«Էն. Պի . Էյ.» Տոնավըն Միչել Երկու Մրցանիշ Հաստատեց Մէկ Մրցումի Ընթացքին. Լէյքըրզ Դուրս Մնաց 4-0 Արդիւնքով
«էն.Պի Էյ.»-ի փլէյ օֆի երէկուան մրցումները շատ հետաքրքրական էին: Արդարեւ, առաջին մրցումին, Քլիվլենտի մէջ (Օհայօ) Քեվիլերզ կիսախաղին ետ մնալէ ետք կրցաւ 3-րդ մասին 21 կէտի առաւելութիւն ունենալ Տիթրոյիթ Փիսթընզի վրայ եւ վերջին մասին դիմացաւ ու յաղթեց 112-103 արդիւնքով: Քլիվլենտ Տիթրոյիթ մէջ 2 մրցումներ պարտուելէ ետք կրցաւ իր դաշտին վրայ տեղի ունեցած 2 մրցումներուն ալ յաղթելով հաւասարեցնել ճակատումներու արդիւնքը` 2-2: Այս...




















