Մեր Զաւակները Եւ Մենք. 5 Բաներ, Զորս Կարելի Չէ Արգիլել Երեխային
Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Խելացի, ինքնավստահ, երջանիկ եւ նախաձեռնող զաւակ դաստիարակելը բոլոր ծնողներուն փափաքն է: Հոգեբաններու եւ մանկավարժներու կարծիքով, կան 5 բաներ, զորս պէտք է արգիլել երեխային` անոր մտային ունակութիւնները զարգացնելու եւ հոգեկան հաւասարակշռութիւնը ապահովելու համար: -1- Զգացումները Արտայայտելը Երեխան զանազան ձեւերով կրնայ արտայայտել իր զգացումները, օրինակ տան մէջ հոս-հոն վազվզելով, ճչալով, խնդալով, լալով... Անոնք կ՛օգնեն, որ ան թուլնայ, լիցքաթափուի, խաղաղի:...










