ՄԱՀԱԶԴ
Առաքինազարդ մայր Եւտոքսիա Քէշիշեան
Տէր եւ տիկին զօրավար Յովհաննէս Քէշիշեան եւ զաւակունք
Տիկին Մարիա Քէշիշեան եւ զաւակունք
Տիկին Արփի Պապոյեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Պեռնար Անտոնեան եւ դստերք
Տէր եւ տիկին Գրիգոր Ասատուրեան եւ դստերք
Քէշիշեան եւ Տէմիրճեան ընտանիքներ
Պապոյեան եւ Անտոնեան ընտանիքներ
Նորշահեան եւ Նաճարեան ընտանիքներ
Ասատուրեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց եղբօր, հօր, մեծ հօր եւ հարազատին`
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՔԷՇԻՇԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ երեքշաբթի, 22 յունիս 2021-ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` չորեքշաբթի, 23 յունիսին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Պուրճ Համուտի Հայ կաթողիկէ Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Հայ կաթողիկէ գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին նախքան եւ յետ թաղման արարողութեան, եկեղեցւոյ սրահին մէջ, առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00:
ԾԱՆՕԹ.- Փոխան ծաղկեպսակի` նուիրատուութիւնները կատարել եկեղեցւոյ:
—————————————
ՍՏԱՑԱՆՔ
«ԵՐԿԻՐԸ ԱՏՐԵՐԿՐԷՆ»
(Յօդուածներու ժողովածու)
Հեղինակ` ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ
«Լուսակն» հրատարակչատուն
Երեւան, 2021
—————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Հաստատութիւն մը կարիք ունի վարպետ կաղապարագործներու (թորնոճի): Դիմել` հեռ. 03-244967: