Առողջապահական. 5 Բան, Որ Պէտք Է Ընել Սննդային Թունաւորումէ Պաշտանուելու Համար
Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Փորհարութիւն, սիրտխառնուք, փսխում, փորի ցաւ, ջերմութիւն ահաւասիկ սննդային թունաւորումի գլխաւոր ախտանշանները: Առողջ մարդուն մօտ սննդային թունաւորումը յաճախ թեթեւ է եւ կ՛անցնի երկու-երեք օրուան ընթացքին: Բայց արիւնոտ կղկղանքի կամ ջերմութեան պարագային պէտք է դիմել բժիշկին: Ի՞նչ ընել սննդային թունաւորումի վտանգը սահմանափակելու համար 1) Ձեռքերը յաճախ լուացէք: Բաղնիքէն դուրս գալէ ետք եւ շուկայէն վերադարձին անպայման լուացէք ձեր ձեռքերը, քանի որ...



















