Մարզական

75 Տարեկանէն Վեր Մոնտիալը  Այս Տարի` Հոկտեմբերին

75 Տարեկանէն Վեր Մոնտիալը Այս Տարի` Հոկտեմբերին

Ամէն տարի տեղի կ՛ունենայ հետաքրքրական իրադարձութիւն մը, որուն բաւարար ձեւով ուշադրութիւն չի դարձուիր: Արդարեւ, 2022-էն ի վեր տեղի կ՛ունենայ 75 տարեկանէն վար մոնտիալը, որուն կը մասնակցին ազգային խումբեր, որոնք բաւարար թիւով մարզիկներ ունին: Գաղափարը սկսած էր 2017-ին, եւ այն ժամանակ մրցաշարքին մասնակցած էին 70 տարեկանէն վեր ազգային խումբեր, իսկ 2022-ին 75 տարեկանէն վեր մարզիկներու մոնտիալը սկսաւ Դանիոյ մէջ: Վերջերս հարցազրոյցի...

«Էն. Պի. Էյ.»  Օքլահոմա – Լէյքըրզ` 2-0

«Էն. Պի. Էյ.» Օքլահոմա – Լէյքըրզ` 2-0

«Էն. Պի. Էյ.»-ի փլէյ օֆի մրցումները շարունակուեցան երէկ, եւ անցեալ տարուան ախոյեան Օքլահոմա Սիթի Թանտըր 2-0 արդիւնքով յառաջացաւ Լոս Անճելըս Լէյքըրզի դէմ ճակատումին, 125-107 արդիւնքով յաղթելէ ետք 2-րդ ելոյթին: Չեթ Հոլմկրեն եւ Շէյ Կիլճիըս - Ալեքսանտր 22-ական կէտ նշանակեցին, մինչ Էյճէյ Միչել (20 կէտ) եւ Ճերըն Մաքէյն (18 կէտ) բարձր մակարդակի ելոյթ ունեցան անցեալ տարուան ախոյեանին հետ: Լէյքըրզէն անգամ մը...

Կարճ Լուրեր

Կարճ Լուրեր

. ՌԷԱԼ ՄԱՏՐԻՏԻ միջնապահ Օրելիեն Չուամենի կրնայ իր ասպարէզը շարունակել Անգլիոյ «Փրեմիեր լիկ»-ին մէջ: Ըստ «Ֆիշախես»-ի, ֆրանսացի ֆութպոլիստի ծառայութիւններով լրջօրէն հետաքրքրուած է Մանչեսթըր Սիթի: Ըստ աղբիւրի տեղեկութիւններուն, «սիթիզընս» պատրաստ են 90 միլիոն եւրօ վճարելու 26 տարեկան միջնապահին ծառայութիւններուն դիմաց: Կը նշուի, որ անգլիական խումբին այժմու մարզիչ Փեփ Կուարտիոլա մարտավարական տեսանկիւնէն Չուամենին կը նկատէ իտէալ ֆութպոլիստ: Թէեւ մատրիտեան ակումբը բարձր կը...

Պայրագտարեան Ընդունեց Խալիլ Աունը

Պայրագտարեան Ընդունեց Խալիլ Աունը

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան իր գրասենեակին մէջ ընդունեց հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի որդին` Խալիլ Աունը: Նախարարը իր հիւրին հետ քննարկեց երկրին ընդհանուր կացութիւնը, լիբանանեան մարմնակրթութեան իրավիճակը, մասնաւորաբար երկրին գտնուած դժուար պայմաններուն լոյսին տակ: Պայրագտարեան Խալիլ Աունին ներկայացուց անցնող շրջանին նախարարութեան կատարած աշխատանքն ու ստացած դրական արդիւնքները, ինչպէս նաեւ այն ծրագիրները, զորս պատրաստած էր, սակայն տիրող կացութիւնը անոնց...

ՀՄԸՄ ԼԵՎԱՄ-ի Յանձնախումբ.  Այսօր Եւ Վաղը Տեղի Կ՛ունենան Աղջկանց  Ֆութպոլի Մրցումները,  Իսկ Կիրակի` Պասքեթպոլի Մրցումները

ՀՄԸՄ ԼԵՎԱՄ-ի Յանձնախումբ. Այսօր Եւ Վաղը Տեղի Կ՛ունենան Աղջկանց Ֆութպոլի Մրցումները, Իսկ Կիրակի` Պասքեթպոլի Մրցումները

ՀՄԸՄ ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբը ըստ կարելւոյն կը կատարէ իր աշխատանքները, եւ այս շաբաթավերջին կը շարունակուին ԼԵՎԱՄ-ի ֆութպոլի եւ պասքեթպոլի մրցաշարքերը: Այսօր եւ վաղը տեղի կ՛ունենան ֆութպոլի աղջկանց եւ տղոց մրցումները, որոնք տեղի կ՛ունենան ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ակադեմիայի մարզադաշտին վրայ: Ստորեւ` յայտագիրը. Ժամը 11:00-ին - Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարան - Մխիթարեան վարժարան (աղջիկներ) Բ. դաշտին վրայ նոյն ժամուն Ազգային «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան»...

Ճատրակ.  Հայկ Մարտիրոսեան Սարտինիայի Մրցաշարքին Լաւագոյններէն Է

Ճատրակ. Հայկ Մարտիրոսեան Սարտինիայի Մրցաշարքին Լաւագոյններէն Է

Հայաստանի ճատրակի տղոց լաւագոյն դասուած մարզիկը` Հայկ Մարտիրոսեան «Սարտինիա Ուորլտ Չես Ֆեսթիվըլ» ճատրակի միջազգային մրցաշարքի առաջնակարգ դիրքերը կը գրաւէ: Ըստ «Արմէնփրես»-ի, Իտալիոյ մէջ տեղի ունեցող միջազգային 4 հանգրուաններէն ետք Հայկ Մարտիրոսեան 3,5 կէտեր ձեռք ձգած է եւ լաւագոյն մարզիկներու կարգին է: Մրցաշարքին կը մասնակցին նաեւ Մամիկոն Ղարիբեան եւ Էմին Օհանեան: 2,5 կէտեր ձեռք ձգած են անոնք, մինչ ՖԻՏԷ-ի վարպետ Սարգիս...

Ծանրաբարձութիւն. Աննա Ամրոյեան` Աշխարհի Ախոյեան. Նարեկ Մկրտչեան Դարձաւ Փոխախոյեան

Ծանրաբարձութիւն. Աննա Ամրոյեան` Աշխարհի Ախոյեան. Նարեկ Մկրտչեան Դարձաւ Փոխախոյեան

Հայաստանի հաւաքականի անդամ Աննա Ամրոյեան յաջողութեամբ բարձրացուց 100, 104 եւ 106 քկ արաշէի մրցումներուն, աղջկանց 77 քկ կշիռի կարգին մէջ` ապա էփոլէ-ժըթէի մրցումներուն ան 128, 132 եւ 134 քկ յաջողութեամբ բարձրացնելէ ետք դարձաւ աշխարհի անգերազանց երիտասարդներու ախոյեան: Ծանրաբարձութեան երիտասարդական տղոց հաւաքականի անդամները կը շարունակեն իրենց ելոյթները աշխարհի ախոյեանութեան: Եգիպտոսի մէջ տեղի ունեցող ախոյեանութեան, 79 քկ կշիռի ծանրաբարձերու մրցումներուն, Նարեկ Մկրտչեան...

«Չեմփիընզ Լիկ».  Փարիզ Սեն Ժերմեն Եւ Արսենալ Հասան Աւարտական

«Չեմփիընզ Լիկ». Փարիզ Սեն Ժերմեն Եւ Արսենալ Հասան Աւարտական

Հունգարիոյ մայրաքաղաք Պուտափեշթ 30 մայիսին պիտի հիւրընկալէ «Չեմփիընզ լիկ»-ի աւարտական մրցումը անցեալ տարուան ախոյան Փարիզ Սեն Ժերմենի եւ Արսենալի միջեւ: Տիտղոսակիր Փարիզ Սեն Ժերմեն կրցաւ դուրս ձգել Գերմանիոյ Պայերն Միւնիխը, մինչ Արսենալ դուրս ձգեց Սպանիոյ Աթլեթիքօ Մատրիտը: Փարիզ Սեն Ժերմեն աւելի փորձառու մարզիչով ինք կրցաւ որոշել մրցումին ընթացքը, մանաւանդ իրեն օգնեց կանուխ նշանակուած Տեմպելէի կոլը (3-րդ վայրկեանին): Պայերն բնականաբար իշխեց...

Չաւի Կրնայ Միանալ Չելսիին

Չաւի Կրնայ Միանալ Չելսիին

Պարսելոնայի նախկին ֆութպոլիստ եւ գլխաւոր մարզիչ Չաւի կրնայ «փրեմիեր լիկ»-ին մէջ խումբ մարզել: Ինչպէս կը հաղորդէ բրիտանական «Ինտիփենտընթ» պարբերականը, սպանացի մասնագէտը շատ հաւանաբար ստանձնէ Լոնտոնի Չելսի ակումբին ղեկը: Ըստ աղբիւրին, լոնտոնեան ակումբը սկսած է նոր գլխաւոր մարզիչի փնտռտուքի, մանաւանդ երբ նախկին մարզիչ Լիամ Ռոաենիոթի հետ համագործակցութիւնը դադրեցաւ: Կը նշուի, որ Չելսիի ղեկավարութիւնը իր ուշադրութիւնը կեդրոնացուցած է Չաւիի վրայ, մանաւանդ որ...

«Էն. Պի. Էյ.»  Սփըրզ Լաւ Ձեւով Պաշտպանելէ Ետք Շահեցաւ Երկրորդ Ճակատումը

«Էն. Պի. Էյ.» Սփըրզ Լաւ Ձեւով Պաշտպանելէ Ետք Շահեցաւ Երկրորդ Ճակատումը

Վիքթոր Ուեմպանեամա 19 կէտ եւ 15 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, եւ Սան Անթոնիօ Սփըրզ ծանր պարտութեան մատնեց Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզը 133-95 արդիւնքով: Սան Անթոնիօ, որ 1983-էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով այսքան բարձր թիւով կէտեր կը նշանակէր, Մինեսոթայի պատմութեան ամէնէն քիչ կէտերով մրցումը պարտադրեց: Սթեֆըն Քեսըլ (21 կէտ) եւ Տը՛Արոն Ֆոքս (16 կէտ) եղան Սփըրզի լաւագոյն մարզիկներէն, որոնք 41 տոկոս յաջողութեամբ 3...

Պայրագտարեան Այցելեց Ներքին Գործոց Նախարարին

Պայրագտարեան Այցելեց Ներքին Գործոց Նախարարին

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան այցելեց ներքին գործոց եւ քաղաքապետութիւններու հարցերու նախարար Ահմետ Հաժժարի եւ անոր հետ քննարկեց հասարակաց հետաքրքրութիւն ներկայացնող շարք մը թղթածրարներ: Երկու նախարարները շեշտեցին կարեւորութիւնը երկու նախարարութիւններուն միջեւ համակարգումն ու գործակցութիւնը ամրապնդելու, ինչ որ երիտասարդներուն մատուցուած ծառայութեան վրայ դրական ազդեցութիւն կ՛ունենայ, մասնաւորաբար երիտասարդութեան ու մարմնակրթութեան նախարարութեան մօտ օրէն նախաձեռնելիք ծրագիրներու ծիրին մէջ: Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան...

Ըմբշամարտ.  Արսէն Բալայեան Ոսկի Մետալ Շահեցաւ

Ըմբշամարտ. Արսէն Բալայեան Ոսկի Մետալ Շահեցաւ

2026-ի Ռուսիոյ ազատ ոճի ըմբշամարտի երիտասարդներու ախոյեանութիւնը վերջ գտաւ: 86 քկ կշիռի ախոյեան դարձաւ հայազգի Արսէն Բալայեան: Աւարտականին Բալայեան պարտութեան մատնեց Տաղիստանի ներկայացուցիչ Ապտուլհամիտ Նուրմագոմետովը: Քալինինկրատի մարզի ներկայացուցիչ Արսէն Բալայեան 23 տարեկանէն վար դասակարգի ախոյեան դարձաւ: Այլ հայ ըմբիշ մը` Ստաւրոպոլի երկրամասէն Ռոպերթ Մուրատեան դարձաւ պրոնզ մետալակիր` 92 քկ կշիռի կարգին մէջ:    

«Էն. Պի. Էյ.»  Անթոնի Էտուըրտծ Անակնկալ Ձեւով Վերադարձաւ Եւ Անակնկալի Բերաւ  Սփըրզը` 102-104 Արդիւնքով

«Էն. Պի. Էյ.» Անթոնի Էտուըրտծ Անակնկալ Ձեւով Վերադարձաւ Եւ Անակնկալի Բերաւ Սփըրզը` 102-104 Արդիւնքով

26 ապրիլին վիրաւորելէ ետք իր ծունկը, Անթոնի Էտուըրտծ բացակայած էր Տենվըր Նակեթցի դէմ մնացեալ 2 ճակատումներէն, մինչ Մինեսոթայի աստղի վերադարձին մասին նիւթ իսկ չկար: Երէկ առաւօտեան ժամերուն ան դաշտ ներկայացաւ մրցումէն 2 ժամ առաջ եւ «տաքցաւ»: Ցաւ չզգալով ան մասնակցեցաւ Արեւմտեան շրջանի կիսաւարտականի առաջին մրցումին` Սան Անթոնիօ Սփըրզին դէմ, եւ 18 կարեւոր կէտեր նշանակեց` իր խումբը առաջնորդելով անակնկալ յաղթանակի մը:...

«Չեմփիընզ Լիկ».  Այսօր` Պայերն Միւնիխ – Փարիզ Սեն Ժերմեն

«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր` Պայերն Միւնիխ – Փարիզ Սեն Ժերմեն

Այսօր «Չեմփիընզ լիկ»-ի կիսաւարտականի իր դարձի մրցումին, Պայերն Միւնիխ պիտի հիւրընկալէ անցեալ տարուան տիտղոսակիր Փարիզ Սեն Ժերմենը: Անցեալ շաբաթ օր Փարիզի մէջ ֆութպոլի պատմական օր մըն էր, ուր «զուտ յարձակողական» գեղեցիկ մրցումի մը, Փարիզի ակումբը 5-4 արդիւնքով կրցաւ յաղթել երթի ճակատումին: Երկու խումբերն ալ շատ լաւ յառաջապահ գիծ ունին, բան մը, որ ճնշումը կը դնէ պաշտպաններուն եւ բերդապահներուն վրայ: Պայերն...

Կուարտիոլա Շուարած…

Կուարտիոլա Շուարած…

Մանչեսթըր Սիթիի գլխաւոր մարզիչ Փեփ Կուարտիոլա վերջերս իր ապագային գծով կարգ մը մանրամասնութիւններ յայտնեց, մանաւանդ որ շշուկներ կան, թէ ան հաւանաբար լքէ Սիթին այս տարեշրջանի աւարտին: Կուարտիոլայի պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի 2027-ի յունիսին, եւ ան նախապէս փափաք յայտնած էր մարզելու ազգային խումբ մը գլխաւոր մրցաշարքի մը, ինչպէս Իտալիան, որ կապի մէջ մտած է ձեռք ձգելու սպանացի մասնագէտը: Սիթի կը մտածէ մարզիչը փոխել...

Ալեքս Զանարտի Ոչ Եւս Է

Ալեքս Զանարտի Ոչ Եւս Է

«Ֆորմիւլա 1»-ի նախկին վարորդ Ալեքս Զանարտի, որ Քարթինկի (նախապէս Ինտիքար) ախոյեան ալ դարձած է երկու անգամ, ինչպէս նաեւ 2001-ի արկածէն ետք կորսնցուցած է իր երկու սրունքները` աւելի ուշ շահելով 4 ոսկի մետալներ Հաշմանդամներու ողիմպիական մրցումներուն (ձեռքով հեծանիւի), 59 տարեկանին մահացաւ: 2001-ին ան մահէ փրկուած էր, երբ Քարթինկի մրցումին իր ինքնաշարժը երկուքի բաժնուած էր: 2004-ին ան գիրք մը հրապարակած էր` յիշելով....

Կարճ Լուրեր

Կարճ Լուրեր

. ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ֆութպոլի բաժակի աւարտական մրցումը իրար դէմ պիտի հանէ Նոան եւ Ուրարտուն: Կիսաւարտականի դարձի մրցումին, Նոա 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն արձանագրեց Արարատ Արմենիա խումբին հետ, եւ նկատի ունենալով, որ երթին Նոա 1-0 արդիւնքով յաղթած էր, ինքնաբերաբար հասաւ աւարտական: Կիսաւարտականի երկրորդ մրցումին, Ուրարտու 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Բ. դասակարգի Անդրանիկը: Երկու մրցումներու ելքով երեւանեան խումբը 2-1 արդիւնքով յաղթական ըլլալով հասաւ աւարտական:...

Քրիսթոֆ Ֆեղալի Շահեցաւ  «Եուրօ Քափ-3» Մրցումը

Քրիսթոֆ Ֆեղալի Շահեցաւ «Եուրօ Քափ-3» Մրցումը

16 տարեկան Քրիսթոֆ Ֆեղալի, որ «Ֆորմիւլա 4»-ի ախոյեանութեան մասնակցեցաւ անցեալ տարի, «Եուրո Քափ-3» մրցաշարքի իր առաջին եղանակի մրցումին կրցաւ գրաւել առաջին դիրքը շատ աւելի փորձառու վարորդներու կողքին, «Տրայվեքս» խումբին հետ: Սպանական «Տրայվեքս»-ի վարորդը, որ Ապտօ Ֆեղալիի զաւակն է եւ Միջին Արեւելքի ամէնէն յաջող վարորդ Ռոժէի եղբօրորդին, Ֆրանսայի «Փոլ Ռիքար» շրջավազքին վրայ կրցաւ պարտութեան մատնել փոլ փոզիշընի վրայ գտնուող թայլանտցի Էնզօ...

Մխիթարեան Իր Վերջին Մրցումները  Կը Կատարէ Ինթեր Միլանի Հետ

Մխիթարեան Իր Վերջին Մրցումները Կը Կատարէ Ինթեր Միլանի Հետ

Հենրիխ Մխիթարեան, որ պատմութեան լաւագոյն հայ ֆութպոլիստներէն մէկն է եւ Հայաստանի ազգային խումբի նախկին խմբապետը, այս ամիս շատ հաւանաբար իր ասպարէզի վերջին ամիսը կը բոլորէ: «Կացեթթա Տելլօ Սփորթ»-ի համեմատ, Ինթեր շատ հաւանաբար չերկարաձգէ 37 տարեկան Մխիթարեանի պայմանագրութիւնը: Կը հաղորդուի, որ այս տարեշրջանէն ետք միլանի ակումբը կրնան լքել նաեւ Մաթէօ Տարմեան, Ֆրանչեսքօ Սոչերպի, Եան Մխիթարեանի համար այս տարեշրջանը իրապէս կրնայ իր...

«Ֆորմիւլա 1».  Անթոնելլի Շահեցաւ Մայեմիի Կրան Փրին

«Ֆորմիւլա 1». Անթոնելլի Շահեցաւ Մայեմիի Կրան Փրին

Քիմի Անթոնելլի պատմութիւն կերտեց «Ֆորմիւլա 1»-ի աշխարհին մէջ, երբ փոլ փոզիշընէն սկսաւ տարեշրջանի իր 3-րդ մրցումը եւ շահեցաւ զայն 19 տարեկան հասակին: «Մերսետես»-ի վարորդ Անթոնելլի կէտերով կը գրաւէ առաջին դիրքը, եւ իր խմբակից Ճորճ Ռասըլ, որ շահած էր տարեշրջանի առաջին կրան փրին, կը գրաւէ երկրորդ դիրքը: Մայեմիի կրան փրին 3 ժամ աւելի կանուխ սկսած էր, երբ կլիմայական նախատեսութիւնները շատ վատ...

Page 42 of 1275 1 … 41 42 43 … 1,275

Արխիւներ