Երէկ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի ֆութպոլի խումբը Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 9-րդ հանգրուանին պարտութիւն մը եւս կրեց Իժթիմահիէն եւ 3-0 արդիւնքով պարտուած վերադարձաւ Թրիփոլիէն:
Երթին (2-րդ հանգրուան) ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ 4-2 արդիւնքով պարտութիւն կրած էր, ուր Ղատ Աֆտալ իր կարգին ձախողած էր Ահլի Սայտայի դէմ կոլ նշանակել (0-0), մինչ Հարաքեթ Շապապ կէտ խլած էր Հորր Ամելիէն: Սակայն դարձին, Ղատ Աֆտալ 3-2 արդիւնքով յաղթեց Ահլի Սայտային, իսկ Հորր Ամելի 3-0 արդիւնքով Հարաքեթ Շապապին: Ժալիլ Քանա 5-2 արդիւնքով յաղթեց Թաուֆիրին:
Ղատ Աֆտալ 20-րդ կէտը շահեցաւ, մինչ Իժթիմահի 19-ի հասցուց կէտերու հաշիւը: ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ մնաց 3-րդ դիրքին վրայ 16 կէտերով:
Ժալիլ Քանա այժմ ունի 15 կէտ, մինչ Ահլի Սայտա մնաց 14 կէտերով` իջնելով 5-րդ դիրք:
Այս կիրակի օր ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ պիտի մեկնի հարաւ` Ապպասիէ գիւղը (Սուրի մօտ)` մրցելու Ժալիլ Քանայի դէմ:


