Այլազան

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Եթէ կը կասկածիք ձեր շուրջը կատարուող կարգ մը հարցերէ, առանց վերապահութեան արտայայտուեցէք, որպէսզի ձեր ծրագիրը չվնասուի: Ուշադիր եղէք: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Ճամբորդութեան ծրագիր մը ունիք, որ պիտի կատարուի յաջողութեամբ: Պիտի ունենաք կեանքի փոփոխութիւն եւ նորութիւններու իրագործում: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Օրուան նախաձեռնութիւնները պիտի աւարտին յաջողութեամբ: Նոր առաջարկներու պարագային եղէք տրամադիր` զանոնք սերտելու...

50 Տարի Առաջ (16 Մայիս 1964)

Խորէն Ա. Կաթողիկոսի Անդրանիկ Այցը Սուրբ Երրորդութիւն Եկեղեցի Քարանթինայի հայութեան համար պատմական թուական մը եղաւ 3 մայիս 1964-ի կիրակին, Խորէն Ա. կաթողիկոսի հովուական անդրանիկ այցելութեամբ, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերած էին Լիբանանի հայոց բարեջան առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոս, դպրեվանքի տեսուչ Գարեգին եպիսկոպոս, վարդապետներ, պետական եւ ազգային երեսփոխաններ: Թաղականութեան եւ յանձնախումբերու ընկերակցութեամբ, լիբանանահայոց բարեջան առաջնորդ Տաճատ արք. առաւօտեան ժամը 7:30-ին ժամանեց եկեղեցի: Սրբազան հօր...

horoscope1-saidaonline7

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Անգամ մը եւս ստուգեցէք ձեր պատրաստած ծրագիրը, թղթածրարը կամ նոր որոշումը, որպէսզի մոռցուած բան մը չըլլայ, կամ` անորոշ ոչինչ մնայ: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Հաւաքական կամ խումբով պատրաստուած եւ կիրարկուած աշխատանքի մը պտուղը պիտի քաղէք` իբրեւ այդ աշխատանքին ծրագիրը յղացողը: Այս յաջողութիւնը պիտի ունենայ նիւթական եւ բարոյական անդրադարձ: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Ժամանակ...

b845058171298289dacb8f55edd7cac1

Ձմերուկը Շերտելու Եւ Հրամցնելու Հետաքրքրական Ձեւեր

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Արդէն ձմերուկի եղանակն է եւ կ՛արժէ օգտուիլ այս հիւթեղ, զովացնող եւ քիչ ջերմուժ պարունակող պտուղէն: Ահաւասիկ 3 հետաքրքրական ձեւեր` ձմերուկ կտրտելու եւ հրամցնելու: Ա.- Ձմերուկը եռանկիւններու ձեւով կտրտել, կեղեւին մէջ բացուած ճեղքին մէջ պաղպաղակի ցպիկ մը զետեղել եւ հրամցնել: Բ.- Պաղպաղակ ձեւաւորող կլոր դգալի մը միջոցով ձմերուկին մէջ փորել եւ փոքրիկ գնդակներ ձեւաւորել, ապա զանոնք շարել ներկայանալի,...

50 Տարի Առաջ (15 Մայիս 1964)

Ուիլիըմ Սարոյեան Իր Ծննդավայրին Մէջ Պիտի Հանդիպի Կարին, Վան, Մուշ, Բաղէշ, Ատանա, Կեսարիա, Զմիւռնիա Եւ Այլն Մեծանուն գրագէտ Ուիլիըմ Սարոյեան ամսոյս 9-ին Պոլսէն մեկնած է դէպի Զմիւռնիա (Պիթլիս)` ընկերակցութեամբ «Մարմարա» թերթի տնօրէն Պետրոս Զօպեանի եւ աշխատակից Արա Ալթունեանի: Թուրքիոյ մամուլի նախարար Ալի Իհսան Քէօյիւշ փափաք յայտնած ըլլալով հանդիպում մը ունենալ մեծանուն գրագէտին հետ` Ուիլիըմ Սարոյեան գիշեր մը մնացած է Անգարա...

horoscope1-saidaonline7

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Ձեզ պիտի հրաւիրեն հետաքրքրական ճամբորդութեան մը: Ընդունեցէք: Առիթ պիտի ունենաք ծանօթանալու ոչ միայն գեղեցիկ վայրերու, այլեւ` նոր եւ հաճելի դէմքերու: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Զօրացուցէք ձեր ինքնութիւնը, ուրիշներուն հարցերը կարեւոր մի՛ նկատէք: Հարկ է նախ ձեր անձին մասին մտածէք, ետքը` ուրիշներուն մասին: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Դժուարութիւն պիտի ունենաք աշխատելու պաշտօնակիցներու հետ, որոնցմէ...

50 Տարի Առաջ (14 Մայիս 1964)

Յակոբ Կիւլոյեանի Ելոյթները Իրանի Մէջ Ծանօթ վիպասող Յակոբ Կիւլոյեան, որ Թեհրանի «Արարատ» մշակութային միութեան հրաւէրով Թեհրան մեկնած էր քանի մը շաբաթ առաջ, ասմունքի յաջող ելոյթներ ունեցած է Թեհրանի, Նոր Ջուղայի եւ Թաւրիզի մէջ` ամէն տեղ արժանանալով խանդավառ ընդունելութեան: Ապրիլ 26-ին Նոր Ջուղայի Հայ ակումբի սրահին մէջ, խուռներամ հանդիսականներու ներկայութեամբ, ունեցած է իր արտասանական անդրանիկ ելոյթը` նիւթ ունենալով Պարոյր Սեւակի «Անլռելի...

horoscope1-saidaonline7

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Ապագայի վերաբերեալ ձեր որոշումները ներկայիս մի՛ հրապարակէք, որպէսզի մինչեւ հարցին բիւրեղացումը` կարենաք նոր պրպտումներ կատարել յաջողելու համար: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Եթէ նուէր մը պիտի ընծայէք տարեդարձի մը կամ այլ ուրախ առիթով, սուղ նուէր մը հարկաւոր չէ, կարեւորը յիշել եւ յարգելն է: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Նոր պարտականութիւններու դիմաց լաւ սերտեցէք հարցը, որպէսզի...

50 Տարի Առաջ (13 Մայիս 1964)

Խմբագրական Հիմնական Կեցուածք Ընտրական թոհուբոհէն եւ ընտրապայքարի առիթով ստեղծուած սովորական աղմուկէն ետք, նոր խորհրդարանը անցեալ ուրբաթ գումարեց իր առաջին ժողովը եւ ընտրեց իր նախագահը: Այսպիսով, Լիբանանի քաղաքական կեանքը թեւակոխեց նոր հանգրուան մը` ժողովրդավարութեան եւ խորհրդարանական կեանքի հիմնական սկզբունքով: Իր ներկայացուցչական հանգամանքով նորընտիր երեսփոխանական ժողովը, որ աւելի կամ պակաս չափով կը ներկայացնէ գրեթէ նոյն պատկերը, ինչ որ բոլոր խորհրդարանները, որոնք այս...

horoscope1-saidaonline7

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Լաւ եւ հետաքրքրական լուր մը պիտի բարձրացնէ ձեր տրամադրութիւնը: Օրը պիտի անցնի զուարթ մթնոլորտի մէջ, լաւատեսութեամբ եւ աշխուժ: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Եթէ դուք չէք ըսեր ձեր միտքն ու տրամադրութիւն խանգարող հարցը, ուրիշ մը ձեր փոխարէն պիտի չըսէ: Ուրեմն խօսեցէք անպայման: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Օրը շատ յաջող պիտի ընթանայ աշխատանքի մարզին մէջ:...

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Տիրամայր Մարի Չոլոյեանի մահուան առիթով` փոխան ծաղկեպսակի. Չոլոյեան ընտանիք 500$ Մելքոն Պուլղուրճեան 200,000 լ. ո. Թիւթէլեան ընտանիք 100,000 լ. ո. Տէր եւ տիկին Աւօ Սուլահեան 50,000 լ. ո. Տէր եւ տիկին Յարութ Կիւլիւմեան 50,000 լ. ո. Քելաղպեան ընտանիք 50,000 լ. ո. ՏէրեւտիկինՅովհաննէսԳոլեան 20,000 լ. ո.

50 Տարի Առաջ (12 Մայիս 1964)

«Գոհար Գասպարեան Կ՛Երգէ» Եւ «Կրկէսի Ճամբան» Ժապաւէնները Երէկուընէ ի վեր «Ռատիօ Սիթի» շարժանկարի սրահին մէջ կը ցուցադրուին հայկական երկու ժապաւէններ` գունաւոր եւ գեղարուեստական բարձր ճաշակով պատրաստուած: Առաջինը` «Գոհար Գասպարեան կ՛երգէ», թեքնիքի եւ գեղարուեստի կատարելութիւն մըն է, ուր հռչակաւոր երգչուհին կը ներկայանայ իր յաջողագոյն կատարումներով, ինչպէս` «Կռունկ»-ը, «Անուշ»-էն հատուածներ, «Արշակ Բ.»-էն մասեր, Կունոյի «Աւէ Մարիա»-ն եւ այլն, այս բոլորը` հայաստանեան գեղեցիկ տեսարաններով: Երկրորդը`...

horoscope1-saidaonline7

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Ձեր աշխատանքները կատարեցէք առանց ոեւէ մէկուն օգնութեան դիմելու: Ջանացէք ըլլալ սիրալիր ձեր գործակիցներուն հետ, որպէսզի օրուան արդիւնքը ըլլայ շահաբեր: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Շատոնց չտեսած ձեր մէկ բարեկամին պիտի հանդիպիք: Ան ձեզի պիտի փոխանցէ նոր տեղեկութիւններ եւ ձեզ պիտի հրաւիրէ հաճելի հաւաքոյթի մը: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Կարեւորութիւն մի՛ տաք աջէն ու ձախէն...

manga-djamport

800 Հազար Տարիներ Առաջ Մարդ Արարածը Մեծ Ճամբորդ Մըն Էր

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ 800 հազար տարուան ոտքի հետքեր գտնուած են Հափիսպըրկի մէջ, Անգլիոյ արեւելեան ծովափին վրայ: Ասոնք ափրիկեան ցամաքամասէն դուրս գտնուած ամէնէն հին հետքերն են: Երեւակայեցէք տեսարանը. ճամբորդներու պզտիկ խումբ մը, չափահասներ եւ երեխաներ, ոտքով կը յառաջանան անգլիական ծովափին երկայնքին` հիւսիսէն դէպի հարաւ: Անոնց արկածախնդրութիւններուն մասին կարելի է հետաքրքրական թղթակցութիւն մը տպել թերթին էջերուն մէջ: Սակայն գրութիւնը պատկերազարդ պիտի...

50 Տարի Առաջ (10 Մայիս 1964)

Խորէն Ա.ի Ընտրութեան Եւ Օծման Առաջին Տարեդարձը Երէկ` կիրակի, 10 մայիս 1964, լիբանանահայ բոլոր եկեղեցիներուն մէջ մեծ շուքով նշուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Խորէն Ա. կաթողիկոսի ընտրութեան եւ օծման առաջին տարեդարձը: Լիբանանահայոց բարեջան առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոսի յատուկ կարգադրութեամբ, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբաններ Մաշտոց, Եղիշէ, Կոմիտաս, Եփրեմ եւ Պետրոս հայրեր, Պէյրութի եւ Պուրճ Համուտի զանազան եկեղեցիներուն մէջ քարոզեցին եւ աղօթեցին վեհափառ հօր համար:...

horoscope1-saidaonline7

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Ճնշուած տրամադրութիւնը թեթեւցուցէք, ջանացէք ըլլալ պարզ եւ մէկ կողմ դնել անիմաստ մտահոգութիւնները, որպէսզի հանգստանաք: Թեթեւ կերէք: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Մարզանքը մի՛ մոռնաք, որպէսզի զգաք, թէ նորոգուած էք ոչ միայն ֆիզիքապէս, այլեւ` հոգեպէս: Մարզանքը մարմնին նորոգող ուժն է, կարեւոր է: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Խօսեցէք բաց սրտով, ոչինչ պահեցէք ձեր մտքին մէջ: Անկեղծութիւնը...

50 Տարի Առաջ (9 Մայիս 1964)

 «Փարի Մաչ»-ի Զգայացունց Մերկացումները Երկու Միլիոն Հայերու Ջարդը Կը Ծանրանայ Թուրքիոյ Խղճին Վրայ  Անգարա Ի՞նչ Իրաւունքով Կը Խօսի Ցեղասպանութեան Մասին Կիպրոսի Հարցը Կործանումէ Փրկեց Թուրքիան «Փարի Մաչ» ֆրանսական մեծատարած շաբաթաթերթի վերջին թիւին մէջ (9 մայիս) ծանօթ լրագրող Ժան Մաքէ ստորագրած է իր երկրորդ յօդուածը կիպրական տագնապի մասին` «Ինչի՞ կը ծառայէ ՄԱԿ»-ը խորագրով: Ֆրանսացի լրագրողը գլխաւորաբար կը ծանրանայ Թուրքիոյ դիրքին վրայ`...

horoscope1-saidaonline7

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Ձեր որոշումներուն մասին լուռ մնացէք: Նախ հաստատ հիմերու վրայ դրէք հարցը, ապա, իրագործումէն ետք, կրնաք արտայայտել ամէն ինչ: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Ջանացէք յարգել ձեր ժամադրութիւնը, որպէսզի ճիշդ ժամանակին կարենաք իրագործել տուեալ խնդրին շուրջ կատարուելիք աշխատանքները` առանց ուշանալու: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Գիրքեր պիտի կարդաք, քանի որ պիտի ստիպուիք մտաւորականի ձեր պարտականութիւնը կատարել:...

Page 388 of 483 1 … 387 388 389 … 483