Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

2026-ի Մոնտիալի Զտում. Իտալիա – Հիւսիսային Իրլանտա 2-0

March 28, 2026
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբը վերջապէս Մոնտիալի զտումի գծով փլէյ-օֆի մրցում մը յաղթեց: 4 անգամ աշխարհի ախոյեան հանդիսացած Իտալիա այժմ կարիք ունի յաղթանակի մը եւս` 3-րդ յաջորդական Մոնտիալէն չբացակայելու համար:

Հինգշաբթի գիշեր Իտալիա Պերկամոյի մէջ 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Հիւսիսային Իրլանտան` փլէյ-օֆի կիսաւարտականի իր մրցումին:

Սանտրօ Թոնալի Բ. կիսախաղի սկիզբէն վոլէով նշանակեց մրցումին առաջին կոլը եւ աւելի ուշ պատրաստեց Մոյս Քինի կոլը:

«Կոլ նշանակելէ ետք, մեր միտքը աւելի հանգիստ էր: Լաւ ելոյթ ունեցանք: Այս յաղթանակը ուժ պէտք է տայ երեքշաբթի օրուան մրցումին… Պէտք է անպայման յաղթել, ուրիշ ճար չունինք», ըսաւ մարզիչ Ճենարօ Կաթուզօ:

Կիսաւարտականի իրենց մրցումները յաղթեցին նաեւ Պոսնիա, Շուէտ, Լեհաստան, Թուրքիա, Քոսովօ, Դանիա եւ Չեխիա:

Իտալիա իր աւարտականի մրցումին պիտի մեկնի Պոսնիա` հասնելու համար Մոնտիալին, որուն վերջին անգամ մասնակցեցաւ 2014-ին, ուր դուրս մնացած էր առաջին հանգրուանէն` 2010-ի մոնտիալին նման:

Պոսնիա Քարտիֆի մէջ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն արձանագրելէ ետք Կալեսի հետ, կրցաւ փենալթիներով յաղթել 4-3 արդիւնքով, ուր Պոսնիոյ բերդապահ Նիքոլա Վասիլ փրկեց Կալեսի վերջին փենալթին, մինչ Քերիմ Ալայպեկովիչ (18 տարեկան) կրցաւ նշանակել վերջին փենալթին` յաղթանակը նուիրելով Պոսնիոյ:

Նշենք, որ Էտին Ճեքօ (40 տարեկան) նշանակած էր Պոսնիոյ հաւասարութեան կոլը 86-րդ վայրկեանին:

Իտալիա 2018-ի մոնտիալի զտումէն դուրս մնացած էր` չկարենալով յաղթել Շուէտին, ապա Մակեդոնիոյ դէմ 2022-ի Մոնտիալի զտումին անակնկալ պարտութիւն կրելով ձախողած էր հասնելու:

Իտալիա ընդհանրապէս դժուարութիւն ունեցած է արեւելեան եւրոպական խումբերու հետ մրցումներու ընթացքին, բայց անպայման պիտի փորձէ երեքշաբթի օր այդ չար բախտը կոտրել:

Արսենալի յառաջապահ Վիքթոր Եոքերեշ հեթ-թրիք մը իրագործեց, եւ Շուէտ 3-1 արդիւնքով դուրս ձգեց Ուքրանիան: Եոքերեշ 2024-էն ի վեր ազգային խումբին հետ կոլ չէր նշանակած, մանաւանդ Մոնտիալի զտումի ձախող մրցումներուն գրեթէ անկայուն էր:

Շուէտ աւարտականին պիտի մրցի Լեհաստանի դէմ, որուն 37 տարեկան յառաջապահ Ռոպերթ Լեվանտովսքին գլխու կարեւոր հարուածով նշանակեց 2-1-ի կոլը` Ալպանիոյ դէմ, յոյսերը պահելով յաջորդական 3-րդ մոնտիալը խաղալու:

Ալպանիա կիսախաղէն քիչ մը առաջ նշանակեց մրցումին առաջին կոլը, մինչ Լեհաստանի միւս կոլը նշանակեց Փիոթր Զիլինսքի:

Քոսովօ յաղթանակի մը կարիքը ունի` առաջին անգամ ըլլալով Մոնտիալի հասնելու համար, երկու անգամ ետ մնալէ, վերադառնալէ եւ յաղթելէ ետք Սլովաքիոյ 4-3 արդիւնքով:

Քոսովօ պիտի մրցի Թուրքիոյ դէմ, որ 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ռումանիան:

Կուսթաֆ Իսաքսեն 2 կոլ նշանակեց 2 վայրկեաններու ընթացքին, եւ Դանիա 4-0 արդիւնքով դուրս ձգեց Մակեդոնիան:

Դանիոյ մրցակիցը պիտի ըլլայ Չեխիա, որ 4-3 փենալթիներու արդիւնքով պարտութեան մատնեց Իրլանտան, որ պահ մը 2-0 արդիւնքով կը յաղթէր, բայց տեղի տուաւ Չեխիոյ դիմաց:

Նախորդը

ՖԻՖԱ-ի Նոր Օրէնքները` Մոնտիալէն Առաջ

Յաջորդը

Ֆրանսա Յաղթեց Պրազիլին` 2-1 Արդիւնքով

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ
Մարզական

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ

September 16, 2026
«Եուրոփա Լիկ».  Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա
Մարզական

«Եուրոփա Լիկ». Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա

September 16, 2026
Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի  Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով
Մարզական

Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.