Այլազան. Ձեր Նախասիրած Ոգելից Խմիչքը Կը Բացայայտէ Ձեր Բնաւորութիւնը
Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Ֆրանսական ուսումնասիրութեան մը համաձայն, կնոջ բնաւորութիւնը կարելի է գուշակել ըստ անոր նախասիրած ոգելից խմիչքին: Այսպէս` - ՕՂԻ-ՎՈՏՔԱ կը խմեն ամուր բնաւորութեամբ եւ զօրաւոր անհատականութիւն ունեցող կիները: Անոնք երբեք չեն թաքցներ իրենց ցանկութիւնները ու շատ դանդաղ կը հարբին: - ՔՈՆԵԱՔԸ միջին տարիքի կիներու խմիչքն է: Անոնք պէտք ունին տաքութեան եւ հոգատարութեան` պահպանելու համար իրենց հմայքն ու հաւատարմութիւնը: Քոնեաքի սիրահար...












