Մարզական

Պասքեթպոլ.-  Էն. Պի. Էյ.-ը Կրնայ Կրել 900 Միլիոն Ամերիկեան Տոլարի Վնաս Մը

«Էն. Պի. Էյ.» Ո՞ւր Հասան «Էն. Պի. Էյ.»-ի Մրցումները

Ամէն տարեշրջանի, «Էն. Պի. Էյ.»-ի բնական տարեշրջանին, ամէն խումբ 82 մրցում կը կատարէ, այնուհետեւ եւ ըստ դասաւորման, արեւելքէն եւ արեւմուտքէն 8-ական խումբեր փլէյ-օֆի մրցումներու կը մասնակցին, Արեւելեան շրջանի ախոյեանը մրցելով Արեւմտեան շրջանի ախոյեանին դէմ, «Էն. Պի. Էյ.»-ի տարուան տիտղոսին համար: 2021-ին որոշուեցաւ, որ 8 խումբերէն անկախ առիթ տրուի 9-րդ եւ 10-րդ դիրքերը գրաւող խումբերուն, որ խաղան փլէյ-ին մրցումներ 7-րդ եւ...

19 Տարեկանէն Վար Մրցումին.  Հայաստան – Ճիպրալթար 9-0

19 Տարեկանէն Վար Մրցումին. Հայաստան – Ճիպրալթար 9-0

Հայաստանի երիտասարդներու ազգային խումբը 2027-ին Եուրոյի զտումի իր վերջին մրցումին 9-0 արդիւնքով ջախջախիչ յաղթանակ արձանագրեց Ճիպրալթարի դէմ մրցումին, Անթալիոյ մէջ: Ութ տարբեր ֆութպոլիստներ նշանակեցին Հայաստանի կոլերը: Տուպլէ իրագործեց Փիւնիկի միջնապահ Ժիրայր Աշիկեան: Մէկական կոլեր նշանակեցին Նոայի մարզիկներ Մայքըլ Ասիրեան, Ալպերթ Գարեգինեան եւ Դաւիթ Դաւիթեան: Արարատ - Արմենիայի միջնապահներ Յարութիւն Մովսիսեան եւ Մարտուն Յովհաննիսեան, ինչպէս նաեւ Ռոսթովի (Ռուսիա) մարզիկներէն Դաւիթ Բատոյեան...

Մարմնամարզութիւն.  Հայաստան 4 Անդամներով Կը Մասնակցի Աշխարհի Բաժակին

Մարմնամարզութիւն. Հայաստան 4 Անդամներով Կը Մասնակցի Աշխարհի Բաժակին

Հայաստանի մարմնամարզութեան տղոց խումբը աշխարհի բաժակի մրցաշարքին 4 անդամներով պիտի մասնակցի: Հայաստանի մարմնամարզութեան տղոց խումբի մարզիչ Յակոբ Սերոբեան «Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց խումբը: Գահիրէի մէջ (Եգիպտոս) տեղի ունենալիք աշխարհի բաժակի մրցաշարքին պիտի մասնակցին Արթուր Դաւթեան (օղակներ, յենացատկ), Արթուր Աւետիսեան (օղակներ), Համլեթ Մանուկեան (նժոյգ-թափեր) եւ Մամիկոն Խաչատրեան (նժոյգ-թափեր): Խումբը Եգիպտոս կը մեկնի այսօր: Գահիրէի մէջ տեղի ունենալիք աշխարհի բաժակի...

Ուու Շու.  Հայաստանի Հաւաքականը 4 Մետալներով Վերադարձաւ Չինաստանէն

Ուու Շու. Հայաստանի Հաւաքականը 4 Մետալներով Վերադարձաւ Չինաստանէն

Հայաստանի հաւաքականը յաջողութեամբ մասնակցեցաւ 2026-ի աւանդական Ուու շուի պատանեան աշխարհի ախոյեանութեան, որ տեղի ունեցաւ Թիանճին (Չինաստան) քաղաքին մէջ` նուաճելով 4 մետալ Ուու շու -սանտա մարտական մրցումներուն: Մրցումներէն ետք 4 հայ մարզիկներ շահեցան մետալներ` Կարէն Սահակեան 52 քկ կշիռի արծաթ մետալ, Գրիշա Աւիխանեան (45 քկ) պրոնզէ մետալ, Ռուբէն Մելքոնեան (56 քկ) պրոնզէ մետալ եւ Տիգրան Թովմասեան (75 քկ) պրոնզէ մետալ: Այս...

Մուայ Թայ.  Հայաստան Ոսկի Եւ Պրոնզ Մետալներով  Վերադարձաւ Թուրքիայէն

Մուայ Թայ. Հայաստան Ոսկի Եւ Պրոնզ Մետալներով Վերադարձաւ Թուրքիայէն

Անթալիոյ մէջ վերջ գտաւ Մուայ թայ մարզաձեւի պատանեկան «Անթալիա օփըն քափ 2026» մրցաշարքը: Հայաստանի հաւաքականը ներկայացած իր երկու մարզիկներով` մարզիչ Ալեքսան Աղբալեանի ղեկավարութեամբ: Մինչեւ 14 տարեկաններու մրցումներուն, Արայիկ Բրուտեան (52 քկ) ոսկի մետալ նուաճեց: Բրուտեան աւարտականին նաք-աութով յաղթեց Ազրպէյճանի ներկայացուցիչին` շահելով ոսկի մետալ: Հայաստանի ներկայացուցիչ Գորիկ Յակոբեան հանդէս եղաւ մինչեւ 18 տարեկաններու (67 քկ) մրցումներուն: Ան իր առաջին մրցումին կէտերով...

«Հայփ Էֆ. Սի.»  Ծառուկեան – Տենիս Տիտղոսի Մրցումը` 8 Ապրիլին

«Հայփ Էֆ. Սի.» Ծառուկեան – Տենիս Տիտղոսի Մրցումը` 8 Ապրիլին

«Եու. Էֆ. Սի.»-ի հայ մարտիկ Արման Ծառուկեան իր յաջորդ մենամարտը պիտի կատարէ 8 ապրիլին` Սան Փաուլոյի մէջ տեղի ունենալիք «Հայփ Էֆ. Սի.» մրցաշարքին: Անոր մրցակիցը պիտի ըլլայ Տիլըն Տենիս: Մարտիկները կը պայքարին լիկայի ախոյեանի գօտիին համար, որ Ծառուկեան նախապէս շահած էր` յաղթելէ ետք Մոհամետ Մոքայեւին, Ռիօ Տէ Ժանէյրոյի մէջ «Հայփ Էֆ. Սի.» մրցաշարքին: Մենամարտը տեղի պիտի ունենայ Կրեփլինկի կանոններով` «Սապմիշըն...

Պարսելոնա Այժմէն Կը Մտածէ  Յաջորդ Եղանակին Մասին

Պարսելոնա Այժմէն Կը Մտածէ Յաջորդ Եղանակին Մասին

Սպանիոյ ֆութպոլի «հսկաներէն» Պարսելոնա ակումբը այժմէն իսկ լրջօրէն կը մտածէ յառաջիկայ եղանակին համար ձեռք ձգել մարզիկներ: Պարսայի ցանկին վրայ երկու գլխաւոր թիրախներն են Աթլեթիքօ Մատրիտի յառաջապահ Խուլիան Ալվարես եւ Ինթեր Միլանի յետսապահ Ալեսանտրօ Պասթոնի: Սակայն նկատի ունենալով զոյգ մարզիկներուն նիւթական բարձր պահանջները, շատ հաւանական է, որ Պարսելոնա կեդրոնանայ իտալացի Պասթոնիի վրայ, որ աւելի «պիտանի» կրնայ ըլլալ ակումբին համար: Պասթոնի տեղափոխութիւնն...

Սպանիոյ Իրաւարարներու Մարմինը  Մերժեց Ռէալ Մատրիտի Առաջարկը

Սպանիոյ Իրաւարարներու Մարմինը Մերժեց Ռէալ Մատրիտի Առաջարկը

Սպանիոյ ֆութպոլի իրաւարարներու կոմիտէն մերժեց Ռէալ Մատրիտի բողոքը` Ռէալ Մատրիտ - Աթլեթիքօ Մատրիտ (3-2) մրցումին գծով, միջնապահ Ֆետերիքօ Վալվերտէի վտարումին վերաբերեալ: Բողոքարկումի յանձնախումբը եզրակացուցած է, որ Ռէալ Մատրիտ ակումբին կողմէ ներկայացուած ապացոյցները բաւարար չեն, որ ֆութպոլիստին 1 մրցումով կախակայման որոշումը բեկանուի: Այս ձեւով ուրուկուէյցի միջնապահը ստիպուած պիտի ըլլայ բացակայելու «Լա լիկա»-ի 30-րդ հանգրուանին գծով Ռէալ Մայորքա - Ռէալ Մատրիտ մրցումէն:...

«Ֆորմիւլա 1».  4 Անգամ Աշխարհի Ախոյեան Վերշթափըն Կրնայ Լքել Իր Ասպարէզը

«Ֆորմիւլա 1». 4 Անգամ Աշխարհի Ախոյեան Վերշթափըն Կրնայ Լքել Իր Ասպարէզը

4 անգամ աշխարհի ախոյեան Մաքս Վերշթափըն, որ վերջերս միշտ ալ դժգոհութիւն կը յայտնէր այս տարուան «Ֆորմիւլա 1»-ի փոփոխութիւններէն, յայտնեց, որ շատ հաւանաբար իր վերջին տարեշրջանը կը բոլորէ «Ֆորմիւլա 1»-ի աշխարհին մէջ` նշելով, որ շատ դժուար է հաճոյք ստանալ այս նոր փոփոխութիւններով: «Ռետ Պուլ»-ի վարորդը համարձակօրէն դժգոհ էր 8-րդ դիրքը գրաւելով Ճափոնի վերջին կրան փրիին, զոր շահած էր 19 տարեկան Քիմի...

Ճատրակ.  Հայկ Մարտիրոսեան Շահեցաւ Ակզամովի Յիշատակի 19-րդ Մրցաշարքը

Ճատրակ. Հայկ Մարտիրոսեան Շահեցաւ Ակզամովի Յիշատակի 19-րդ Մրցաշարքը

Ուզպեքիստանի մայրաքաղաք Տաշքենդի մէջ տեղի ունեցած Ակզամովի յիշատակի 19-րդ ճատրակի մրցաշարքի ախոյեան դարձաւ հայ վարպետ Հայկ Մարտիրոսեան: 10 փուլերէ ետք Հայկ Մարտիրոսեան պահեց իր ջնջին տարբերութիւնը ռուս Արտեմ Ուսքովի նկատմամբ, որ նոյնպէս 7.5 կէտերով աւարտեց մրցաշարքը: Ուզպեք Ապտիմալիք Ապտիսալիմով 7 կէտերով գրաւեց 3-րդ դիրքը 6 այլ մրցակիցներու նման, որոնք 7-ական կէտերով աւարտած էին: Նշենք, թէ 101 ներկայացուցիչներ մասնակցեցան այս մրցաշարքին:

Բռնցքամարտ.  Վլատիսլաւ Այրիյեան Յաղթական

Բռնցքամարտ. Վլատիսլաւ Այրիյեան Յաղթական

Վլադիկավկազի մէջ տեղի ունեցած «Փաւտա Պոքսինկ» բռնցքամարտի երեկոյին Վլատիսլաւ Այրիյեան հաստատ յաղթանակ տարաւ Մարք Ուրվանովի դէմ մենամարտին` երկրորդ ռաունտին վերջ տալով մրցումին: Երկրորդ ռաունտին, Ուրվանով քանի մը անգամ նաք-աութի հարուածներ ստանալէ եւ իյնալէ ետք, չկրցաւ շարունակել մրցումը` խնդրելով դադրեցնել զայն: Այրիյեանին 12-րդ մրցումն էր այս, 12-ին ալ ան նաք աութով յաղթած էր: Մենամարտէն առաջ Այրիյեան ըսած էր, թէ յաղթանակի պարագային...

2027-ի Երիտասարդներու Եուրօ.  Թուրքիա – Հայաստան` 1-1

2027-ի Երիտասարդներու Եուրօ. Թուրքիա – Հայաստան` 1-1

Հայաստանի երիտասարդներու (19 տարեկանէն վար) ազգային խումբը 2027-ի Եւրոպայի ախոյեանութեան զտումի իր 2-րդ մրցումին 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն արձանագրեց Թուրքիոյ հետ վերջինին դաշտին վրայ` Անթալիոյ մէջ: Հայաստան բացաւ մրցումին հաշիւը` 17-րդ վայրկեանին: Կոլը նշանակեց Մայքըլ Ասերեան` Դաւիթ Դաւիթեանի փոխանցումէն օգտուելով: 35-րդ վայրկեանին սակայն, Թուրքիա կրցաւ հաւասարիլ: Առաջին փուլին Հայաստան նոյնպէս հաւասարութեամբ աւարտած էր Քոսովոյի դէմ մրցումը, որ իր երկրորդ մրցումին 7-0...

Մանուէլ Նոյըր Բերդապահներու  Պատմութեան Մէջ Նոր Էջ Մը Բացաւ

Մանուէլ Նոյըր Բերդապահներու Պատմութեան Մէջ Նոր Էջ Մը Բացաւ

Գերմանիոյ ազգային խումբի նախկին եւ Պայերն Միւնիխի այժմու բերդապահ Մանուէլ Նոյըր 40 տարեկանը բոլորեց քանի մը օր առաջ: Գերմանացի լրագրող Եուլիան Վոլֆ յօդուածով մը անդրադարձած է իր փորձառութեան մասին, երբ 2011-ին սկսած էր թղթակիցի իր ասպարէզը ճիշդ այդ պահուն, երբ Մանուէլ Նոյըր միացաւ Պայերն Միւնիխի: Տուեալ յօդուածին վրայ հիմնուելով անդրադարձ կը կատարենք Մանուէլ Նոյըրի մարզական ուղիին: Նոյըր, որ Շալքէի սան...

Ֆիֆայի Միջազգային  Բարեկամական Մրցումներուն.  Հայաստան – Պիելոռուսիա` 1-2

Ֆիֆայի Միջազգային Բարեկամական Մրցումներուն. Հայաստան – Պիելոռուսիա` 1-2

Հայաստանի ֆութպոլի հաւաքականը Երեւանի մէջ բարեկամական փորձ մրցումի մը ընթացքին 1-2 արդիւնքով պարտութիւն կրեց Պիելոռուսիոյ դէմ: 8-րդ վայրկեանին իսկ, Եւգենի Եապլոնսքի գլխու հարուածով նշանակեց Պիելոռուսիոյ կոլը: 72-րդ վայրկեանին Պիելոռուսիա կոլ մը եւս նշանակեց շնորհիւ Կերման Պարքովսքիի: Հայաստանի միակ կոլը նշանակեց Վահան Բիչախչեան` փենալթիով, 88-րդ վայրկեանին: Մեծ թիւով կոլ նշանակելու առիթներ ստեղծեց Հայաստան, որ բաւական փորձառութեան պէտք ունի, մանաւանդ որ այս...

Բռնցքամարտ.  Գուրգէն Յովհաննիսեան Յաղթեց Նաք-Աութով

Բռնցքամարտ. Գուրգէն Յովհաննիսեան Յաղթեց Նաք-Աութով

Շաբաթավերջին, Լաս Վեկասի մէջ (Մ. Ն.) տեղի ունեցաւ արհեստավարժ բռնցքամարտի երեկոյ, որուն ընթացքին հայ գեր-ծանր կշիռի մարտիկ Գուրգէն Յովհաննիսեան Մեքսիքայի Սեզար Նաւարոյի նաք-աութի ենթարկեց: 28 տարեկան Գուրգէնի համար, այս յաղթանակը իր յաջորդական 10-րդն էր արհեստավարժ բռնցքամարտի ծիրին մէջ, նախորդ ինն ալ ան կրցած է նաք-աութով յաղթել: Կը սպասուի, որ «Պիկ Գուգ» ծածկանունով մարզիկը կը բարձրանայ «Պոքս Ռեք» համաշխարհային դասաւորման մէջ,...

Թենիս.  Եաննիք Սինըր Եւ Արինա Սապալենքա  Տուպլէ Իրագործեցին

Թենիս. Եաննիք Սինըր Եւ Արինա Սապալենքա Տուպլէ Իրագործեցին

Մայեմի Կարտընի մէջ, Եաննիք Սինըր 6-4 եւ 6-4 արդիւնքով պարտութեան մատնելէ ետք Յերի Լեհեչքան շահեցաւ Մայեմիի թենիսի բաց մրցաշարքը` իրագործելով «տուպլէ» մը նախապէս շահելէ ետք Ինտիըն Ուելս թենիսի մրցաշարքն ալ: Նոյն իրագործումը կատարեց նաեւ աղջկանց թիւ 1 թենիսվումըն Արինա Սապալենքա, որ պարտութեան մատնած էր ամերիկացի Քոքօ Կաֆը: Վերջին անգամ տղոց տուպլէն կատարած էր Ռոժէ Ֆետերեր 2017-ին: Իտալացի Սինըր (աշխարհի թիւ...

Պէյրութ Մարաթոն Միութիւն.  Տեղահանուածներու Յատուկ «Վազէ Եւ Ժպտայ» Մրցում

Պէյրութ Մարաթոն Միութիւն. Տեղահանուածներու Յատուկ «Վազէ Եւ Ժպտայ» Մրցում

Ընկերային հարցերու նախարարութեան հետ համագործակցութեամբ, Պէյրութ Մարաթոն միութիւնը «Վազէ եւ ժպտայ» խորագիրով մրցում մը կազմակերպեց տեղահանուած մանուկներու եւ պատանիներու համար` փորձելով յոյս ներշնչել երկրին մէջ տիրող ներկայ լարուած կացութեան մէջ: Այս մրցումով Պէյրութ մարաթոն միութիւնը կը մտադրէ օգնել մանուկներուն, պատանիներուն եւ իրենց ընտանիքներուն, մարզական խաղերով օժանդակել անոնց ոչ միայն ֆիզիքական, այլեւ հոգեկան գետնի վրայ` սփռելով ժպիտ եւ առնուազն քանի մը...

Ըմբշամարտ.  Արման Ծառուկեան Անգամ Մը Եւս Յաղթեց Փուլասին

Ըմբշամարտ. Արման Ծառուկեան Անգամ Մը Եւս Յաղթեց Փուլասին

Հայ «Եու. Էֆ. Սի.»-ի մարտիկ Արման Ծառուկեան «ՌԱՖ-07» մրցաշարքի գլխաւոր մենամարտին ազատ ոճի ըմբշամարտի օրէնքներով 9-3 արդիւնքով յաղթեց Ճիորճիօ Փուլասին: Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցած (Թամփա, Ֆլորիտա) այս մրցաշարքին, այս «վրէժի մրցում»-ը համեմատաբար աւելի «մաքուր» մրցում էր, քան «ՌԱՖ-06»-ի մենամարտը, որուն ընթացքին Փուլաս անտեղի ապտակներով մրցումին «համը փախցուցած» էր: Ըստ երեւոյթին Փուլաս դասեր քաղած էր այդ մրցումէն, որուն աւարտին Ծառուկեան...

«Հայփ Էֆ. Սի.»  Արսէն Յարութիւնեանի Ջախջախիչ Յաղթանակը

«Հայփ Էֆ. Սի.» Արսէն Յարութիւնեանի Ջախջախիչ Յաղթանակը

Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ «Հայփ Էֆ. Սի.» մրցաշարքը, ուր անսովոր մենամարտի մը ընթացքին հանդիպեցան հայ ըմբիշ Արսէն Յարութիւնեան եւ «Էմ. Էմ. Էյ.»-ի մարտիկ Պաղտաթ Ժուպանիշ: Մենամարտի սկիզբէն իսկ Յարութիւնեան ցուցադրեց մակարդակի զգալի տարբերութիւն` վստահօրէն իշխելով մենամարտի ընթացքին վրայ, պարտադրելով արագ ընթացք եւ յաջողութեամբ իրականացնելով ոտքերու անցումներ` մրցակիցին կարելիութիւն գրեթէ չտալով, որ պատասխանէ: Այդ պատճառով ալ հայ ըմբիշը կէտերու բարձր տարբերութեամբ...

«Էմ. Էմ. Էյ.»  Մխիթար Բարսեղեան` Յաղթական

«Էմ. Էմ. Էյ.» Մխիթար Բարսեղեան` Յաղթական

Մինսքի մէջ տեղի ունեցած «Էյ. Սի. Էյ. 201» մրցաշարքին, հայ մարտիկ Մխիթար Բարսեղեան իր 14-րդ մրցումին 9-րդ յաղթանակը արձանագրեց` այս անգամ վրացի մարզիկ Վաժա Ցիպտաուրի դէմ: Մենամարտը վերջ գտաւ իրաւարարներու բաժնուած որոշումով (29-28, 29-28 եւ 28-29): 28 տարեկան Բարսեղեանի համար այս յաղթանակը եղաւ 4-րդը` «Էյ. Սի. Էյ. Լիկ»-ին մէջ: Ան կրցաւ ինքզինք գտնել նախկին մրցումին պարտուելէ ետք: «Առիւծի սիրտ» ակումբի...

Page 49 of 1275 1 … 48 49 50 … 1,275

Արխիւներ