts

Ծառերուն Վրայ Մեծցող Կարասիներ
Մանկապատանեկան

Ծառերուն Վրայ Մեծցող Կարասիներ

November 14, 2026
Տիուալի, Լոյսերու Փառատօնը
Մանկապատանեկան

Տիուալի, Լոյսերու Փառատօնը

November 7, 2026
Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը
Մանկապատանեկան

Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.