Այլազան

50 Տարի Առաջ (30 Օգոստոս 1963)

Լուսոյ Նոր Վառարան Մը Անթիլիասի Մէջ  Հայ հոգիին ամէնէն փափաքելի իղձն է իր մտքին լուսաւորումը, որուն համար ալ ան դարեր շարունակ, ի գին մեծ զոհողութեանց, իր հաստատուած վայրերուն մէջ ջանացած է յագուրդ տալ ոչ միայն իր հոգւոյ կարիքներուն` եկեղեցիներ կառուցելով, այլ նաեւ անոնց կողքին ան վեհանձնօրէն բարձրացուցած է լուսոյ վառարաններ` կրթարաններ, ուր յաջողած է կենդանի շունչ եւ ազգային գիտակցութիւն սերմանել...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Ձեր բախտը փորձելու առիթ մը պիտի ունենաք ոչ միայն վիճակահանութեան տոմս մը գնելով, այլեւ` անակնկալ պատահարի մը յայտնուելով: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Ծովը կամ գիւղը պիտի ըլլայ ձեր նախընտրած վայրը: Փորձեցէք մէկն ու մէկը, որպէսզի մնաք բնութեան ծոցին: Օրը խաղաղ պիտի ըլլայ: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Ուշադիր եղէք ձեր մուրհակներուն վճարման: Եթէ մոռացում...

Կենցաղավարութիւն. Տիպար Հրաւիրեալի 12 Պատուիրանները

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ 1 Յարգեցէք «քաղաքավարութեան քառորդ ժամ»-ը Առօրեայ կեանքի մէջ ճշդապահութենէն լաւ բան չկայ, բացի մէկ պարագայէ` երբ տեղ մը ճաշի, ընթրիքի հրաւիրուած էք: Նման պարագաներու կենցաղավարութիւնը կը պահանջէ, որ ճշդուած ժամէն քառորդ ժամ ուշ հասնիք: Ուշադի՛ր, եթէ ձեր ուշացումը այդքանէն աւելի է, պէտք է անպայման տանտիրուհին տեղեակ պահել: 2 Պարապ ձեռքերով չերթաք Աւանդութիւնը կ՛ըսէ, որ փունջ մը ծաղիկը...

50 Տարի Առաջ (29 Օգոստոս 1963)

Խմբագրական Յիսնամեակը Կու Գայ (Կեմպարսքիի Նոր Յօդուածին Առթիւ) Մօտ է յիսնամեակը: 1965-ին յիսուն տարի անցած պիտի ըլլայ այն եղեռնաբոյր թուականէն, երբ մէկ միլիոն հայեր, ամբողջ ապագայ մը, անպատում ողբերգութեան մը խաւարին մէջ կորսուեցան անհետ: Այնքան մեծ էր եւ ահաւոր ոճիրը, որ յիսուն տարիները բաւական չեղան չափելու համար դաւը, որ նիւթուեցաւ եւ գործադրուեցաւ կենսախայտ ժողովուրդի մը զաւակներուն դէմ: Ու ճիշդ ատոր...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Արձակուրդի օրերը եթէ աւարտած են կամ արդէն իրենց վերջաւորութեան հասած, որքան որ կրնաք ջանացէք ըմբոշխնել ստեղծուած հաճելի առիթները: Սիրով ապրեցէք: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Փափուկ կացութեան մը մէջ պիտի կարենաք լաւագոյն շահը ապահովել նիւթական եւ բարոյական իմաստով: Օրը ունի հաստատ յաջողութիւն: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Ձեր աշխատանքը պիտի գնահատուի ամենայն խղճմտութեամբ: Անկեղծ կեցուածքը...

50 Տարի Առաջ (28 Օգոստոս 1963)

Կարեւոր Գիրք Մը Հայկական Հարցը Մեծ Պետութեանց Քաղաքականութեան Մէջ Այս աշխատութիւնը, որուն հեղինակն է տոքթ. Ֆրանչեսքօ Սիստարի, Վենետիկ, վերլուծում մըն է մեծ պետութիւններու քաղաքական արեւելեան խնդիրներուն ամէնէն փափուկներէն մէկուն` Հայկական հարցին (Պերլինի ժողովին փակումէն մինչեւ 1923-ի Լոզանի դաշինքը, էջ Ժ. 322, աշխարհագրական երկու գունատիպ տախտակներով, 36 փաստաթուղթերով եւ կը կազմէ Փատովայի համալսարանի քաղաքական գիտութիւններու բաժնին 8-րդ հատորը): Հատորը կը բացուի կարճ...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Եթէ մուրհակ վճարելու հարց ունիք, ճիշդ ժամանակին ներկայացէք, որպէսզի յետաձգումի պատճառով թիւրիմացութիւն մը չպատահի: «Մեղքը լալով, պարտքը տալով»: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Յաւելեալ պարտաւորութիւն մի՛ ստանձնէք, որպէսզի կարենաք ձեր աշխատանքները կարենաք կատարել բնական ձեւով: Ձեր կեդրոնացումը մի՛ ցրուէք: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Հանդարտ տրամադրութեամբ գործի պիտի սկսիք, նոր նախաձեռնութիւններու պարագային ուշադիր եղէք, որպէսզի...

50 Տարի Առաջ (27 Օգոստոս 1963)

Տոմսեր Հրաշքների Նոր Աշխարհը (Ինչե՜ր, Ինչե՛ր Կը Պատահին) Ինչե՜ր տեղի կ՛ունենան Խորհրդային Միութեան երկրագործական ճակատին վրայ եւ կեանքին մէջ առհասարակ.- դժուար է երեւակայել, սակայն ամէնէն անհաւատալի առասպելն իսկ իրականութեան մօտ է: Ահաւասիկ վերջինը հազարումէկ անակնկալներու շարքէն: Վերջերս Կիպրոսէն հայրենադարձ հայ մը իրեն հետ հայրենիք կը տանի տարիներով իր մօտ պահած կրիայ մը, մօտ հարիւր վաթսուներկու տարեկան: Երկուքն ալ կը հաստատուին...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Ամառնային եղանակը նոր առիթ մը պիտի ստեղծէ արձակուրդի օրեր անցընելու ձեր ճաշակին յարմար վայրի մը մէջ: Պիտի ծանօթանաք նոր անձերու: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Մի՛ մերժէք պտոյտի մը հրաւէրը ընկերական շրջանակի մէջ: Մի՛ մնաք ձեր ծրագիրներուն հպատակ. փոփոխութիւնները կարեւոր են ուրախանալու համար: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Օգտակար ելոյթ մը պիտի ունենաք ընկերային շրջանակի...

50 Տարի Առաջ (26 Օգոստոս 1963)

Պիքֆայայի Ծաղիկներու Տօնը Փայլուն Յաջողութիւն Մը Ունեցաւ Երէկ Պիքֆայայի մէջ տեղի ունեցաւ Ծաղիկներու տօնը: Աւանդական դարձած այս տօնախմբութիւնը արձանագրեց փայլուն յաջողութիւն մը, թէ՛ անթերի կազմակերպութեան եւ թէ՛ խճողումի առաջքը առնելու համար կազմակերպիչ մարմինին ձեռք առած միջոցառումներուն շնորհիւ: Երթեւեկը արգիլուած էր Պիքֆայայի եւ Տհուր Շուէրի միջեւ, ժամը 16:30-17:30: Մասնաւոր յանձնախումբեր նշանակուած էին պաշտօնական հիւրերը դիմաւորելու համար: Տասնինը կառքեր, գեղեցկօրէն զարդարուած, տողանցեցին...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Եթէ դուրս ելլէք կամ իբրեւ զբօսաշրջիկ տեղ մը երթաք, ուշադիր եղէք ձեր դրամապանակին, որպէսզի ճարպիկ մէկը չգողնայ զայն: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Պտոյտ մը կատարեցէք, որպէսզի նորութիւններ տեսնէք եւ զարգացնէք ձեր գիտութիւնը, նոյն ատեն մաքուր օդ շնչեցէք: Օրը այս կը պահանջէ: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Բազմատեսակ աշխատանքը կը յոգնեցէ ձեզ, հետեւաբար ժամանակ տրամադրեցէք...

Տաք Ամառներ

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Արդեօք նշմարա՞ծ էք, թէ ինչպէ՞ս մեզի կը թուի, թէ ամէն ամառ օդը նախորդ տարիէն աւելի տաք կ՛ընէ: Իսկապէս, ըստ Ամերիկեան կլիմայական կեդրոնին, այս յունիսին բազմաթիւ երկիրներու մէջ արձանագրուած են տաքութեան մրցանիշներ: Ըստ վերջին ուսումնասիրութիւններուն, 2013-ի յունիս ամիսը երկրագունդին վրայ 5-րդ ամէնէն շատ տաք ամիսը եղած է վիճակագրութեան ամբողջ պատմութեան մէջ: Այս տարուան յունիսին մեր մոլորակին վրայ...

50 Տարի Առաջ (24 Օգոստոս 1963)

Խմբագրական Լիբանանի Վերելքը Երէկ թարգմանաբար եւ արդար հպարտութեամբ հրատարկեցինք այն շահեկան յօդուածը, որ լոյս տեսած է «ԺԷՕՆ ԱՖՐԻՔ» շաբաթաթերթին մէջ` «Լիբանան` Միջին Արեւելքի Զուիցերիան» խորագրին ներքեւ: Նոյնութեամբ պահեցինք նաեւ խորագիրը, տրուած ըլլալով, որ մեր երկրին դիմագիծը, իր բազմաթիւ երեսներով ներկայացնելու համար, ատկէ աւելի արտայայտիչ բացատրութիւն կարելի չէ գտնել: Յօդուածագիրը, որ հմուտ կը թուի ըլլալ տնտեսական ու ելեւմտական հարցերու, կատարած է...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Վստահութիւնը եւ անտարբերութիւնը իրարու հետ մի՛ շփոթէք: Մնացէք բնական ընթացքով` միշտ մտածելով բարիին ազդեցութեան մասին եւ անսալով ձեր խղճի ձայնին: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Առողջութեան հետ կատակ կամ խաղ չ՛ըլլար: Նախատեսուածին վրայ մի՛ կասկածիք, առաջքը առէք նոյնիսկ թեթեւ անհանգստութեան մը: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Եթէ տօնական օր մը կազմակերպէք, կամ եթէ դուք հրաւիրուիք...

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Այտա Մահսէրէճեանի յիշատակին` Մահսէրէճեան ընտանիք 2000$ Գրիգոր Թորոսեանի մահուան քառասունքին առիթով` Տէր եւ տիկին Միհրան Թորոսեան 50,000 լ. ո.

50 Տարի Առաջ (23 Օգոստոս 1963)

Կեանքը Քեսապի Մէջ ԲԵՐՔԸ.- Այս տարի բացառիկ անձրեւոտ տարի մըն էր: Հակառակ ասոր` պէտք է ըսել, որ բերքերը քիչ մը շատ հեռու են գոհացուցիչ ըսուելէ: Տեղացող յորդառատ անձրեւները փճացուցած են խնձորի ծաղիկը, որուն պատճառով այդ առաջնակարգ բերքը շատ տկար է: Սակայն այդպէս կարելի չէ ըսել երկու գիւղերու համար` Էքիզոլուգի եւ Քէօրքիւնէի համար: Մանաւանդ` Քէօրքիւնէի մէջ խնձորի բերքը շատ քաջալերական է...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Շատ լաւ վիճակի մէջ էք: Օրուան ընթացքին պիտի օգտուիք որեւէ դրական երեւոյթէ: Օրը գեղեցիկ է ամէն տեսակէտով: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Պիտի կարենաք իրագործել այն, ինչ որ ծրագրած էիք: Օրուան ընթացքին պատահելիք հանդիպումները պիտի ըլլան հաճելի եւ օգտակար: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Կրնաք ապաւինիլ օգնութեանը ձեր բարեկամներուն, երբ կարիք ունենաք դժուարին աշխատանք մը...

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Իր եղբօր` Սարհատ Մելիք Սարհատեանի մահուան առիթով` Տիկին Արմինէ Երէցեան (Միացեալ Նահանգներ) 100$ Նոյն առիթով` Ազգային մը (Միացեալ Նահանգներ) 40$

Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Առողջ Միջավայր Նորածինին Սենեակին Մէջ

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Շուտով կը ծնի ձեր փոքրիկը, եւ դուք հաւանաբար արդէն ընտրեր եւ պատրաստեր էք այն սենեակը, ուր ան պիտի անցընէ իր ժամանակին մեծ մասը: Ինչպէ՞ս Պատրաստել Առողջ Միջավայրով Սենեակ Մը Նախընտրելի է, որ փոքրիկին սենեակը ճամբուն մօտիկ չըլլայ, որպէսզի աղմուկը քիչ ըլլայ: Հնարաւոր եղածին չափ սենեակէն հեռու պահել փոշի հաւաքող բոլոր իրերը, ինչպէս փէօլիւշ խաղալիքները, թանձր գորգերը, թաւշեայ...

Page 415 of 482 1 … 414 415 416 … 482