Յայտարարութիւններ ( 6 Հոկտեմբեր 2021)
Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութիւն. Հաղորդագրութիւն (Քաղաքացիներուն Եւ Ելեկտրածին Շարժակներու Սեփականատէրերուն` 2021 Սեպտեմբեր Ամսուան Ամփերի Ելեկտրականութեան Վճարումին Վերաբերեալ) Հիմնուելով ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան հրապարակած սեպտեմբեր ամսուան ելեկտրածին շարժակի իւրաքանչիւր ամփերի համար ճշդած 3426 լիբ. ոսկի սակին վրայ, կը յայտարարենք. Ա) Պուրճ Համուտի ելեկտրածին շարժակներու սեփականատէրերէն կը պահանջուի շրջանի բնակարաններուն եւ վաճառատուներուն համար իրենց հայթայթած 2020 սեպտեմբեր ամսուան ելեկտրականութեան մնայուն բաժնեգիներու սակացոյցերը...












