Հայաստանի ազգային հաւաքականի խմբապետ Տիգրան Բարսեղեան երեք մրցումով կախակայուեցաւ ուղղակի կարմիր քարտ ստանալուն պատճառով: Ան այս կարմիր քարտը ստացած էր Իրլանտայի դէմ 2026-ի մոնտիալի զտումի մրցումին, յայտարարեց «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն:
Միջադէպը տեղի ունեցած էր 14 հոկտեմբերին Տապլինի մէջ, մրցումի 52-րդ վայրկեանին, երբ Բարսեղեան գլխու հարուած տուած էր իրլանտացի Ֆին Ազազին եւ վտարուած դաշտէն: Այդ հեռացումը հանդիպումի վճռորոշ պահն էր, որմէ ետք Հայաստան կոլ մը ստանալով պարտուած էր 1-0 արդիւնքով:
«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի որոշումով, հաւաքականի խմբապետը պիտի բացակայի Հայաստանի զտումի մնացեալ երկու մրցումներէն` Հունգարիոյ եւ Փորթուգալի դէմ, ինչպէս նաեւ յաջորդ պաշտօնական մրցումէն: Երրորդ մրցումը կրնայ ըլլալ կա՛մ փլէյ-օֆի առաջին խաղը (եթէ Հայաստան գրաւէ Բ. դիրքը), կա՛մ ալ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի Ազգերու լիկայի 2026-2027 տարեշրջանի առաջին մրցումը:
Ասիկա Եղիշէ Մելիքեանի մարզած ազգային խումբին համար լուրջ մտահոգութիւն է: 32 տարեկան Բարսեղեան ոչ միայն խմբապետն է, այլ հաւաքականին ամէնէն արդիւնաւէտ մարզիկներէն մէկը, որ յաջող ելոյթներ կ՛ունենայ յաջողութիւն գտնող եւրոպական Սլովան Պրաթիսլաւայէն:
Միեւնոյն ժամանակ, Եղիշէ Մելիքեան սկսած է դիտարկել երիտասարդ ֆութպոլիստներու հրաւիրման հարցը` հաւաքականը աւելի զօրացնելու նպատակով:


