Մարզական

Հայաստանի Ազգային Խումբը  Փոփոխութիւններ Կը Կատարէ

Հայաստանի Ազգային Խումբը Փոփոխութիւններ Կը Կատարէ

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային խումբը իր մարզչական անձնակազմին մէջ փոփոխութիւններ կատարեց հաւաքէն առաջ: Ֆիզիքական պատրաստութեան նոր մարզիչ նշանակուեցաւ սերպ մասնագէտ Փրետրակ Պոժիչ: 43 տարեկան Պոժիչ նախապէս աշխատած է Սերպիոյ ազգային խումբին հետ, ինչպէս նաեւ Պելկրատի Փարթիզան ակումբին հետ, ուր ինքզինք հաստատած է իբրեւ ֆիզիքական պատրաստութեան փորձառու մարզիչ: Այս պաշտօնին վրայ Պոժիչ փոխարինած է սպանացի Խաւիէ Մինիանոն, որ նոր պաշտօն ստացաւ Սպանիոյ...

Ճատրակ.  Հայկ Մարտիրոսեան Առաջին Դիրքի Վրայ

Ճատրակ. Հայկ Մարտիրոսեան Առաջին Դիրքի Վրայ

Հայաստանի ճատրակի տղոց խումբի անդամ Հայկ Մարտիրոսեան կը մասնակցի Ուզպեքիստանի մէջ տեղի ունեցող «Թաշքենտի 19-րդ Ակզամովի» յիշատակին նուիրուած միջազգային մրցաշարքին: Թիւ 1 դասուած Մարտիրոսեան 6 հանգրուաններէ ետք կը գրաւէ առաջին դիրքը` 10 հանգրուաններէ բաղկացող այս մրցաշարքին` 5 կէտերով: Նոյնքան կէտեր ունի ռուս Արտեմ Ոաքով, որ պիտի ըլլայ Մարտիրոսեանի մրցակիցը 7-րդ հանգրուանին` այսօր: 101 վարպետներ կը մասնակցին այս մրցաշարքին:  

Դահուկարշաւ.  Գլեբ Մոսեսով Շահեցաւ Աւստրիոյ Մէջ

Դահուկարշաւ. Գլեբ Մոսեսով Շահեցաւ Աւստրիոյ Մէջ

Հայ դահուկորդ Գլեբ Մոսեսով իր փայլուն արդիւնքները կը շարունակէ միջազգային մրցաշարքերուն: Աւստրիոյ Քուհթայ միջազգային դահուկարշաւի մրցաշարքին, Մոսեսով կիրակի օր երկու հանգրուան շահեցաւ սլալոմի մրցումին` ցուցաբերելով կայունութիւն եւ անմրցելի կարողութիւն: Այս երկու հանգրուանները անոր միակը չէին: Արդարեւ, ան քանի մը օր առաջ ոսկի մետալներ շահած էր նաեւ Աւստրիոյ Վէյնեպեն եւ Սլովենիոյ Սորիսքա Փլանինա մրցաշարքերուն:

«Էն. Էմ. Էյ.»  Հինգ Հայկական Յաղթանակներ Եւ Երեք Ախոյեաններ

«Էն. Էմ. Էյ.» Հինգ Հայկական Յաղթանակներ Եւ Երեք Ախոյեաններ

Քալիֆորնիոյ մէջ (Միացեալ Նահանգներ) տեղի ունեցաւ «Էմ. Էմ. Էյ.»-ի «Եու. Էն. Էֆ. 32» մրցաշարքը, որուն ընթացքին հայ մարտիկները ցուցադրեցին բարձր մակարդակ` արձանագրելով 2 յաղթանակ` արհեստավարժ մենամարտերուն եւ երեք յաղթանակ` կէս-արհեստավարժ մենամարտերու ընթացքին: Արհեստավարժ մենամարտի երեկոյի գլխաւոր յաջողութիւնը ունեցաւ Արթուր Յարութիւնեան: Իր նախկին 7 ելոյթներէն 6-ն յաղթելէ ետք, Արթուր ժամանակէն առաջ պարտութեան մատնեց Քրիսթոֆըր Քրուզը` խեղդող հնարքի շնորհիւ նուաճելով «Եու. Էն....

Կիլիկիա` Հայաստանի  Ոչ Արհեստավարժ Լիկայի Ախոյեան

Կիլիկիա` Հայաստանի Ոչ Արհեստավարժ Լիկայի Ախոյեան

Կիլիկիա ակումբը դարձաւ Հայաստանի ոչ արհեստավարժ լիկայի ախոյեանը: Փլէյ-օֆի աւարտականին, Կիլիկիա փենալթիներով պարտութեան մատնեց Էջմիածինը: Երրորդ դիրքը գրաւեց Էքովիլ, որ 6-0 արդիւնքով ջախջախիչ յաղթանակ տարաւ Իջեւանի դէմ: Յաջորդ տարեշրջանին Կիլիկիա, Էջմիածին եւ Էքովիլ կը մասնակցին Հայաստանի ֆութպոլի բաժակի 2026-2027 տարեշրջանի մրցաշարքին: Այս յաղթանակին շնորհիւ Կիլիկիա Հայաստանը կը ներկայացնէ 2026 թուականի «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի «Ռիճիընզ Քափ» մրցաշարքին: Զզումի մրցումները տեղի...

Ըմբշամարտ.  Արսէն Յարութիւնեան Կը Մասնակցի «Հայփ Էֆ. Սի.» Երեւանին

Ըմբշամարտ. Արսէն Յարութիւնեան Կը Մասնակցի «Հայփ Էֆ. Սի.» Երեւանին

4 անգամ Եւրոպայի ախոյեան Արսէն Յարութիւնեան կը մասնակցի Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք «Հայփ Էֆ. Սի.» մրցաշարքին, որ տեղի կ՛ունենայ «Տաշիր Արենա»-ի մէջ, 28 մարտին: Ազատ ոճի հայ ըմբիշը իր առաջին մրցումը պիտի ունենայ այս ձեւի մարտական «շօ»-ի ձեւաչափով մրցաշարքին: Մինչեւ օրս Յարութիւնեանի մրցակիցը որոշուած չէ: Աւելի կանուխ լրատուամիջոցներուն մէջ կը քննարկուէր անոր հաւանական կրեփլինկի մենամարտը Մոհամետ Մոքայեւի դէմ, սակայն այդ...

«Էն. Պի. Էյ.»  Տիւրենթ Գերազանցեց Ճորտընի  Կէտերու Հաշիւը

«Էն. Պի. Էյ.» Տիւրենթ Գերազանցեց Ճորտընի Կէտերու Հաշիւը

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պատմութեան լաւագոյն մարզիկներէն Քեւըն Տիւրենթ շաբաթ գիշեր կրցաւ «Էն. Պի. Էյ.»-ի կէտերու դասաւորման մէջ գերազանցել պատմութեան թիւ 1 պասքեթպոլի աստղ Մայքըլ Ճորտընի 32.292 կէտերը: Ան կատակելով ըսաւ, որ տակաւին 4 դիրքեր կան` 27 կէտ նշանակելէ ետք Մայեմի Հիթի դէմ մրցումին: Հիուսթըն Ռոքեթցի 37 տարեկան մարզիկը 3 կէտնոց կողով մը նշանակելէ ետք է, որ անցաւ Ճորտընի թիւերուն: Մրցումէն...

«Չեմփիընզ Լիկ». Լիվըրփուլ Յաղթեց Կալաթասարայի. Պարսելոնա Եւ Պայերն Միւնիխ Մեծ Յաղթանակներ Արձանագրեցին

«Չեմփիընզ Լիկ». Լիվըրփուլ Յաղթեց Կալաթասարայի. Պարսելոնա Եւ Պայերն Միւնիխ Մեծ Յաղթանակներ Արձանագրեցին

«Չեմփիընզ լիկ»-ի քառորդ աւարտականի մնացեալ 4 խումբերն ալ ի յայտ եկան 1/8-րդ հանգրուանի դարձի երկրորդ օրուան մրցումներէն ետք, ուր Լիվըրփուլ վերջապէս կրցաւ դուրս ձգել Կալաթասարայը (4-0), մինչ Պարսելոնա դժուար կիսախաղ մը բոլորելէ ետք (3-2) կրցաւ 4 անպատասխան կոլեր նշանակել Նիւքեսըլի դէմ, մինչ Պայերն Միւնիխ մեծ թիւով բացականերով խաղալով հանդերձ կրցաւ 4-1 արդիւնքով պարտութեան մատնել Աթալանթան: Թոթենհամ Լոնտոնի մէջ 3-2 արդիւնքով...

Էն. Պի. Էյ.  Լէյքըրզ Իր 7-րդ Յաջորդական Մրցումը Յաղթեց  Շնորհիւ Տոնչիչի (40 Կէտ) Եւ Լըպրոնի (30 Կէտ)

Էն. Պի. Էյ. Լէյքըրզ Իր 7-րդ Յաջորդական Մրցումը Յաղթեց Շնորհիւ Տոնչիչի (40 Կէտ) Եւ Լըպրոնի (30 Կէտ)

Լոս Անճելըս Լէյքըրզ երէկ 124-116 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Հիուսթըն Ռոքեթցը` արձանագրելով իր 7-րդ յաջորդական յաղթանակը: Լուքա Տոնչիչ 40 կէտ նշանակեց, իսկ Լըպրոն Ճէյմս 30 կէտ աւելցուց Լէյքըրզի հաշուոյն, որ արձանագրեց իր 44-րդ յաղթանակը` բարձրանալով Արեւմտեան շրջանի 3-րդ դիրք: Միայն Օքլահոմա Սիթի Թանտըր եւ Սան Անթոնիօ Սփըրզ աւելի լաւ արդիւնք արձանագրած են Արեւմտեան շրջանին մէջ: Քեւըն Տիւրենթ 18 կէտ կրցաւ նշանակել...

Հայաստանի Ֆութպոլի Ախոյեանութեան  Փոփոխութիւններ

Հայաստանի Ֆութպոլի Ախոյեանութեան Փոփոխութիւններ

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի գրասենեակին մէջ տեղի ունեցած է աշխատանքային հանդիպում` գլխաւոր քարտուղար Էտկար Պետրոսեանի եւ մրցումներու բաժակի ղեկավար Դաւիթ Յարութիւնեանի մասնակցութեամբ: Քննարկման մասնակցած են բարձրագոյն դասակարգի ակումբներու ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ առաջին դասակարգէն չորս ակումբներ: Հանդիպումի հիմնական նիւթը եղած է հաւանական փոփոխութիւնը կանոնագիրին մէջ, վերջինս կը վերաբերի քանակին Հայաստանէն պատրաստուած ֆութպոլիստներու, որոնք կրնան միաժամանակ գտնուիլ դաշտին վրայ եւ ընդգրկուիլ խաղի յայտացուցակին...

Ըմբշամարտ.  Լիովա Վարդանեանի Մրցաշարքը Վերջ Գտաւ

Ըմբշամարտ. Լիովա Վարդանեանի Մրցաշարքը Վերջ Գտաւ

Երկու օրերու վրայ տեղի ունեցաւ Լիովա Վարդանեանի անուան ազատ ոճի ըմբշամարտի միջազգային մրցաշարքը, Երեւանի մէջ` իրար դէմ հանելով 7 երկիրներէ երիտասարդ (20 տարեկանէն վար) մարզիկներ: 10 տարբեր կշիռներու կարգով Հայաստանէն, Ռուսիայէն, Խըրխըզիստանէն, Պիելոռուսիայէն, Ֆրանսայէն, Մոլտովայէն եւ Իտալիայէն մարզիկներ հաճելի մթնոլորտի մէջ մրցեցան: Հայաստանի հաւաքականէն միակ ոսկի մետալակիր եղաւ Եւրոպայի 17 տարեկանէն վար ախոյեան Գագիկ Քազարեան 61 քկ կշիռի մրցումներուն: Ռուսիա...

Թենիս.  Տէյվիսի Մրցաշարքը Հայաստան  Կը Վերադառնայ 18 Տարի Ետք

Թենիս. Տէյվիսի Մրցաշարքը Հայաստան Կը Վերադառնայ 18 Տարի Ետք

Ծաղկաձորի մէջ տեղի կ՛ունենան Տէյվիսի բաժակի Եւրոպայի գօտիի Դ. կարգի հանդիպումները` տղոց թենիսի ամէնէն կարեւոր միջազգային մրցաշարքերէն մէկուն ծիրին մէջ: Մրցումները տեղի կ՛ունենան քաղաքի գլխաւոր մարզահամալիրին մէջ: Հայաստան կը ժամանեն Ալպանիոյ, Անտորրայի, Իսլանտայի, Լիխթենշթայնի, Մալթայի եւ Սան Մարինոյի ազգային խումբերը, որոնք կը պայքարին աւելի բարձր կարգ տեղափոխուելու համար: Հայաստանի հաւաքականի կազմը, որ կը պատրաստուի եղանակի կարեւոր մրցաշարքերէն մէկուն, կը յայտարարուի...

Պիելոռուսիա Հայ Ֆութպոլիստ  Ունի Իր Կազմին Մէջ

Պիելոռուսիա Հայ Ֆութպոլիստ Ունի Իր Կազմին Մէջ

Պիելոռուսիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի գլխաւոր մարզիչ Վիքթոր Կոնչարենքօ յայտարարեց անունները իր հաւաքականի անդամներուն, որոնք բարեկամական մրցումներ պիտի կատարեն Կիպրոսի (26 մարտ) եւ Հայաստանի դէմ (29 մարտ): Առանձնայատուկ ուշադրութիւն գրաւած է յառաջապահ Կարէն Վարդանեանի ընդգրկումը ցուցակին մէջ: 22 տարեկան հայկական ծագում ունեցող ֆութպոլիստը նախապէս հրաւիրուած էր ազգային խումբ, բայց պաշտօնական ելոյթ ունեցած չէ տակաւին: Հօր կողմէն հայկական արմատներ ունենալով հանդերձ, Վարդանեան...

Պասքեթպոլ.  Ուրարտու` Հայաստանի Ախոյեան

Պասքեթպոլ. Ուրարտու` Հայաստանի Ախոյեան

Ուրարտու պասքեթպոլի խումբը դարձաւ Հայաստանի ախոյեան եւ «Փրոպասքեթ Արմինիա Ա. լիկ»-ի 2025-2026 տարեշրջանի յաղթական: Հատիս ակումբին դէմ աւարտական շարքը բաղկացած էր երկու մրցումներէ, եւ անցաւ շատ հետաքրքրական մթնոլորտի մէջ: Առաջին ճակատումին Ուրարտու 86-71 արդիւնքով յաղթական դուրս եկաւ: Երկրորդ հանդիպումին Հատիս յաղթեց 94-90 արդիւնքով, բայց երկու մրցումներուն կէտերու առաւելութեամբ Ուրարտու դարձաւ ախոյեան: Վճռական վերջին մրցումը տեղի ունեցաւ «Մարմնակրթութեան (Սփորթի) կառավարման կեդրոն»-ի...

Արամէ Մինասեան Լաթվիա Կը Մեկնի

Արամէ Մինասեան Լաթվիա Կը Մեկնի

Հայաստանի 19 տարեկանէն վար ազգային խումբի յառաջապահ Արամէ Մինասեան իր ասպարէզը կը շարունակէ Լաթվիոյ մէջ: Երիտասարդ հայ ֆութպոլիստը յաջող փորձաշրջանէ մը ետք պայմանագիր ստորագրեց Լաթվիոյ առաջին դասակարգի Մարուպէ խումբին հետ: Յատկանշական էր, որ Մինասեանի ծառայութիւններով հետաքրքրուած էին նաեւ բազմաթիւ Լաթվիական խումբեր: Սակայն այդ բոլորը չյաջողեցան, մանաւանդ որ իր սպանական նախկին ակումբը չէր համաձայներ այդ բանակցութիւններու արդիւնքին: Արամէ Մինասեան, որ Փիւնիկի...

«Չեմփիընզ Լիկ».  Սփորթինկ Լիզպոն Դուրս Ձգեց Պոտօ Կլիմթը. Ռէալ Մատրիտ Յաղթեց Մանչեսթըրի Մէջ

«Չեմփիընզ Լիկ». Սփորթինկ Լիզպոն Դուրս Ձգեց Պոտօ Կլիմթը. Ռէալ Մատրիտ Յաղթեց Մանչեսթըրի Մէջ

«Չեմփիընզ լիկ»-ի առաջին օրուան գլխաւոր անակնկալը Լիզպոնի մէջ էր, ուր Փորթուգալի Սփորթինկը 5-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Նորվեկիոյ Պոտօ Կլիմթը: Պոտօ Կլիմթ, որ 3-0 արդիւնքով յաղթած էր երթին, ըստ երեւոյթին տակաւին «գինով» էր այդ յաղթանակով, բան մը, որմէ օգտուեցաւ փորթուգալեան ակումբը` նշանակելով 3 կոլ եւ պարտադրելով երկարաձգում: Երկարաձգման 2 այլ կոլեր անշարժացուցին նորվեկիական ակումբը, որ այսպիսով վերջ տուաւ իր յաջող...

Ափրիկէի Ազգերու Ախոյեանութիւն.  Մարոք Ախոյեան Հռչակուեցաւ…

Ափրիկէի Ազգերու Ախոյեանութիւն. Մարոք Ախոյեան Հռչակուեցաւ…

Անցեալ 18 յունուարի գիշերը, Սենեկալ շահած էր Ափրիկէի ազգերու ախոյեանութիւնը Ռապաթի մէջ` պարտութեան մատնելէ ետք հիւրընկալ երկիր Մարոքը: 2 ամիս ետք, Ափրիկէի ֆութպոլի ֆետերասիոնը ըստ երեւոյթին «ուշ արթնցաւ» եւ որոշեց Մարոքը ախոյեան հռչակել: Սենեկալի աստղ եւ խմբապետ Սատիօ Մանէ օրին իր խումբը համոզած էր դաշտ վերադառնալ: Խումբին անդամները անարդար փենալթիի մը դէմ իբրեւ գանգատ հանդերձարան մեկնած էին: Փենալթին զսպուած էր,...

Տուայթ Հաուըրտ Լքեց Պասքեթպոլը

Տուայթ Հաուըրտ Լքեց Պասքեթպոլը

Երբ հերթը իրն էր, ան իր Օրլանտօ Մեճիքի տարազը հանեց եւ տակէն երեւցաւ «սուփըրմեն»-ի տարազը: Վիզին կարմիր կտոր մը հագնելէ ետք, ան վազեց դաշտին կեդրոնէն, եւ ազատ հարուածի գիծէն ետք ցատկեց դէպի կողով, մէկ ձեռքով տանք մը կատարեց եւ ստանալէ ետք 50 կէտ, շահեցաւ 2008-ի «Էն. Պի. Էյ.»-ի «Օլ Սթար»-ի տանքի մրցումը: Այդ օրէն ան ճանչցուեցաւ «սուփըրմեն» անունով, շնորհիւ իր...

«Էն. Պի. Էյ.»  Թանտըրի 10-րդ Յաջորդական Յաղթանակը

«Էն. Պի. Էյ.» Թանտըրի 10-րդ Յաջորդական Յաղթանակը

Օքլահոմա Սիթի Թանտըր, որ անցեալ տարի «Էն. Պի. Էյ.»-ի ախոյեան դարձաւ, այս տարի ալ կրնայ կրկնել իր իրագործումը, եթէ անշուշտ պահէ իր կայուն ընթացքը: Երէկ իր 69-րդ մրցումին, Օքլահոմա 113-108 արդիւնքով յաղթեց Օրլանտօ Մեճիքին` արձանագրելով իր 10-րդ յաջորդական յաղթանակը: Շէյ Կիլճիըս Ալեքսանտր 40 կէտեր նշանակեց, մինչ Օրլանտոյի Փաոլօ Պանչերոն 32 կէտ եւ 10 ռիպաունտ ձեռք ձգեց: Չարլոթ Հորնեթց 136-106 արդիւնքով...

2026-ի Մոնտիալ.  Իրան Կը Փորձէ Մրցումները Մեքսիքօ Փոխադրել

2026-ի Մոնտիալ. Իրան Կը Փորձէ Մրցումները Մեքսիքօ Փոխադրել

Իրանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը լուրջ ժողովներու մէջ կը գտնուի ՖԻՖԱ-ին հետ լուծում գտնելու համար մոնտիալին մասնակցելու հարցին: «Լուծումը Իրանի մրցումները Մեքսիքօ փոխադրելն է` մարզիկներու ապահովութիւնը ամէն ինչէ առաջ դասելով», ըսաւ Իրանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Մեհտի Թաժ: Իրանի մասնակցութիւնը` 2026-ի մոնտիալին, կասկածի տակ առնուած էր, երբ հիւրընկալ երկիրներէն Միացեալ Նահանգներ, Իսրայէլի հետ պատերազմական գործողութիւններ շղթայազերծեցին Իրանի դէմ: «Երբ Թրամփ բացայայտօրէն յայտնեց, որ...

Page 51 of 1275 1 … 50 51 52 … 1,275

Արխիւներ