Կնոջական

Կին Դէմքեր.  Լուսինէ Զաքարեան

Կին Դէմքեր. Լուսինէ Զաքարեան

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Անցեալ յունիս 1-ին Լուսինէ Զաքարեան պիտի դառնար 82 տարեկան: Նոյն այդ օրը Երեւանի Կողբացի փողոցին վրայ բացումը կատարուեցաւ հայ հոգեւոր երգերու անզուգական երգչուհիին տուն-թանգարանին: Բնակարանը, ուր Լուսինէն եւ իր ամուսինը` Խորէն Պալեան ապրեր էին երկար տարիներ, կահաւորուեցաւ ճիշդ այնպէս, ինչպէս կահաւորուած էր երգչուհիին ապրած տարիներուն: Ցուցադրուած են անոր հագուստները, անձնական իրերն ու կահոյքը: Լուսինէ Զաքարեանի տուն-թանգարանէն բաժին...

Սխալ Կարծիքներ Գիրութեան Մասին

Սխալ Կարծիքներ Գիրութեան Մասին

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Իւրաքանչիւր հասակ իրեն համապատասխան ծանրութիւն ունի: Սխալ: Իտէալ ծանրութիւն գոյութիւն չունի: Բոլորս իրարմէ տարբեր ենք, ահա թէ ինչո՛ւ մեր ծանրութիւնը կախեալ է որոշ տուեալներէ` տարիք, սեռ, ժառանգականութիւն, ընկճախտ, մկանային զանգուած... Հետեւաբար նոյն հասակը ունեցող երկու անձեր կրնան տարբեր ծանրութիւն ունենալ, առանց որ անոնցմէ մէկը արտակարգ գէր համարուի: *** Բնասպիտով սննդականոնները ամէնէն ազդուներն են: Սխալ: Գիտականօրէն փաստուած է,...

Մեր Զաւակները Եւ Մենք.  Ի՞նչ Պէտք Չէ Ընել, Եթէ Նորածին Երեխայ Ունիք

Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Ի՞նչ Պէտք Չէ Ընել, Եթէ Նորածին Երեխայ Ունիք

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒՍԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Ննջասենեակին Մէջ - Նորածին երեխային մահճակալին մէջ աւելորդ իրեր, խաղալիքներ, ծածկոց կամ սաւան մի՛ ձգէք: Սաւանը թող ըլլայ անկիւնաւոր եւ լաւ հաստատուած: Ծածկոցի փոխարէն` նախընտրեցէք անոր հագցնել ըստ եղանակի գիշերանոց, իսկ գիշերը հեռացուցէք բոլոր տեսակի փափուկ խաղալիքները: Շարժական սաւանը, ծածկոցը կամ խաղալիքը շնչահեղձութեան դէպքեր կը ստեղծեն: - Նորածին երեխան փորին վրայ չպառկեցնէք այս պարագային եւս շնչահեղձութեան դէպքեր...

Հետաքրքրական.  «Նեշընըլ Ճէոկրաֆիք»-ը` Հայկական Խոհանոցին Մասին

Հետաքրքրական. «Նեշընըլ Ճէոկրաֆիք»-ը` Հայկական Խոհանոցին Մասին

«Հայկական խոհանոցը միայն խորովածն ու լաւաշը չեն, այլ նաեւ` քեալլան, գաթան եւ ուրիշ շատ ու շատ ուտեստներ, որոնց մասին հաւանաբար չէք ալ լսած, եթէ Հայաստան չէք այցելած: Կերակուրը հոս ոչ միայն երեւակայութեամբ կը պատրաստեն, այլ անոր մէջ հոգի կը դնեն, եւ ասիկա կրնաք հաստատել Երեւանի եւ այլ քաղաքներու գրեթէ բոլոր ճաշարաններուն մէջ: Եկէք` կարճ շրջագայութիւն մը կատարենք, եւ շուտով կը...

Կին Դէմքեր.  Հուտա Սարարի

Կին Դէմքեր. Հուտա Սարարի

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ «Աւրորա» համաշխարհային մարդասիրական մրցանակի ընտրող յանձնաժողովը արդէն իսկ առանձնացուցած է 2019-ի «Աւրորա»-ի երեք մարդասէրներուն անունները: Յանձնաժողովը Միրզա Տինան, Զանա Պուկար Մուսթաֆան եւ Հուտա Սարարի ընտրած է «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորումի գերութենէն կիներ ազատագրելու, Եմէնի մէջ գաղտնի բանտային ցանցը բացայայտելու եւ Նիկերիոյ մէջ առեւանգուած աղջիկներ ազատ արձակելու նպատակով բանակցելու ազնիւ եւ խիզախ նուիրումին համար: 2019-ի «Աւրորա» մրցանակի դափնեկիրին...

Կին Դէմքեր.  Անուշ Գրիգորեան

Կին Դէմքեր. Անուշ Գրիգորեան

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Վերջերս Գերմանիոյ մէջ «Քէօլն պոքսինկ ուորլտ քափ»-ի մրցաշարքին հայաստանցի կռփամարտիկ Անուշ Գրիգորեանը 51 քկ դասակարգին մէջ տիրացաւ ոսկի մետալին` պարտութեան մատնելով իրլանտացի իր մրցակիցը: Այս մրցաշարքին մասնակցած էին 20 երկիրներէ 160 ներկայացուցիչներ: Հարցազրոյցի մը ընթացքին 21 տարեկան Անուշը ըսած է. «Առհասարակ չեմ սիրեր, երբ մարզաձեւերը կիներուն եւ տղամարդոց միջեւ կը բաժնեն: Մարզանքի մէջ կարծրատիպեր պէտք չէ ըլլան,...

Զատկուան Նախօրեակին

Զատկուան Նախօրեակին

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Շուտով Զատիկ է, վերջին օրերը սպասելու պէտք չունինք տունը յարդարելու համար: Ստորեւ քանի մը հետաքրքրական նմուշ: Այս պարզ եւ գեղեցիկ յարդարանքներուն համար անհրաժեշտ են` տուրմէ հաւկիթներ եւ «ուան տալըր»-ի խանութները վաճառուող քանի մը ծաղիկ, նապաստակ կամ ճուտիկ: Ինչ կը վերաբերի ամաններուն, վստահաբար բոլորս ալ մեր տուներուն մէջ ունինք ծաղկամաններ, ոտքով բաժակներ, ծղօտէ կողովներ: Ուրեմն լծուի՛նք գործի: Մեր...

Մեր Զաւակները Եւ Մենք.  Երեխան Կամակոր Չի Ծնիր, Այլ Կը Դառնայ…

Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Երեխան Կամակոր Չի Ծնիր, Այլ Կը Դառնայ…

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Մեր Զաւակները Եւ Մենք Երեխան Կամակոր Չի Ծնիր, Այլ Կը Դառնայ... Հոգեբաններու կարծիքով, կամակորութիւնը ընդհանրապէս շեշտուած կ՛ըլլայ մանուկներուն մօտ, քանի որ ծնողները չեն հասկնար զիրենք կամ իրենց ուղարկուած ազդանշանները: Այսպէս, երեխան, որուն պահանջները չեն բաւարարուած, կը դիմէ կամակորութեան` յոյսով, որ զինք պիտի հասկնան գոնէ այդ ճամբով: Երեխային մէջ կամակորութիւնը կը ձեւաւորուի ծնած պահէն: Անիկա տեղի կ՛ունենայ այն...

Մեր Զաւակները Եւ Մենք.  Պարզ Հնարքներ, Որոնք Կը Նպաստեն Ձեր Երեխային Զարգացման

Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Պարզ Հնարքներ, Որոնք Կը Նպաստեն Ձեր Երեխային Զարգացման

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Կարդացէ՛ք որեւէ գունաւոր, պատկերազարդ գիրք: Հաւատացէք, որ ձեր երեխան կը հետաքրքրուի գունաւոր պատկերներով` միեւնոյն ատեն լսելով ձեր ձայնը, որ այդքան հաճելի է իրեն համար: * * * Պատմեցէ՛ք որեւէ բան: Մի՛ կարծէք, որ ան չի հասկնար: Առհասարակ երեխային հետ պէտք է խօսիլ ծնած պահէն իսկ: Խօսեցէք` անոր աչքերուն նայելով: * * * Թող տեսնէ իր արտացոլանքը: Հայելին...

Մեր Զաւակները Եւ Մենք.  Ինչպէ՞ս Վերլուծել Երեխային Գծագրութիւնը

Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Ինչպէ՞ս Վերլուծել Երեխային Գծագրութիւնը

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Երեխային գծագրութիւնը կրնայ շատ բան պատմել անոր ներաշխարհին մասին: Հոգեբանները ծնողներուն կը թելադրեն չորս բաներու ուշադրութիւն դարձնել երեխային գծագրութիւնը դիտելու ատեն. ա.- Գծագրութեան գունային տուեալները, բ.- Գծագրութեան դիրքը, գ.- Գծագրութեան բովանդակութիւնը, դ.- Գծագրութեան ընդհանուր տրամադրութիւնը: Գոյներու Համադրումը Եթէ ձեր երեխան գոյները ճիշդ կ՛օգտագործէ (օրինակ` կապոյտ երկինք, կանաչ տերեւ, դեղին արեւ...), կը նշանակէ, որ ան հանգիստ է եւ...

Կին Դէմքեր.  Մոնիքա Պելլուչիի Գեղեցկութեան Գաղտնիքները

Կին Դէմքեր. Մոնիքա Պելլուչիի Գեղեցկութեան Գաղտնիքները

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ 54-ամեայ իտալացի դերասանուհի Մոնիքա Պելլուչի աշխարհը հմայած է իր անզուգական գեղեցկութեամբ: Ան կը վստահեցնէ, որ երբեք չէ դիմած գեղեցկագիտական վիրահատութիւններու, ինչպէս նաեւ ինքզինք չէ տանջած խիստ սննդականոններով կամ մարզասրահներ յաճախելով: Մարզանքը` Որպէս Հաճոյք Իտալուհին երբեք չէ հերքած, որ մարզանքը կարեւոր է առողջութեան եւ բարեկազմ արտաքինի համար: Ան շաբաթական 4 օր 45 վայրկեան կը լողայ, քիչ անգամ ալ...

Գեղեցկագիտական.  Հինգ Բան, Զորս Պէտք Է Գիտնանք Կնճիռներու Մասին

Գեղեցկագիտական. Հինգ Բան, Զորս Պէտք Է Գիտնանք Կնճիռներու Մասին

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ 1 Կնճիռներու յայտնուիլը հետեւանք է մեր մարմինէն քոլաժէնի եւ Էլաթինի նուազման` մեր մարմնին մէջ: Առաջինը մորթը պիրկ կը պահէ, իսկ երկրորդը մորթին ճկունութիւն եւ առաձգականութիւն կու տայ: Որքան անոնք նուազին, այնքան կը շեշտուին կնճիռները: 2 Միջավայրը մեծ ազդեցութիւն ունի կնճիռներու յառաջացման իմաստով: Թէեւ կնճիռներու յայտնուիլը մեծ մասամբ կախեալ է տարիքէն, բայց եւ այնպէս միջավայրը իր կարգին կրնայ...

Մեր Զաւակները Եւ Մենք.  Երեխան Պէ՞տք Է Օրօրել, Թէ՞ Ոչ

Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Երեխան Պէ՞տք Է Օրօրել, Թէ՞ Ոչ

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Երեխան օրօրելու հարցին շուրջ կան թեր եւ դէմ կարծիքներ: Շատեր կը պնդեն, որ երեխան օրօրել ոչ միայն կարելի է, այլեւ` անհրաժեշտ մինչդեռ ուրիշներ բոլորովին տարբեր կարծիքի են: «Երեխան Պէտք Է Օրօրել» Մօր արգանդին մէջ անցուցած ժամանակահատուածին երեխան գրեթէ անընդմէջ կ՛օրօրուի: Յղի կինը կը քալէ, կը պարէ, կը լողայ կամ կը վազէ, իսկ երեխան այդ ընթացքին, գտնուելով ջուրի...

Կին Դէմքեր. Նունէ Սարգսեան

Կին Դէմքեր. Նունէ Սարգսեան

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Ո՞վ է նախագահ Արմէն Սարգսեանի կինը` Նունէ Սարգսեանը: Տարբեր առիթներով տրուած հարցազրոյցներէ քաղելով` կը ներկայացնենք լուռ, համեստ, բայց շատ գործունեայ Առաջին տիկինը, որուն մասին քիչ բան գիտենք: Մանկագիր Հեքիաթը հարուստ գրական սեռ է: Միշտ եղած են ու կան հեքիաթներ նաեւ մեծերուն համար, ինչպէս, օրինակ, «Հազար ու մէկ գիշերները», կան նաեւ հեքիաթներ փոքրերուն համար: Մանկական իւրաքանչիւր հեքիաթ բարոյախօսութիւն...

Ինչպէ՞ս Կը Նշուի Սեն Վալանթենը Աշխարհի Չորս Ծագերուն

Ինչպէ՞ս Կը Նշուի Սեն Վալանթենը Աշխարհի Չորս Ծագերուն

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Այսօր ամբողջ աշխարհը կը նշէ սիրահարներու տօնը` Սեն Վալանթենը: Եկէք` ծանօթանանք, թէ տարբեր ժողովուրդներ ինչպէ՛ս կը նշեն այս տօնը, սիրահարները ինչեր կը նուիրեն իրարու: Սէուտական Արաբիա 2008-էն ի վեր Սէուտական Արաբիան միակ երկիրն է, ուր արգիլուած է Սեն Վալանթեն տօնել: Բացարձակապէս արգիլուած է ցուցափեղկերուն մէջ կարմիր հագուստներ, իրեր, վարդ կամ տուրմ ցուցադրելը: Երիտասարդ սէուտցիներ, իրենց նուէրները կը...

Նորաձեւութիւն.  2019 Գարուն-Ամառ Նորաձեւութեան Գլխաւոր Գիծերը

Նորաձեւութիւն. 2019 Գարուն-Ամառ Նորաձեւութեան Գլխաւոր Գիծերը

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Արդէն իսկ աւարտած են 2019 ամառ-ձմեռ նորաձեւութեան փառատօները, եւ աշխարհի նշանաւոր ձեւագէտներն ու ոճաբանները արձակած են իրենց վճիռները: Ստորեւ կը ներկայացնենք վերոյիշեալ փառատօներէն բխած 15 եզրակացութիւններ, ինչ կը վերաբերի յառաջիկայ ամառ-ձմեռ նորաձեւութեան ոճին, գոյներուն, օգտագործուած կտորներուն եւ այլն... 1.- Վարդագոյնը յառաջիկայ եղանակներու տիրական գոյնն է: «Ռոշա», «Պալանսիակա» եւ «Պրանտոն Մաքսուել» նախապատուութիւնը տուած են այս գոյնին: 2.- Չափէն...

Մեր Զաւակները Եւ Մենք.  Տնային Պարտականութիւնները Կատարել Մերժող Երեխան

Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Տնային Պարտականութիւնները Կատարել Մերժող Երեխան

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Կարգ մը տուներու մէջ տնային աշխատանքները կատարելու ժամը կը վերածուի ծնողք-զաւակ ճակատումի. ծայր կ՛առնեն` պոռչտուքը, սպառնալիքները, լացը... Իսկ երբ այս պատկերը օրական կը պարզուի, տան մթնոլորտը կը թունաւորուի, եւ ծնողք-զաւակ յարաբերութիւնները կը տուժեն: Ահա թէ ի՛նչ կը թելադրեն մասնագէտ եւ փորձառու անձեր` վերոյիշեալ անել վիճակէն դուրս գալու համար: Ժամանակի Ընտրութիւն Տալ Կան երեխաներ, որոնք կը նախընտրեն տնային...

Սննդագիտական.  Տօներէն Ետք Աւելորդ Քիլոներէն Ձերբազատելու Համար

Սննդագիտական. Տօներէն Ետք Աւելորդ Քիլոներէն Ձերբազատելու Համար

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Ամանորեայ տօներէն ետք կուտակուած քիլոներէն ձերբազատելու համար սննդագէտները խորհուրդ կու տան` Անօթի Չմնալ Խիստ կամ չսերտուած սննդականոնը ոչ միայն չ՛օգներ նիհարնալու, այլ ձեզ կը դարձնէ ջղագրգիռ: Կարեւոր է կարգի բերել սննդականոնը եւ սնանիլ փոքր չափաբաժիններով, սակայն` յաճախ: Օրուան ընթացքին դուք պէտք է յարգէք ճաշի 3 ժումերը` ի հարկին անոնց միջեւ պտուղ մը անցընելով: Չուտել Քնանալէ Անմիջապէս Առաջ...

Ի՞նչ Տեսաք Առաջին Հերթին

Ի՞նչ Տեսաք Առաջին Հերթին

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Արագ աչք մը նետեցէք նկարին. այն, ինչ տեսաք առաջինը, կը բացայայտէ ձեզ: Պատուհանին Մօտ Նստած Կին Դուք մարդամօտ անձ էք, դիւրաւ կը յարաբերիք մարդոց հետ: Ձեզ շրջապատողները ուշադիր լսելու, զանոնք հասկնալու, ի հարկին ձեռք երկարելու եւ օգտակար խորհուրդներ տալու բարի յատկութիւնը ունիք: Աղուէս Առողջ փառասիրութիւն ունիք, միշտ կը ձգտիք լաւագոյնին հասնիլ եւ առաջինը հանդիսանալ: Նպատակասլաց անձ էք:...

Փորձ-Հարցարան.  Ինչպէ՞ս Կը Պատկերացնէք Ս. Ծնունդի Գիշերը. Ինչպիսի՞ Անձ Էք Դուք

Փորձ-Հարցարան. Ինչպէ՞ս Կը Պատկերացնէք Ս. Ծնունդի Գիշերը. Ինչպիսի՞ Անձ Էք Դուք

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Ամանորն ու Ս. Ծնունդը շատերու համար ամենասիրելի տօներն են: Ինչպէ՞ս կը պատկերացնէք ձեր Ս. Ծնունդի գիշերը. պահանջկո՞տ էք, ժուժկա՞լ... պատասխանեցէք հաւանական պատասխաններով այս փորձ-հարցարանին, ապա կարդացէք եւ իմացէք, թէ ինչպիսի՛ անձ մըն էք դուք: - 1 - Ո՞ւր կը սիրէք նշել Ս. Ծնունդը. ա.- Ընտանիքին հետ, տան մէջ: (2) բ.- Գիւղը, մարդոցմէ հեռու: (2) գ.- Ճաշարանի մը...

Page 16 of 25 1 … 15 16 17 … 25

Արխիւներ