Այլազան

50 Տարի Առաջ (30 Մայիս 1964)

«Մայրերու Օր»-ը Էշրեֆիէի Մէջ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ Եկեղեցասէր տիկնանց միութեան կազմակերպած «Մայրերու օր»-ուան տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց առաջնորդ Տաճատ արք. Ուրֆալեանի, չորեքշաբթի, 20 մայիս 1964, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Ազատամարտ» սրահին մէջ: Օրուան բանախօսն էր Անթիլիասի դպրեվանքի վերատեսուչ Գարեգին եպս. Սարգիսեան: Բացման խօսքը ըրաւ Եկեղեցասէր Տիկնանց միութեան ատենապետ Վերժին Պարոնեան: «Զուարթնոց» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Յովսէփ Շմաւոնեանի, յաջողութեամբ երգեց «Կիլիկիա»  մաղթերգը...

horoscope1-saidaonline7

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Ձեր օրը արեւոտ է. պիտի կարենաք դիւրութեամբ եւ ինքնավստահութեամբ իրագործել ձեր ծրագիրները: Օրը ունի գոհացուցիչ իրագործումներ, որով պիտի ունենաք պարծենալու իրաւունք: Ունիք նաեւ շահ: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Այսօր ըրէք այն, ինչ որ կը փափաքիք: Ոչինչ մերժեցէք: Ընկերային թէ ընտանեկան շրջանակներու մէջ եղէք խանդավառ եւ ծառայասէր: Օրը յաջող է: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)...

50 Տարի Առաջ (28 Մայիս 1964)

Խմբագրական Մայիս 28 Հուրի եւ սուրի ճամբաներէն անցած, ազատութեան եւ անկախութեան վսեմ գաղափարներով կռանուած հայութիւնն է դարձեալ, որ սփիւռքի տարածքին վրայ այսօր կը տօնէ իր անկախութեան տարեդարձը, հեռու հայրենիքէն, որուն ժողովուրդը, այս պահուս, վստահ ենք, լուռ երկիւղածութեամբ կ՛եղբայրանայ արտասահմանի իր ազգակիցներուն հետ` ոգեկոչելու համար յիշատակը այն հերոսներուն, որոնք իրենց արեան գնով կերտեցին շքեղագոյնը յաղթանակներուն: Որքան կը հեռանանք պատմութեան այդ շքեղ...

2405pos

Գետինը Կը Բացուի Եւ Կը Կլլէ Ամէն Ինչ

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Բազմաթիւ երկիրներու մէջ մեծ փոսեր յանկարծակիօրէն կը բացուին եւ կուլ կու տան մակերեսին վրայ ամէն ինչ, որ կը գտնուի: Սակայն ինչո՞ւ, ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս կը կազմուին անոնք: Փետրուար ամսուն Միացեալ Նահանգներու Քենթաքի նահանգին «Քորվեթ» ինքնաշարժներու ազգային թանգարանին գետնին հսկայ փոս մը բացուեցաւ եւ անոր մէջ ինկան հաւաքածոյի թանկագին 8 ինքնաշարժներ: Այս փոսին տրամագիծը 12 մեթր էր,...

50 Տարի Առաջ (24 Մայիս 1964)

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններ 40-Ամեակի Տօնակատարութիւն ՀՅԴ առաջին պատանեկան միութիւնը հիմնուած է Պէյրութի մէջ, 1923 մարտ 25-ին: Այսօր, քառասունմէկ տարիներու արդիւնաշատ փառաւոր անցեալէ մը ետք, լաւագոյն պայմաններու մէջ եւ եռանդուն գործունէութեամբ, գոյութիւն ունին տասնմէկ պատանեկան միութիւններ: Հազարէ աւելի պատանիներ կը դաստիարակուին Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան մեծ գաղափարականով, եւ ամէն տարի, անոնցմէ բազմաթիւներ, գիտակից համոզումով, կատարելէ ետք իրենց երդումը, կը փոխանցուին ՀՅԴ...

horoscope1-saidaonline7

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Ձեր ամբողջ ջանքերը ի գործ պիտի դնէք իրարմէ նեղացած ու հեռացած բարեկամներ հաշտեցնելու: Անոնք գոհ պիտի մնան ձեզմէ եւ պիտի ուրախանան: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Կատարեալ եւ խրախուսիչ է օրը` կատարելու համար ձեր ուզածը: Դուք ձեզ յառաջ մղեցէք եւ ուշադրութիւն պիտի գրաւէք ամէն տեղ: Երջանիկ էք: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Օրը արեւոտ ըլլայ...

50 Տարի Առաջ (23 Մայիս 1964)

Պէյրութի Առաջին Օթոպիւսը Հասած Է Արդէն  Չորս Ամիս Ետք Հանրակառքերը Պիտի Փոխարինուին Օթոպիւսներով Երէկ` ուրբաթ, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, բազմաթիւ պաշտօնական անձնաւորութիւններ եւ լրագրողներ հրաւիրուած էին մայրաքաղաքին մէջ պտոյտ մը կատարելու այն օթոպիւսով, որուն նմանները յառաջիկայ աշնան պիտի յատկացուին երթեւեկի: Պէյրութի համար ապսպրուած «Սաւիէմ-Շոսոն» օթոպիւսները ունին 28 նստելիք տեղեր եւ 65` ընդամէնը: Բայց խճողումի ժամերուն կրնան 85 - 100 ճամբորդ...

horoscope1-saidaonline7

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Կեդրոնացած էք ձեր աշխատանքներուն վրայ, մոռցած էք ձեր շուրջի անցուդարձերը, նոյնիսկ` ձեր բարեկամները: Դուրս ելէք չափազանցուած այս վիճակէն: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Բծախնդրութիւնը որոշ չափով օգտակար է` լաւագոյնը իրագործելու, բայց ծայրայեղութիւնն ալ իր սահմանը ունի: Հետեւաբար պարզամիտ եղէք երբեմն: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Կը մտածէք ամառնային արձակուրդը լաւագոյն ձեւով վայելելու: Սկսած էք հանգիստ...

Quel-type-de-maman-etes-vous

Փորձ-Հարցարան. Ինչպիսի՞ Մայր Էք

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ 1 Ձեր մօրմէ ի՞նչ յիշատակ ունիք: ա.- Երջանիկ մանկութիւն մը շնորհած է ձեզի: բ.- Լաւ խրատներ տուած է: գ.- Անսահման գուրգուրանք ցուցաբերած է: 2 Երբ գիշերը կ՛արթննաք... ա.- Դիրք կը փոխէք ու դարձեալ քունի կ՛անցնիք: բ.- Կը ստուգէք, որ երեխաները հանգիստ կը քնանա՞ն: գ.- Կը նկատէք, որ ձեր մանչուկը ձեր մահճակալին մէջ է, կը փաթթուիք անոր ու...

50 Տարի Առաջ (22 Մայիս 1964)

Ուիլիըմ Սարոյեան Իր Պապենական Հողերուն Վրայ Գրագէտը Մեծ Յուզումով Հանդիպած Է Երկու Հայերու  Մուշէն Մեկնած Է Տիգրանակերտ Մուշէն Պետրոս Զօպեան հեռաձայնով հետեւեալ տեղեկութիւնները տուած է.- Ուիլիըմ Սարոյեանի կեանքին ամէնէն երջանիկ օրն էր շաբաթ: Այսինքն` այն օրը, երբ պիտի տեսնէր իր սիրական Պիթլիսը: Երբ իր ծնողքին ծննդավայրին մօտեցանք, ուզեց ինք վարել ինքնաշարժը եւ այդպէս մտանք Պիթլիս: - Այս առտու շատ կը...

horoscope1-saidaonline7

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Ձեր երկինքին վերեւ արեւը պայծառ պիտի ըլլայ, զերծ` հոգերէ: Կրնաք իրագործել ձեր փափաքը, օրը պիտի օգնէ ձեր ծրագիրները յաջողութեամբ պսակելու: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Ծրագիրը, որ կը սնուցանէիք ամբողջ սրտով, պիտի կարենաք իրագործել, որովհետեւ անիկա պիտի արժանանայ ամէնուն հաւանութեան: Պիտի շնորհաւորեն ձեզ: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Ունիք այնպիսի նախազգացում կամ տպաւորութիւն, թէ առանձին...

50 Տարի Առաջ (21 Մայիս 1964)

Ուիլիըմ Սարոյեան Վանի Մէջ Մեծանուն Գրագէտը Կ՛այցելէ Աղթամարի Եկեղեցին Պոլսոյ «Մարմարա» թերթի արտօնատէր Պետրոս Զօպեան, որ կ՛ընկերանայ Ուիլիըմ Սարոյեանին, իր դէպի Պիթլիս ճամբորդութեան ընթացքին Դադվանէն 16 մայիսին կը հեռաձայնէ իր թերթին.- Հինգշաբթի առաւօտ Էրզրումէն  ճամբայ ելանք եւ ժամը 15:30-ին Վան հասանք: Սարոյեանի հետ պտտեցանք պատմական բերդը, որ ծովեզերքը կը գտնուի եւ ունի 1800 մեթր երկայնք 20-120 մ. լայնք ու 110...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Մնացէք հաւատարիմ ձեր սկզբունքներուն: Փոփոխամիտ ըլլալը կրնայ արգելակել ձեր աշխատանքը: Ընեմ-չընեմի երկմտութիւնը վանեցէք ձեր սիրտէն: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Ձեր հաշիւները անգամ մը եւս ստուգեցէք, որպէսզի մոռացում մը պատճառ չըլլայ որոշուած գնումը յետաձգելու: Օրը ունի կեդրոնացումի պահանջ: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Այցելութիւն մը տուէք երկար ատենէ ի վեր ձեր չտեսած մէկ բարեկամին: Ան...

50 Տարի Առաջ (20 Մայիս 1964)

Կեանքը Քսան Տարի Ետք Բնակարանները Պիտի Շինուին Նոր Նիւթերով Եւ Պիտի Ըլլան Հանգստաւէտ Ու Երջանկաբեր Տանտիկինները Պիտի Ձերբազատին Տաղտկալի Գործերէ 1984-ի Տան մէջ, կեանքը մեծ չափով պիտի ազդուի այն նոր նիւթերէն, որ արդէն սկսած են տարածուիլ: Նոր բնակարանները բնականաբար պիտի շինուին նորագոյն նիւթերով եւ զանգուածային արտադրութեան նորագոյն մեթոտներով: Նոր շինութիւնները մեծ մասամբ խնայողական տեսակի պիտի ըլլան: Տրուած ըլլալով, որ քաղաքներու...

Astrology

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Կրնաք համակերպիլ մէկուն կամ միւսին ներկայութեան, խօսիլ առանց կաշկանդումի: Կրնաք որեւէ հարցի մասին ձեր կարծիքը տալ: Օրուան մէջ պիտի ունենաք հանդիպումներ: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Մի՛ ազդուիք այն անձերէն, որոնք կրնան աւելի փորձառութիւն ունենալ, քան դուք: Իւրաքանչիւր անձ կրնայ ներդրում ունենալ իր մարզին մէջ: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Պիտի կատարէք ընթերցումներ այն գիրքերէն,...

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանին մէջ «Յովհաննէս Մանուկեան» սրահի բացման առիթով` Յակոբ Գարավարդանեան եւ ընտանիք 50,000 լ. ո. Փոլին Գապագեանի մահուան առիթով` Պասթաճեան ընտանիք 50,000 լ. ո. Տիար Յակոբ Գապագեան 30,000 լ. ո.

50 Տարի Առաջ (19 Մայիս 1964)

Ազգային Կիլիկեան Վարժարանի Մայրերու Տօնակատարութեան Հանդէսը Յ. Գեղարդի Գեղեցիկ Ճառը Կիրակի, 3  մայիս 1964, կէսօրէ ետք ժամը 5:30-ին, Պուրճ Համուտի Ժողովրդային տան թատերասրահին մէջ, հովանաւորութեամբ Գարեգին եպս. Սարգիսեանի տեղի ունեցաւ Ազգ. Կիլիկեան վարժարանի «Մայրերու օր»-ուան տօնակատարութեան հանդէսը: Հրաւիրեալներու հոծ բազմութեամբ մը սրահը լեցուած էր: Վարժարանի տնօրէնուհին` Պ. Մանուկեան կատարեց հանդէսին բացումը եւ յայտնեց, թէ օրուան տօնակատարութեամբ կ՛ուզեն յանձնուած աշակերտութեան մտքին...

horoscope1-saidaonline7

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Աննշան հարցերը խոշորացոյցով մի՛ դիտէք, ջանացէք պարզ ձեւով ընդունիլ պատահական իրադարձութիւն մը, առանց միտք պղտորելու: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Եթէ կասկածիք ձեր լսած մէկ տեղեկութեան, որ կը վերաբերի ձեզի մօտիկ անձի մը, վերապահութեամբ դիմեցէք հաւաստի աղբիւրի մը, կը հանգստանաք: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Ուրախութիւնը պիտի ունենաք աւարտելու պարտականութիւն մը, որ երկար ատենէ ի...

Manga_poghotsnerou-bezdigner

Պրազիլ, Մանուկներու Մոնտիալը

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ 2014-ը դարձեալ Մոնտիալի տարի է: Այս տարի անիկա տեղի պիտի ունենայ Պրազիլի մէջ: Սակայն ֆութպոլի աշխարհի ուրիշ ախոյեանութիւն մը արդէն տեղի ունեցած է Պրազիլի մէջ, 28 մարտէն 6 ապրիլի միջեւ, փողոցներու մանուկներու ֆութպոլի ախոյեանութիւնը: Անոնք 14-17 տարեկան պատանիներ են: Անոնք եկած են աշխարհի չորս կողմերէն, սակայն առնուազն երկու կէտեր զանոնք իրարու կը միացնեն. անոնք ապրած են...

1705_50-dari-f

50 Տարի Առաջ (17 Մայիս 1964)

Վարչապետ Ուէյնի Երէկ Անթիլիաս Այցելեց Ս. Պատարագին Ներկայ Գտնուեցան Նաեւ Բազմաթիւ Նախարարներ, Երեսփոխաններ Եւ Երեւելի Անձնաւորութիւններ Յանուն Նախագահ Շեհապի` Վարչապետը Մայրիներու Ա. Կարգի Մեծ Շքանշանով Պատուեց Վեհափառ Հայրապետը  Երէկ` կիրակի, 17 մայիս 1964, Հոգեգալստեան տօնին առիթով Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, համաձայն տարիներէ ի վեր նուիրականացած աւանդութեան, մեծարանքի եւ արեւշատութեան մաղթանքի հանդիսաւոր սուրբ պատարագ մատուցուեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր....

Page 387 of 483 1 … 386 387 388 … 483