Մարզական

«Էմ. Էմ. Էյ.»  Տիանա Պօղոսեան` Յաղթական

«Էմ. Էմ. Էյ.» Տիանա Պօղոսեան` Յաղթական

«Էմ. Էմ. Էյ.»-ի մարտիկ Տիանա Պօղոսեան յաղթեց «Եու. Էֆ. Սի.»-ի նախկին մարտիկ Լիանա Ճոճուայի, Ռուսիոյ մէջ տեղի ունեցած մենամարտին: Մրցումը տեղի ունեցաւ «Քարաթէ Քոմպաթ/Ար. Սի. Սի. Ֆեր Ֆայթ» մրցաշարքի ծիրին մէջ, որ տեղի ունեցաւ Ռուսիոյ մէջ: Երեք ռաունտ տեւող մրցումին, իրաւարարները միաձայն որոշումով յաղթանակը շնորհեցին Պօղոսեանին, որ ամբողջ ելոյթին տիրապետած էր իր վրացի մրցակիցին վրայ: Պօղոսեան հասցուց քանի մը շատ...

«Ֆորմիւլա 1».  Քիմի Անթոնելլի Շահեցաւ Ճափոնի Կրան Փրին Եւ Գրաւեց Պարագլուխի Դիրքը

«Ֆորմիւլա 1». Քիմի Անթոնելլի Շահեցաւ Ճափոնի Կրան Փրին Եւ Գրաւեց Պարագլուխի Դիրքը

«Մերսետես»-ի վարորդ Քիմի Անթոնելլի երէկ առաւօտ շահեցաւ «Ֆորմիւլա 1»-ի տարեշրջանի 3-րդ կրան փրին` Ճափոնի մէջ: Արդարեւ, Սուզուքայի շրջավազքին վրայ տեղի ունեցած մրցումին, Անթոնելլի (19 տարեկան) 13 երկվայրկեանի լայն առաւելութեամբ գերազանցեց «Մաքլարեն»-ի աւստրալիացի վարորդ Օսքար Փիասթրին եւ «Ֆեռարի»-ի վարորդ Շարլ Լըքլերը (15 երկվայրկեան)` դառնալով ընդհանուր դասաւորման ամէնէն երիտասարդ պարագլուխի դիրքը գրաւող, շահելէ ետք իր յաջորդական երկրորդ կրան փրին: Անթոնելլիի խմբակից Ճորճ...

Սամպօ.  Կարէն Սարգսեան Ոսկի Մետալ Շահեցաւ

Սամպօ. Կարէն Սարգսեան Ոսկի Մետալ Շահեցաւ

Հայ մարզիկ Կարէն Սարգսեան (մինչեւ 58 քկ կշիռք) դարձաւ «Սամպոյի հիմնադիրներու բաժակ 2026»-ի մրցաշարքի ոսկի մետալակիր: Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած այս մրցաշարքին, Սարգսեան, որ քանի մը օր առաջ դարձած էր Հայաստանի ախոյեան, անգամ մը եւս փաստեց իր բարձր մակարդակը: Մրցաշարքի ընթացքին Սարգսեան շարք մը համոզիչ յաղթանակներ արձանագրելէ ետք ռուս զօրաւոր մրցակիցներու դէմ, բարձրացաւ պատուոյ հարթակի ամէնէն բարձր աստիճանը: Այս մրցաշարքին...

Սառոյցի Վրայ Պար.  Կարինա Յակոբովա – Նիքիթա Ռախմանին 8-րդ Դիրքը Գրաւեցին

Սառոյցի Վրայ Պար. Կարինա Յակոբովա – Նիքիթա Ռախմանին 8-րդ Դիրքը Գրաւեցին

Փրակայի մէջ (Չեխիա) սկսաւ սառոյցի վրայ պարի աշխարհի ախոյեանութիւնը: Առաջին օրուան մրցումներուն գործադրուեցան աղջկանց եւ զոյգերու կարճ ծրագիրները: Զոյգերու մրցումներուն, Հայաստանի հաւաքականի կազմէն հանդէս եկաւ Կարինա Յակոբովա - Նիքիթա Ռախմանին զոյգը: «Տուեթ»-ը ներկայացուց 2026-ի Ողիմպիականին իր կատարած ծրագիրը` Արա Գէորգեանի «Արցախ» երաժշտութեան ներքեւ: Հայ զոյգը իր ելոյթը սկսած էր ինքնավստահ եւ գրեթէ անսխալ կատարումով: Անոնք ստացան 67,12 կէտ` գերազանցելով Ողիմպիական...

«Ֆորմիւլա 1».  Սուզուքայի Մէջ «Մերսետես» Մրցակից Պիտի Ունենա՞յ

«Ֆորմիւլա 1». Սուզուքայի Մէջ «Մերսետես» Մրցակից Պիտի Ունենա՞յ

Վաղը առաւօտեան ժամերուն Ճափոնի մէջ տեղի պիտի ունենայ Սուզուքայի կրան փրին, որ տարեշրջանի 3-րդը պիտի ըլլայ: «Ֆորմիւլա 1»-ի պարագլուխի դիրքը գրաւող «Մերսետես» խումբը պիտի փորձէ իր 3-րդ կրան փրին ալ շահիլ` նկատի ունենալով, որ առաջին երկու կրան փրիները արդէն իսկ շահեցան խումբի վարորդներ Ճորճ Ռասըլ եւ Քիմի Անթոնելլի: Վերջին անգամ 2020-ին էր, որ «Մերսետես» տարեշրջանի առաջին երեք կրան փրիները շահելով...

Ֆրանսա Յաղթեց Պրազիլին`  2-1 Արդիւնքով

Ֆրանսա Յաղթեց Պրազիլին` 2-1 Արդիւնքով

Ֆոքսպորոյի մէջ, ֆութպոլի բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, Ֆրանսա 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Պրազիլը: Ֆութպոլի այժմու լաւագոյն խումբերէն նկատուող կազմերը Միացեալ Նահանգներ կը գտնուէին եւ իրար դէմ մրցեցան Մեսեչուսեթցի մէջ, ուր Ֆրանսայի միակ հարցը մօտ 1 ժամ 15 վայրկեան փոխադրութիւնն էր Պոսթընէն` Ֆոքսպորօ: «Կը կարծեմ, որ ամէն ինչ լաւ կ՛ըլլայ Մոնտիալին, բայց միակ հարցը փոխադրութիւնն է, որ յոգնեցուցիչ կրնայ ըլլալ մրցումէն...

2026-ի Մոնտիալի Զտում.  Իտալիա – Հիւսիսային Իրլանտա 2-0

2026-ի Մոնտիալի Զտում. Իտալիա – Հիւսիսային Իրլանտա 2-0

Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբը վերջապէս Մոնտիալի զտումի գծով փլէյ-օֆի մրցում մը յաղթեց: 4 անգամ աշխարհի ախոյեան հանդիսացած Իտալիա այժմ կարիք ունի յաղթանակի մը եւս` 3-րդ յաջորդական Մոնտիալէն չբացակայելու համար: Հինգշաբթի գիշեր Իտալիա Պերկամոյի մէջ 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Հիւսիսային Իրլանտան` փլէյ-օֆի կիսաւարտականի իր մրցումին: Սանտրօ Թոնալի Բ. կիսախաղի սկիզբէն վոլէով նշանակեց մրցումին առաջին կոլը եւ աւելի ուշ պատրաստեց Մոյս Քինի...

ՖԻՖԱ-ի Նոր Օրէնքները` Մոնտիալէն Առաջ

ՖԻՖԱ-ի Նոր Օրէնքները` Մոնտիալէն Առաջ

ՖԻՖԱ-ն պաշտօնապէս յայտարարեց շարք մը օրէնքներու մասին, որոնք արդէն իսկ պիտի գործադրուին 2026-ի Մոնտիալին: 5 կանոնները կը վերաբերին փոխարինումներու, աութի, բժշկական օգնութեան, ՎԱՐ-ի նոր լիազօրութիւններու եւ խմբապետներու նոր դերերուն: Նախ եւ առաջ փոխարինումներուն պարագային աւելի խիստ միջոցառումներու պիտի դիմուի, ուր դաշտը լքող մարզիկները պատրաստ պիտի ըլլան 10 երկվայրկեանէն դուրս գալ դաշտէն: Եթէ ուշացում տեղի ունենայ, դաշտ մտնող մարզիկը ստիպուած պիտի...

2026-ի Մոնտիալի Պատրաստութեան Նախօրեակին.  Այսօր Մեծ Թիւով Բարեկամական Մրցումներ

2026-ի Մոնտիալի Պատրաստութեան Նախօրեակին. Այսօր Մեծ Թիւով Բարեկամական Մրցումներ

Այսօր եւ մինչեւ երեքշաբթի օր տեղի պիտի ունենան մեծ թիւով բարեկամական փորձ-մրցումներ, որոնց ընթացքին մանաւանդ Մոնտիալին մասնակցող խումբեր պիտի փորձեն ընտրել իրենց վերջնական 23 մարզիկները յառաջիկայ մայիսին: Թեկնածու երկիրներ, ինչպէս` Սպանիա, Ֆրանսա, Արժանթին, Պրազիլ, Անգլիա, Փորթուգալ եւ Գերմանիա կարեւոր մրցումներ ունին, մինչ եւրոպական ակումբներ ձեռքերը իրենց սրտերուն պիտի յուսան, որ իրենց մարզիկները առանց վէրք ստանալու վերադառնան եւ «Չեմփիընզ լիկ»-ի կամ...

Ռոման Աւագեան Հրաւիրուած Է Մեքսիքայի Պատանիներու Ազգային Խումբ

Ռոման Աւագեան Հրաւիրուած Է Մեքսիքայի Պատանիներու Ազգային Խումբ

Հայաստանի պատանեկան հաւաքականի եւ գերմանական Մայնց խումբի ֆութպոլիստ Ռոման Աւագեան հրաւիրուած է Մեքսիքայի 16 տարեկանէն վար ազգային խումբ: Ֆութպոլիստը կը մասնակցի միջազգային բարեկամական մրցաշարքին, որ տեղի կ՛ունենայ Ֆրանսայի մէջ 31 մարտէն 4 ապրիլ: Մեքսիքա պիտի մրցի Փորթուգալի, Ճափոնի եւ Փերուի դէմ: Աւագեան նախապէս արդէն հանդէս եկած էր Հայաստանի պատանեկան ազգային խումբին հետ: 2024-ին ան խաղցած է 14 տարեկանէն վար ազգային...

Դահուկարշաւ.  Միքայէլա Շիֆրին 6-րդ Անգամ Ըլլալով Աշխարհի Ախոյեան

Դահուկարշաւ. Միքայէլա Շիֆրին 6-րդ Անգամ Ըլլալով Աշխարհի Ախոյեան

Միացեալ Նահանգներու դահոյկի հաւաքականի անդամ Միքայէլա Շիֆրին պատմական մրցանիշի հաւասարեցաւ` շահելով աղջկանց աշխարհի ախոյեանութեան բաժակը 6-րդ անգամ ըլլալով: Նորվեկիոյ մէջ տեղի ունեցած ախոյեանութեան, 31 տարեկան ախոյեանը պէտք ունէր առաջին 15 դիրքերէն որեւէ մէկը գրաւելու` շահելու ախոյեանութեան փակման հանգրուանին: Իր միակ մրցակիցը` գերմանացի Էմմա Այխեր չկրցաւ աւարտել վերջին հանգրուանը` առիթ տալով Շիֆրինին, որ դառնայ տիտղոսակիր, 6-րդ անգամ ըլլալով: Շիֆրին այժմ կը...

Ճիւտօ.  Նարեկ Վարդանեան Շահեցաւ  Եւրոպայի Բաժակը

Ճիւտօ. Նարեկ Վարդանեան Շահեցաւ Եւրոպայի Բաժակը

Շուէտի ներկայացուցիչ Նարեկ Վարդանեան շահեցաւ Ռիկայի (Լաթվիա) մէջ տեղի ունեցած ճիւտոյի Եւրոպայի 73 քկ կշիռի բաժակի տիտղոսը: Աւարտականին Վարդանեան հանգիստ յաղթանակ արձանագրեց Մոլտովայի ներկայացուցիչ Վլատ Միթրուի դէմ` շահելով ոսկի մետալը: Նշենք, որ ասիկա երիտասարդ հայ մարզիկի երկրորդ կարեւոր նուաճումն է կարճ ժամանակի միջոցին: Երկու շաբաթ առաջ 18 տարիքը բոլորած Վարդանեան նոյնպէս շահած էր Լեհաստանի մէջ տեղի ունեցած երիտասարդներու Եւրոպայի բաժակը:

Աղջկանց «Չեմփիընզ Լիկ».  Ռէալ Մատրիտ – Պարսելոնա` 2-6 Մանչեսթըր Եունայթըտ – Պայերն Միւնիխ` 2-3

Աղջկանց «Չեմփիընզ Լիկ». Ռէալ Մատրիտ – Պարսելոնա` 2-6 Մանչեսթըր Եունայթըտ – Պայերն Միւնիխ` 2-3

Աղջկանց «Չեմփիընզ լիկ»-ի քառորդ աւարտականի երթի մրցումներուն հետաքրքրական մրցումներ տեղի ունեցան: Վերջին տարիներու լաւագոյն խումբերէն Պարսելոնա 6-2 արդիւնքով լայն յաղթանակ արձանագրեց մրցակից Ռէալ Մատրիտի «Ալֆրետօ Տի Սթեֆանօ» դաշտին վրայ: Մրցումի առաջին 13 վայրկեաններուն Էվա Փախորի եւ Էսմէ Պրուկայի կոլերը առաւելութիւն տուին Պարսելոնային: Լինտա Քայսետօ կոլ մը նշանակեց ի նպաստ Ռէալ Մատրիտի, բայց Իրէն Փարետես անմիջապէս Պարսելոնայի 2 կոլի առաւելութիւնը վերադարձուց:...

Մոհամետ Սալահ  Պիտի Լքէ Լիվըրփուլը

Մոհամետ Սալահ Պիտի Լքէ Լիվըրփուլը

2025-2026 տարեշրջանը աւարտելէ ետք, Մոհամետ Սալահ պիտի լքէ Անգլիոյ Լիվըրփուլ ակումբը: 9 տարեշրջաններէ ետք Լիվըրփուլի պատմութեան փայլուն աստղերէն` եգիպտացի Սալահ պիտի լքէ «Կարմիրներ»-ը: Սալահ եւ Լիվըրփուլ համաձայնեցան, որ ան լքէ խումբը տարեշրջանի աւարտին: Սալահ ինքն է, որ ուզած է, որ ժամանակէն առաջ յայտարարուի այս լուրը` համակիրները յարգելու եւ ապագայի մասին թափանցիկութիւն ապահովելու համար: 2017-ին Իտալիոյ Ռոմա ակումբէն Լիվըրփուլին միանալէ ետք,...

Նշմար.  Հաշիւով Ծախսելը

Նշմար. Հաշիւով Ծախսելը

ԿԱՐՕ Կ. Ֆութպոլի աշխարհին մէջ շատ մարդիկ կը դիտեն պարզապէս մակերեսային ձեւով, ուրիշներ բաւական կը «սուզուին» ակումբներու ներքին հարցերուն, մարզիկներու անձնական կեանքին, անոնց մարզական պատրաստութիւններուն կամ մինչեւ իսկ փոխանցումներու հաւանական ակումբներու մասին հետաքրքրուելով: Ֆութպոլը սակայն միայն այդ 90 վայրկեանները չեն: Ակումբ մը ի՞նչ հանգրուաններէ կ՛անցնի հաստատ մնալու, կայուն մնալու եւ կարելի եղածին չափ հաշիւով քայլ առնելու եւ ծախսելու համար: Կան...

«Հայփ Էֆ. Սի.»  Արսէն Յարութիւնեան Պիտի Մրցի Պաղտաթ Ժուպանիշի Դէմ

«Հայփ Էֆ. Սի.» Արսէն Յարութիւնեան Պիտի Մրցի Պաղտաթ Ժուպանիշի Դէմ

4 անգամ Եւրոպայի ազատ ոճի ըմբշամարտի ախոյեան Արսէն Յարութիւնեան պիտի մասնակցի «Հայփ Էֆ. Սի.» մրցաշարքին, ուր պիտի մրցի արհեստավարժ «Էմ. Էմ. Էյ.»-ի մարզիկ Պաղտաթ Ժուպանիշի դէմ: 30 տարեկան Ղազախստանի ներկայացուցիչը խառն մենամարտի մրցումներուն ունի 8 յաղթանակ (7 մենամարտերու ընթացքին) եւ նախապէս ոչ արհեստավարժ «Էմ. Էմ. Էյ.»-ի աշխարհի ախոյեան էր: Ան իր ասպարէզին մեծ մասը անցուցած է «Նայզա Էֆ. Սի.» Լիկային...

Սուսերամարտ.  Տարիա Մալիշեւա Պրոնզ Մետալակիր

Սուսերամարտ. Տարիա Մալիշեւա Պրոնզ Մետալակիր

Հայաստանի սուսերամարտի հաւաքականի ներկայացուցիչ Տարիա Մալիշեւա դարձաւ Եւրոպայի մինչեւ 23 տարեկաններու պրոնզէ մետալակիր: Եւրոպայի երիտասարդներու բաժակի մրցաշարքը տեղի կ՛ունենայ Փրակայի մէջ (Չեխիա), եւ Ռոպիրա մրցաձեւի մրցումներուն Մալիշեւա խմբային զտումի մրցումներուն 5 յաղթանակներ ձեռք ձգելով հաստատ քայլերով հասաւ փլէյ օֆ: Նաք-աութի մրցումներուն ան դուրս ձգեց Գերմանիոյ երկու ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ Չեխիոյ ներկայացուցիչը: Կիսաւարտականին Հայաստանի ներկայացուցիչ սուսերամարտիկը պարտուեցաւ մրցաշարքի աւելի ուշ յաղթականին`...

2026-ի Մոնտիալի Զտում.  Վաղը` Իտալիա – Հիւսիսային Իրլանտա

2026-ի Մոնտիալի Զտում. Վաղը` Իտալիա – Հիւսիսային Իրլանտա

Վաղը տեղի կ՛ունենան 2026-ի Մոնտիալի զտումի փլէյ-օֆի գծով 8 մրցումներ: Մոնտիալի պատմութեան լաւագոյն խումբերէն Իտալիա Պերկամոյի մէջ պիտի հիւրընկալէ Հիւսիսային Իրլանտան: Մարզիչ Ճեննարօ Կաթուզօ յայտնեց, որ կարեւորագոյնը հոգեպէս պատրաստ ըլլալն է եւ պայքարի ոգիով է, որ կրնայ Իտալիան յաղթել եւ հասնիլ Մոնտիալին: «Միայն այն անձը, որ արիւն չունի իր երակներուն մէջ, չի զգար այս մրցումներուն կարեւորութիւնը», ըսաւ Կաթուզօ` իր ֆութպոլիստի...

Արսենալ Մտահոգ`  Վիրաւորներով

Արսենալ Մտահոգ` Վիրաւորներով

Արսենալ ակումբէն 6 մարզիկներ դուրս մնացին իրենց ազգային խումբերէն` վիրաւորուելէ ետք իրենց վերջին մրցումներուն: Պրազիլցի յետսապահ Կապրիէլ Մակալհայս եղաւ 6-րդ մարզիկը, որ ծունկի ցաւեր ունենալով մաս պիտի չկազմէ ազգային խումբի երկու մրցումներուն` Ֆրանսայի եւ Խրուաթիոյ դէմ: Կապրիէլ մասնակցեցաւ Մանչեսթըր Սիթիի դէմ «Քարապաօ» բաժակի («Ի. Էֆ. Էլ. բաժակ) աւարտականի մրցումին, բայց մրցումի աւարտին ծունկի սուր ցաւեր ունէր: Նկարուելէ ետք ի յայտ...

«Էն. Պի. Էյ.»  Ուեմպանեամա Կ՛ուզէ Շահիլ «Էմ. Վի. Փի.» Տիտղոսը

«Էն. Պի. Էյ.» Ուեմպանեամա Կ՛ուզէ Շահիլ «Էմ. Վի. Փի.» Տիտղոսը

«Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումները շարունակուեցան երէկ, եւ Սան Անթոնիօ Սփըրզ շահելէ ետք Մայեմի Հիթի դէմ իր մրցումը (136-111), գրաւեց հարաւարեւմտեան շրջանի պարագլուխի դիրքը, զոր 9 տարեշրջաններէ ի վեր ձախողած էր շահիլ: Նկատի ունենալով, որ բնական եղանակը իր վերջին 10-11 մրցումներուն հասած է, Սփըրզ շահեցաւ հարաւարեւմտեան տիտղոսը, մինչ Օքլահոմա Սիթի Թանտըր հիւսիսարեւմտեան ախոյեանը դարձաւ: Մինչեւ օրս Արեւմտեան շրջանէն Սաքրամենթօ Քինկզ, Եութա...

Page 50 of 1275 1 … 49 50 51 … 1,275

Արխիւներ