Կնոջական

Փորձ-Հարցարան.  Ինչպիսի՞ն Է Ծնողք-Զաւակ Ձեր Կապը

Փորձ-Հարցարան. Ինչպիսի՞ն Է Ծնողք-Զաւակ Ձեր Կապը

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Ընտրեցէք երեք հաւանական պատասխաններէն յարմարագոյնը եւ վերջաւորութեան իմացէք, թէ ինչպիսի՛ են ձեր եւ ձեր զաւկին միջեւ գոյութիւն ունեցող յարաբերութիւնները: 1 Յաճախ ձեր զաւակները ձեզ կը մեղադրեն, որ` ա.- Անտեղի կը մտահոգուիք իրենց համար: բ.- Շատ հարցում կը հարցնէք իրենց մասին: գ.- Խստապահանջ էք: 2 Երբ ձեր զաւակը լուրջ դժուարութիւն մը ունենայ, ա.- Անմիջապէս ձեզի կը դիմէ, քանի...

Կին Դէմքեր.  Օփրա Ուինֆրի

Կին Դէմքեր. Օփրա Ուինֆրի

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Վերջերս Օփրա Ուինֆրին դարձաւ 64 տարեկան: Ան իր ասպարէզը սկսած է որպէս հաղորդավարուհի եւ գլխապտոյտ պատճառող յաջողութիւններ ձեռք բերած է այս ասպարէզին: Ան ունի իր ամսաթերթը` «Տի Օփրա Մակազին»-ը, Oprah.com կայքը, ձայնասփիւռի կայանը, «Տի Օփրա Ուինֆրի նեթուորք» պատկերասփիւռի կայանը եւ անձնական սթիւտիոն: Ան պատմութեան մէջ միակ սեւամորթ կին միլիառատէրն է: Ստորեւ կը ներկայացնենք այս հզօր կնոջ հետաքրքրական...

Կին Դէմքեր.  Անկելա Մերքել

Կին Դէմքեր. Անկելա Մերքել

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Անցեալ շաբաթ կարճատեւ պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան ժամանեց Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելը: Ան Ծիծեռնակաբերդ այցելեց եւ ծաղիկներ զետեղեց անմար կրակին մօտ: Առանց «Ցեղասպանութիւն» բառը յիշելու` ան անդրադարձաւ «Հայ ժողովուրդի նկատմամբ տեղի ունեցած 1915 թուականի սարսափելի իրադարձութեան, որ պէտք չէ մոռցուի»: Կարճատեւ կեցութեան ընթացքին Գերմանիոյ վարչապետը նախագահ Սարգսեանին եւ վարչապետ Փաշինեանին հետ Հիւսիսային Պողոտայ այցելեց, ուր արժանացաւ անցորդներու ջերմ...

Մեր Զաւակները Եւ Մենք.  Խորհուրդներ` Երեխային Մտաւոր Կարողութիւնները Զարգացնելու Համար

Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Խորհուրդներ` Երեխային Մտաւոր Կարողութիւնները Զարգացնելու Համար

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Ուսումնասիրութիւններ ցոյց տուած են, որ երեխաները, բացի խաղալիքներէ, ուրիշ բաներու ալ կարիքը ունին: Մտաւոր, յուզական եւ ֆիզիքական բնականոն զարգացման համար անոնք ունին խօսքերու կարիքը (երգեր, գիրքեր, օրօրոցայիններ, պատմութիւններ, կամ պարզապէս` զրոյց): Զրոյցները կը զարգացնեն ոչ միայն երեխային խօսքը, այլեւ` անոր ընդհանուր մտային կարողութիւնները: - Երեխային հարկաւոր է ծնած օրէն իսկ շրջապատել գիրքերով: Գիրքերը պէտք է ըլլան մահճակալին...

Վաղը Գարեջուրի Համաշխարհային Օրն Է

Վաղը Գարեջուրի Համաշխարհային Օրն Է

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ 2008-ին չորս քալիֆորնիացիներ գաղափարը յղացան Գարեջուրի համաշխարհային օր ստեղծելու: Այդ օրէն աշխարհը կը նշէ Գարեջուրի միջազգային օրը` օգոստոս ամսուան առաջին ուրբաթը: Գարեջուրը կը համարուի աշխարհի ամէնէն հին եւ ամէնէն աւելի ժողովրդականութիւն վայելող խմիչքներէն մէկը: Երկրագունդի երեսին ամէնէն շատ գարեջուր սպառող երկիրներու եռեակը կը գլխաւորէ Գերմանիան, որուն կը յաջորդեն Չեխիան եւ Իրլանտան: Սննդական մեծ արժէք ներկայացնող գարեջուրը, շնորհիւ...

Կին Դէմքեր.  Քոլինտա Կրապար-Կիթարովիչ

Կին Դէմքեր. Քոլինտա Կրապար-Կիթարովիչ

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ 2018-ի ֆութպոլի Մոնտիալը աւարտեցաւ Ֆրանսայի յաղթանակով: Եզրափակիչ խաղին ներկայ էին` Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը եւ Խրուաթիոյ նախագահ Քոլինտա Կրապար-Կիթարովիչը: Վերջինս բոլորին ուշադրութիւնը գրաւեց իր շատ անմիջական եւ հաղորդական վարմունքով, լայն ժպիտով եւ բարձր մարզական ոգիով: Եկէք` աւելի մօտէն ծանօթանանք այս կին անձնաւորութեան: Քոլինտա Կրապար-Կիթարովիչը 50 տարեկան է: Ան 2015-ին դարձաւ Խրուաթիոյ առաջին կին...

Կին Դէմքեր.  Լուսիկ Ագուլեցի

Կին Դէմքեր. Լուսիկ Ագուլեցի

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Վերջերս (յուլիս 13) Երեւանի մէջ մահացաւ նկարչուհի եւ ազգագրագէտ Լուսիկ Ագուլեցին: 72 տարեկան նկարչուհին, որ քանդակագործ Եուրի Սամուէլեանի կինն է, ծնած էր Նախիջեւանի Գողթան գաւառի Ագուլիս քաղաքը եւ 1953-ին ընտանեօք տեղափոխուած էր Երեւան: Նկարչուհին անդամ էր Հայաստանի Նկարիչների Միութեան, Հայաստանի, Արցախի եւ Յունաստանի մէջ ունեցած է անհատական ցուցահանդէսներ, նաեւ մասնակցած է խմբային ցուցահանդէսներու` Փարիզի, Մոսկուայի, Թոքիոյի եւ...

Որո՞նք Են Այն Հինգ Սխալները…

Որո՞նք Են Այն Հինգ Սխալները…

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Անուշահոտի ընտրութեան եւ գործածութեան հետ կապուած կան 5 սխալներ, որոնցմէ պէտք է զգուշանալ, եթէ կ՛ուզենք, որ անիկա մեր ճաշակին եւ մեր մորթին համապատասխան ըլլայ, երկար դիմանայ եւ ժամանակէն առաջ չհիննայ ու չծանրանայ: Ստորեւ կը ներկայացնենք անուշահոտի մասնագէտ Լեսլի Կոթիէի 5 զգուշացումները: 1 Առանց Փորձելու Գնելը Շատեր համացանցէն կարծիքներ քաղելով կամ վաճառող երիտասարդուհիին կարծիքին վստահելով եւ կամ բարեկամուհիի...

Մեր Զաւակները Եւ Մենք.  Արեւահարութիւն. Նշանները Եւ Պաշտպանուելու Եղանակները

Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Արեւահարութիւն. Նշանները Եւ Պաշտպանուելու Եղանակները

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Արեւահարութիւնը հիւանդագին վիճակ է: Անիկա կը յայտնուի երկար ժամանակ արեւի ուղղահայեաց ճառագայթներուն տակ մնալու պատճառով: Մանուկները աւելի խոցելի են, քանի որ անոնց գանկի ոսկորները տակաւին լիարժէք ձեւաւորուած չեն, իսկ մորթն ու մարզերը աւելի նուրբ են: Արեւահարութեան նշանները ի յայտ կու գան արեւին ճառագայթներուն ներգործութենէն անմիջապէս ետք, կամ քանի մը ժամ ետք, յաճախ գիշերային ժամերուն: Որո՞Նք Են Արեւահարութեան...

Ստուգենք Մեր Գիտելիքները.  Ճի՞շդ, Թէ՞ Սխալ…

Ստուգենք Մեր Գիտելիքները. Ճի՞շդ, Թէ՞ Սխալ…

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Արդէն ծովու եղանակը բացուած է, ոմանք օրական, ուրիշներ շաբաթական դրութեամբ ծովափ կամ լողաւազան կ՛ուղղուին լողալու եւ արեւուն բարիքներէն օգտուելու համար: Սակայն որքանո՞վ ծանօթ ենք արեւուն բարիքներուն ու չարիքներուն. եկէ՛ք ստուգենք: -1- Արեւէն պէտք է զգուշանալ մինչեւ 60 տարեկան։ Ճիշդ Սխալ -2- Մարմինը ջրազրկումէ փրկելու լաւագոյն միջոցը առատ ջուր խմելն է: Ճիշդ Սխալ -3- Արեւէն պաշտպանուելու լաւագոյն միջոցը...

Առողջապահական.  Շաքար Պարունակող 10 «Անմեղ» Ուտելիքներ

Առողջապահական. Շաքար Պարունակող 10 «Անմեղ» Ուտելիքներ

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Առողջութեան միջազգային կազմակերպութիւնը (OMS) կը յանձնարարէ օրական 50 կրամէն աւելի շաքար չսպառել: 50 կրամ շաքարը համապատասխան է 10 կտոր շաքարի: Դժբախտաբար շատեր օրական 100 կրամ շաքարի սահմանները կ՛անցնին: Պատճառը` քաղցրեղէնի հանդէպ անդիմադրելի տկարութիւնը, բայց նաեւ «անմեղ» նկատուող ուտելիքները, որոնք թէեւ շաքարով հարուստ են, սակայն հակառակ տպաւորութիւնը ձգած են բոլորին մօտ... Հետեւաբար առաջին հերթին պէտք է զգուշանալ եւ...

Մեր Զաւակները Եւ Մենք.  Ինքնավստահ Երեխաներ Մեծցնելու Համար

Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Ինքնավստահ Երեխաներ Մեծցնելու Համար

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Խօսքը ունի հզօր ուժ: Կան բառեր, որոնք կրնան «կախարդել» երեխան եւ անոր մէջ զարգացնել բնաւորութեան դրական գիծեր ու դարձնել յաջողակ: Ահաւասիկ` քանի մը «կախարդական» արտայայտութիւններ, որոնք կրնան ճակատագրական ըլլալ երեխային համար: «Ես քեզ կը սիրեմ»: Ձեր սէրը երեխային կայացած ըլլալու հիմքն է: Ձեր տուած սիրոյ միջոցով ան կրնայ աշխարհը տեսնել գունաւոր եւ բարի: *** «Ես քեզի կը...

Հետաքրքրական. Մանըքեն Փիսը Նշեց Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակը

Հետաքրքրական. Մանըքեն Փիսը Նշեց Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակը

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Անցեալ կիրակի, 3 յունիսին, Պրիւքսելի նշանաւոր Մանըքեն Փիսը առաւօտեան ժամը 9:00-էն երեկոյեան ժամը 6:00-ը հայկական ազգային տարազ կրեց նշելու համար Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակը: Մանըքեն Փիսը մերկ մանչուկի տեսքով պրոնզեայ փոքրիկ արձան-շատրուան մըն է, որ տարեկան միլիոնաւոր այցելուներ կ՛ընդունի աշխարհի չորս կողմերէն: Նշենք, որ յատուկ ցուցակի մը հիմամբ, արձանը ամիսը քանի մը անգամ տարազ կը փոխէ այդ...

Մեր Զաւակները Եւ Մենք.  Երեխայի «Առողջ» Ննջասենեակի Մը Նախապայմանները

Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Երեխայի «Առողջ» Ննջասենեակի Մը Նախապայմանները

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Մանկաբուժ Մարի-Քլոտ Քլենթալի կարծիքով, երբ երեխան տարուան ընթացքին յաճախ կ՛անհանգստանայ, քիթը կը հոսի, շունչի նեղութիւն կը զգայ, մորթային հարցեր կ՛ունենայ, պէտք է առաջին հերթին մտածել անոր ննջարանին պայմաններուն մասին: Շատ չոր կամ շատ խոնաւ մթնոլորտը, բարձր կամ ցած ջերմաստիճանը, փոշին եւ այլ ազդակներ վատառողջ կը դարձնեն փոքրիկին ննջարանը, ուր ան կ՛անցընէ օրուան մէկ կարեւոր մասը: Կարդանք, թէ...

Առողջապահական.  Ինչպէ՞ս Պահպանել Տեսողութիւնը Հասուն Տարիքին

Առողջապահական. Ինչպէ՞ս Պահպանել Տեսողութիւնը Հասուն Տարիքին

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Մինչեւ 65 տարեկան շատեր կը բախին տեսողական խնդիրներու, մինչեւ իսկ` կուրութիւն պատճառող հիւանդութիւններու. այդ հիւանդութիւններէն յիշենք` մաքիւլար տեճեներէյշընը,  կլոքոմիան, քաթարաքթը եւ այլն... Տրուած ըլլալով, որ այս հիւանդութիւնները ցաւեր չեն պատճառեր եւ յաճախ երկար ժամանակ առանց ախտանշանի կը մնան, մարդիկ երկար ժամանակ ակնաբուժին չեն դիմեր: Ինչպէ՞ս կարելի է խուսափիլ այդ հիւանդութիւններէն... Ահաւասիկ 5 օգտակար խորհուրդ` Ամերիքըն Աքատեմի աֆ...

Մայրերու Տօն

Մայրերու Տօն

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Աշխարհի չորս ծագերուն մայրերու օրը կը նշուի տարբեր թուականներու: - Հայաստանի մէջ ապրիլ 7-ը «Մայրութեան եւ գեղեցկութեան օր» է: Ամէն տարի այդ օրը Հայ առաքելական եկեղեցին կը նշէ Ս. Աստուածածինի աւետման օրը: Հայոց դիցաբանութեան մէջ Անահիտ աստուածուհին կը կոչուէր Ոսկեմայր: * * * - Արաբական երկիրներուն մեծամասնութիւնը մայրերու տօնը կը նշէ մարտին, Եւրոպան, Միացեալ Նահանգները, Քանատան, Աւստրալիան,...

Մեր Զաւակները Եւ Մենք.  Ինչպէ՞ս Կը Վարուիք Ձեր Զաւկին Հետ

Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Ինչպէ՞ս Կը Վարուիք Ձեր Զաւկին Հետ

Պատրաստեց՛ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Վստահաբար դուք ձեզի հարց տուած էք, թէ արդեօք ինչպիսի՞ մայր էք, ճիշդ ձեւով կը դաստիարակէ՞ք ձեր զաւակը, փոխադարձ սէր, յարգանք եւ վստահութիւն կա՞յ ձեր միջեւ... Կարդացէք նիւթը, ապա որոշեցէք, թէ ինչպիսի՛ մամա էք ձեր երեխային համար: 1 Դուք միշտ ձեր զաւակը կը համեմատէք ուրիշ երեխաներու հետ: Այսպիսով, դուք կ՛ազդէք ձեր երեխային ինքնագնահատականին վրայ: Աւելի ճիշդ մօտեցում է...

Մեր Զաւակները Եւ Մենք.  Երեխան Երաժշտութիւն Պէտք Է Լսէ Ծնած Օրէն

Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Երեխան Երաժշտութիւն Պէտք Է Լսէ Ծնած Օրէն

Բժիշկներն ու հոգեբանները կը պնդեն, որ երեխան պէտք է երաժշտական հնչիւններուն ծանօթացնել շատ կանուխէն, երբ ան տակաւին մօր արգանդին մէջ է... Յղի կիներուն կը թելադրուի դասական երաժշտութիւն լսել, նոյնիսկ` երգել: Կարեւոր չէ երգին ընտրութիւնը, կարեւորը այն է, որ երեխան իր մօր ձայնը լսէ: Ի՞նչ Երաժշտութիւն Պէտք Է Լսէ Երեխան - Դասական երաժշտութիւն: Այն հաստատ համոզումը կայ, որ երեխաներուն համար յարմարագոյն...

Մեր Զաւակները Եւ Մենք.  Արտայայտութիւններ, Որոնց Պատճառով Երեխան Կը Դառնայ Բարդութաւորուած Չափահաս Մը

Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Արտայայտութիւններ, Որոնց Պատճառով Երեխան Կը Դառնայ Բարդութաւորուած Չափահաս Մը

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Քու Տարիքիդ Ես Դասարանին Առաջինն Էի... Մինչեւ 6 տարեկան ծնողները երեխաներուն համար գրեթէ աստուածներ են, որոնք գիտեն ամէն ինչ: Վերոյիշեալ խօսքով դուք մրցակցութիւն կը ստեղծէք. կարծէք` կ՛ուզէք ըսել. «Դուն երբեք չես հասնիր իմ մակարդակիս»: Այսպիսի մթնոլորտի մէջ մեծցած ձեր զաւակը ամբողջ կեանքին ընթացքին պիտի փորձէ հաւասարիլ ձեզի եւ ապացուցել, որ ինք ալ լաւ եւ կարող է: Սակայն...

Փորձ-Հարցարան.  Անցեալի Էջը Դիւրաւ Կը Դարձնէ՞ք

Փորձ-Հարցարան. Անցեալի Էջը Դիւրաւ Կը Դարձնէ՞ք

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Գործի փոփոխութիւն, երկիր փոխելու հարկադրանք, սիրած անձէն բաժանում... Նման փոփոխութիւններու ինչպէ՞ս կը հակազդէք: Անցեալի էջը ամբողջովին կը դարձնէ՞ք, թէ՞ անցեալը կը շարունակէ ապրիլ ձեր մէջ: Պատասխանեցէք ստորեւ տրուած փորձ-հարցարանին, ապա կարդացէք արդիւնքը: *** - 1 - Բարեկամ մը ձեզ կը ձանձրացնէ իր հեռաձայններով եւ յաճախ ու ամէնուրեք կը հետեւի ձեզի: ա.- Բան չէք ըսեր, որովհետեւ կը զգուշանաք...

Page 16 of 23 1 15 16 17 23

Արխիւներ