Մարզական

Էտկար Նաւասարդեան  Տուպլէ Իրագործեց

Էտկար Նաւասարդեան Տուպլէ Իրագործեց

Շուէտի Բ. դասակարգի ֆութպոլի ախոյեանութեան (Սուփերեթթան) 7-րդ հանգրուանի մրցումներուն, հայ յառաջապահ Էտկար Նաւասարդեան դարձաւ Օսթերսունտի հերոսներէն` Պրակէի դէմ մրցումին: Արդարեւ, Օսթերսունտ 2-0 արդիւնքով յառաջանալէ ետք շնորհիւ նորվեկիացի յառաջապահ Ապել Սթրենսրուտի տուպլէին, կիսախաղէն քիչ մը առաջ կոլ ստացաւ: 75-րդ վայրկեանին Նաւասարդեան փոխարինեց կոլ-սքորըր Սթենսրոտը: 4 վայրկեան ետք արդիւնքը 2-2 եղաւ: Սակայն Նաւասարդեան 84-րդ եւ 95-րդ վայրկեաններուն շատ կարեւոր կոլեր նշանակեց: Նաւասարդեանի...

Ըմբշամարտ.  Արիանա Մարտիրոսեան Հայաստանը  Ներկայացուց  Եւրոպայի Ախոյեանութեան

Ըմբշամարտ. Արիանա Մարտիրոսեան Հայաստանը Ներկայացուց Եւրոպայի Ախոյեանութեան

Պուլկարիոյ Սամոքով քաղաքին մէջ տեղի ունեցող մինչեւ 17 տարեկաններու ըմբշամարտի Եւրոպայի ախոյեանութեան ծիրին մէջ կարեւոր իրադարձութիւն մը արձանագրուեցաւ հայկական ըմբշամարտին համար: Հայաստանի հաւաքականի կազմէն աղջկանց ըմբշամարտի մրցումներուն հանդէս եկաւ Արիանա Մարտիրոսեան: Հայ մարզիկը կը պայքարէր մինչեւ 46 քկ կշիռի մրցումներուն: Դժբախտաբար անոր մասնակցութիւնը կարճ տեւեց, որովհետեւ Մարտիրոսեան իր առաջին մրցումին պարտութիւն կրեց եւ դուրս մնաց: Սակայն այս մակարդակի մրցաշարքին հայ...

Մարզական Կարճ Լուրեր

Մարզական Կարճ Լուրեր

ՄԱՆՉԵՍԹԸՐ Եունայթըտ շատ հաւանաբար այժմու գլխաւոր մարզիչին` Մայքըլ Քարիքին նոր պայմանագրութիւն առաջարկէ: Կը սպասուի, որ 44 տարեկան Քարիք հանդիպում մը ունենայ ղեկավարութեան հետ` երկարաձգելու համար պայմանագրութիւնը: . ՄԱՆՉԵՍԹԸՐ Սիթիի սպանացի մասնագէտ Փեփ Կուարտիոլա շատ հաւանաբար իր վերջին ամիսը կը բոլորէ Անգլիոյ «Փրեմիեր լիկ»-ին մէջ եւ լրջօրէն կը մտածէ լքել Մանչեսթըր Սիթին, մանաւանդ որ ֆիզիքականի մարզիչ Լորենցօ Հուենավենթուրա պիտի լքէ ակումբը,...

«Էն. Պի. Էյ.»  Այսօր Գիշեր Քլիվլենտ Եւ Սան Անթոնիօ Կրնան Հասնիլ Աւարտական

«Էն. Պի. Էյ.» Այսօր Գիշեր Քլիվլենտ Եւ Սան Անթոնիօ Կրնան Հասնիլ Աւարտական

Այսօր գիշեր կրնան վերջ գտնել «Էն. Պի. Էյ.»-ի փլէյ օֆի Արեւելեան շրջանի կիսաւարտականի երկրորդ ճակատումներու ելոյթները, ուր Քլիվլենտ Քեվելիրզ կը հիւրընկալէ Տիթրոյիթ Փիսթընզը: Քլիվլենտ Քեվելիրզ Արեւելեան շրջանի 4-րդ դասուած խումբն է, բայց 3-2 արդիւնքով յառաջացած է եւ իր դաշտին վրայ պիտի հիւրընկալէ 6-րդ ճակատումը: Տոնավըն Միչել, Ճէյմս Հարտըն, Էվըն Մոպլի, Ճերըթ Էլըն եւ Մաքս Սթրաս իրենց դէմ պիտի ունենան Քէյտ...

ՀՄԸՄ-ի ԼԵՎԱՄ-ի Յանձնախումբ. Պասքեթպոլի 3-րդ Դիրքի Մրցումները. Վաղը Աթլեթի, Իսկ Կիրակի` Հեծելարշաւի Մրցումները

ՀՄԸՄ-ի ԼԵՎԱՄ-ի Յանձնախումբ. Պասքեթպոլի 3-րդ Դիրքի Մրցումները. Վաղը Աթլեթի, Իսկ Կիրակի` Հեծելարշաւի Մրցումները

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբը իր 2025-2026 տարեշրջանի աշխատանքը կը շարունակէ այս շաբաթավերջին: Խմբային խաղերու անցեալ շաբթուան արդիւնքներէն ետք յայտնուեցան աւարտականի հասնող խումբերը, ինչպէս նաեւ ճշդուեցան 3-րդ դիրքի մրցումները: Աթլեթիզմի մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ վաղը առաւօտեան ժամը 9:00-էն սկսեալ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ, մինչ հեծելարշաւի մրցումները տեղի պիտի ունենան կիրակի օր Մարինա Տըպպայէի մէջ, առաւօտեան ժամը 8:00-էն սկսեալ:...

«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի «Սփիտ Թեսթ».  Կարօ Յարութիւնեան` Ախոյեան

«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի «Սփիտ Թեսթ». Կարօ Յարութիւնեան` Ախոյեան

«Ֆաքրա - Քֆարտեպիան» ակումբին մէջ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի վարչութիւնը հաստատեց, որ թեւ-թիկունք կը կանգնի լիբանանեան բոլոր շարժումներուն, որոնք կը քաջալերեն տնտեսութիւնը` փաստելով, որ Քեսրուանի գաւառը կը մնայ իբրեւ կեդրոն` Լեռնալիբանանի շրջաններուն (մարզական գետնի վրայ): Տեղի ունեցաւ 2026-ի տարեշրջանի առաջին «Սփիտ թեսթ»-ը` արագութեան մրցումը (ժամացոյցի դէմ), ուր առաջին դիրքը գրաւեց Կարօ Յարութիւնեան իր «Միթսուպիշի Միրաժ»-ով` գերազանցելով Ալեքս Ֆեղալին («Միթսուպիշի Լանսեր...

Ըմբշամարտ.  Ջանես Նազարեան Եւ Վահէ Յովէեան`  Եւրոպայի Ախոյեաններ

Ըմբշամարտ. Ջանես Նազարեան Եւ Վահէ Յովէեան` Եւրոպայի Ախոյեաններ

Հայաստանի երիտասարդ ըմբիշները իրենց յաջող ելոյթները կը շարունակեն Սամոքովի մէջ (Պուլկարիա) տեղի ունեցող 17 տարեկանէն վար Եւրոպայի յունահռոմէական ըմբշամարտի ախոյեանութեան: 71 քկ կշիռի Ջանես Նազարեան շատ հանգիստ ձեւով հաստատեց իր գերակայութիւնը այս կշիռին բոլոր մրցակիցներուն յաղթելով` առանց որեւէ կէտ կորսնցնելու: Աւարտականին Նազարեան 4-0 արդիւնքով յաղթեց վրացի ըմբիշ Ռամազ Պասիլիային: Նազարեանի համար ասիկա հերթական մեծ յաջողութիւն է միջազգային ասպարէզին մէջ: Ան...

Ուու Շու.  Հայաստանի Հաւաքականը Փայլուն Արդիւնքներ  Արձանագրեց Եւրոպայի Ախոյեանութեան

Ուու Շու. Հայաստանի Հաւաքականը Փայլուն Արդիւնքներ Արձանագրեց Եւրոպայի Ախոյեանութեան

Ֆրանսայի Լիոն քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Ուու Շուի Եւրոպայի ախոյեանութիւնը, որուն ընթացքին Հայաստանի հաւաքականը հանդէս եկաւ բաւական յաջող ելոյթով` ձեռք ձգելով 27 մետալ` 14 ոսկի, 11 արծաթ եւ 2 պրոնզ: Այս ախոյեանութիւնը բաց է տարիքային բոլոր կարգերով, ուր մասնակիցները հանդէս եկան Թաուլու, Ուու շու- Սանտա եւ Լայթ-Սանտա մրցաձեւերով: Խմբային արդիւնքներով Հայաստան 5-րդ դիրքը գրաւեց: Առաջին դիրքը գրաւեց Ուքրանիոյ հաւաքականը, որ...

Եւրոպական Ֆութպոլ.  Ինթեր Միլան Բաժակակիր, Փարիզ Սեն Ժերմեն Ախոյեան Պարսելոնա Անակնկալ Պարտութիւն Կրեց

Եւրոպական Ֆութպոլ. Ինթեր Միլան Բաժակակիր, Փարիզ Սեն Ժերմեն Ախոյեան Պարսելոնա Անակնկալ Պարտութիւն Կրեց

Իտալիոյ ֆութպոլի բաժակի աւարտականին, Ինթեր Միլան 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Լացիօ Ռոման եւ 10-րդ անգամ ըլլալով դարձաւ Իտալիոյ բաժակակիր: Մարքուս Թիւրամ եւ Լասթարօ Մարթինես նշանակեցին Ինթերի 2 կոլերը, որոնց շնորհիւ Ինթեր տուպլէ մը իրագործեց ախոյեանութեան տիտղոսին հետ: Հենրիխ Մխիթարեան 68-րդ վայրկեանին դաշտ ներկայացաւ` փոխարինելով Փեթար Սուչիչը: Ֆրանսայի մէջ, Փարիզ Սեն Ժերմեն 5-րդ յաջորդական տարին ըլլալով դարձաւ «Լիկ 1»-ի ախոյեան, 33-րդ...

«Էն. Պի. Էյ.»  Քլիվլենտ Յաղթեց Տիթրոյիթի Մէջ

«Էն. Պի. Էյ.» Քլիվլենտ Յաղթեց Տիթրոյիթի Մէջ

Ճէյմս Հարտըն իր փլէյ օֆի առաւելագոյն կէտերը (30 կէտ) նշանակեց եւ Տոնավըն Միչել 21 կէտ աւելցուց ի նպաստ Քլիվլենի Քեվելիրզի, որ 9 կէտով ետ մնալէ ետք մրցումի 4-րդ մասին, պարտադրեց օվըրթայմ, եւ յաւելուած վայրկեաններով յաղթեց 117-113 արդիւնքով: Տիթրոյիթ Փիսթընզի դաշտին վրայ տեղի ունեցած այս մրցումը շատ բնական կ՛ընթանար, եւ առաջին կիսախաղին Տիթրոյիթ 15 կէտով կը յառաջանար: Քլիվլենտ կրցաւ փոխադարձել եւ...

Թենիս.  Ալեքսանտրա Քորնէեւա`  Հայաստանի Նոր Աստղը

Թենիս. Ալեքսանտրա Քորնէեւա` Հայաստանի Նոր Աստղը

Հայկական թենիսը միջազգային ասպարէզին մէջ աստիճանաբար նոր անուն կը ստանայ: Ալեքսանտրա (Սաշա) Քորնէեւա ընդամէնը 17 տարեկան է, սակայն վերջին երկու տարիներուն ան արդէն հասած է դառնալու Հայաստանի կրկնակի ախոյեան 2023-ին եւ 2024-ին` ամրապնդուելով երկրի ամէնէն փայլուն ապագայ խոստացող մարզիկներէն մէկուն կարգավիճակով եւ բարձրանալով «Այ. Թի. Էֆ.»-ի պատանեկան համաշխարհային դասաւորման մէջ: 2025-ի օգոստոսէն ի վեր Ալեքսանտրա Քորնէեւա կ՛ապրի եւ կը մարզուի...

2026-ի Մոնտիալ.  Պոսնիա Եւ Արժանթին Յայտարարեցին Իրենց Մարզիկները

2026-ի Մոնտիալ. Պոսնիա Եւ Արժանթին Յայտարարեցին Իրենց Մարզիկները

2026-ի մոնտիալին մասնակից խումբերը սկսան հերթաբար յայտարարել իրենց կազմերը: Պոսնիա եղաւ առաջին ազգային խումբը, որ յայտարարեց իր մարզիկները, այնուհետեւ Արժանթինի մարզիչ Լիոնել Սքալոնի 55 ֆութպոլիստներու ցանկ մը յայտարարեց. անոնցմէ 26-ն պիտի ըլլան վերջնական ներկայացուցիչները` 2026-ի Մոնտիալին: Արժանթին, որ 2022-ի Մոնտիալի ախոյեանն է, 10-րդ խմբակին մաս կը կազմէ Աւստրիոյ, Յորդանանի եւ Ալճերիոյ ազգային խումբերուն կողքին: Յատկանշական է Ռոմայի յառաջապահ Փաուլօ Տիպալայի...

Փերեսի Մամլոյ Ասուլիսը

Փերեսի Մամլոյ Ասուլիսը

Ռէալ Մատրիտի նախագահ Ֆլորենթինօ Փերես անակնկալ մամլոյ ասուլիս մը տուաւ երեքշաբթի գիշեր, ուր բաւական խիստ արտայայտութիւններ ունեցաւ Ռէալ Մատրիտ ակումբի դէմ վերջին «արշաւ»-ին գծով: «Պիտի չհրաժարիմ եւ կ՛ուզեմ նոր ընտրութիւններ կատարել: Ես 26 տարիներէ ի վեր հոս եմ, եւ ասիկա շատ լաւ ժամանակ մըն էր ակումբին համար: Կ՛ուզեմ վերջ դնել Ռէալ Մատրիտի դէմ արշաւին: Ով որ պատրաստ է իմ դէմս...

Մարի – Լուիզ Էթա Իր Առաջին  Յաղթանակը Արձանագրեց

Մարի – Լուիզ Էթա Իր Առաջին Յաղթանակը Արձանագրեց

Ունիոն Պերլինի մարզիչ Մարի-Լուիզ Էթա եղաւ առաջին աղջիկ մարզիչը, որ մրցում մը յաղթէ Եւրոպայի լաւագոյն 5 լիկաներու տղոց ախոյեանութիւններուն գծով, երբ իր մարզած խումբը 3-1 արդիւնքով յաղթեց Մայնցին, գերմանական «Պունտըսլիկա»-ի ախոյեանութեան: Էթա իր մարզիկներուն հետ յաղթանակը տօնեց մրցումի աւարտին` արձանագրելէ ետք իր առաջին յաղթանակը իր 4-րդ մրցումին: Էթա, որ 5 մրցումներու համար Ունիոն Պերլինի ժամանակաւոր մարզիչ նշանակուած էր, ըսաւ. «Ուրախ...

«Էն. Պի. Էյ.»  Ուեմպի Վերադարձաւ Եւ Փայլեցաւ

«Էն. Պի. Էյ.» Ուեմպի Վերադարձաւ Եւ Փայլեցաւ

Վիքթոր Ուեմպանեամա («Ուեմպի») իր ասպարէզի առաջին վտարումը մոռացութեան մատնեց, երբ փայլուն ելոյթ մը ունեցաւ 27 կէտ եւ 17 ռիպաունտ ձեռք ձգելէ ետք, օգնելով Սան Անթոնիօ Սփըրզի, որ յաղթէ Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզին` 126-97 արդիւնքով: Ուիմպի 5 էսիսթ եւ 3 պլոք ալ կատարեց մրցումի մը, որ եղաւ 3-րդ յաղթանակը` 5-րդ ճակատումին, Այժմ յաղթանակ մը եւս եւ Սփըրզ կը հասնի Արեւմտեան շրջանի աւարտական, ուր...

«Չեմփիընզ Լիկ».  Գերմանացի Զիպերթ Պիտի Ղեկավարէ  Արսենալ-Փարիզ Սեն Ժերմեն Աւարտականը

«Չեմփիընզ Լիկ». Գերմանացի Զիպերթ Պիտի Ղեկավարէ Արսենալ-Փարիզ Սեն Ժերմեն Աւարտականը

Գերմանացի իրաւարար Տանիէլ Զիպերթ նշանակուեցաւ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի աւարտական մրցումի ղեկավար «Եու.Է.Էֆ.Աևի կողմէ, հակառակ անոր որ ՖԻՖԱ զինք նկատի չառաւ Մոնտիալի իրաւարարներու ցանկին մէջ: Արսենալ¬Փարիզ Սեն Ժերմեն մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ 30 մայիսին «ՓուշՔաշ Արենա»¬ի մէջ (Հունգարիա), պիտի ըլլայ այս տարեշրջանի 10-րդ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ղեկավարած մրցումը: Իր յաջորդական 3-րդ մրցումն ալ պիտի ըլլայ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի քառորդ եւ կիսաւարտականներէն ետք, մանաւանդ...

Մխիթարեան Կրնայ Աւարտել Իր Ասպարէզը

Մխիթարեան Կրնայ Աւարտել Իր Ասպարէզը

Հայ ֆութպոլի համակիրներուն գլխաւոր նիւթն է Հենրիխ Մխիթարեանի ապագան այս տարեշրջանին վերջին հանգրուաններուն: Լրագրող Նիքոլօ Սքիրայի տեղեկութիւններով, Ինթեր պատրաստ է երկարաձգելու 37 տարեկան միջնապահին պայմանագիրը մինչեւ 2027-ի ամառ, բայց ֆութպոլիստը իր կարգին մէկ այլ տարբերակի մասին կը մտածէ: Լրագրող Ֆապիցիօ Ռոմանօ իր կարգին յայտնած է, որ Մխիթարեան կը մտածէ իր ասպարէզը աւարտելու մասին: Անոր տուեալներով` ասպարէզը աւարտելու տարբերակը շատ աւելի...

Ճատրակ.  Հայկ Մարտիրոսեան Դարձաւ Արծաթէ Մետալակիր

Ճատրակ. Հայկ Մարտիրոսեան Դարձաւ Արծաթէ Մետալակիր

Հայաստանի ճատրակի տղոց խումբի լաւագոյն վարպետը` Հայկ Մարտիրոսեան,  դարձաւ  ճատրակի միջազգային «Սարտինիա Ուորլտ Չես Ֆեսթիվըլ» մրցաշարքի արծաթէ մետալակիր: Մարտիրոսեան 9 կարելի կէտերէն 7-ն ձեռք ձգեց եւ գրաւեց 2-րդ դիրքը: Առաջին դիրքը գրաւեց գերմանացի վարպետ Ֆրետերիք Զվանէ, որ վաստկեցաւ 7,5 կէտ: Հայ վարպետի մը եւս` Մամիկոն Ղարիբեան, 7 կէտ շահեցաւ եւ գրաւեց 4-րդ դիրքը: Հայաստանէն մասնակցեցան նաեւ վարպետներ Էմին Օհանեան եւ...

Վիրաւորուելէ Եւ Անորոշ Վիճակէ Մը Ետք Տիպալա Որոշում Տուաւ

Վիրաւորուելէ Եւ Անորոշ Վիճակէ Մը Ետք Տիպալա Որոշում Տուաւ

Ա. Էս. Ռոմայի արժանթինցի յառաջապահ Փաուլօ Տիպալա անկեղծօրէն խօսած է իր ապագային եւ հռոմէական ակումբէն հեռանալու հաւանականութեան մասին: «Սքայ Սփորթց»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, ան յայտնեց, որ ակումբի ղեկավարութիւնը իրեն նոր պայմանագրութիւն չէ առաջարկած: «Պայմանագիրիս համաձայն, յաջորդ հանդիպումը պիտի ըլլայ իմ վերջինս` Ռոմայի հետ: Պայմանագիրս կ՛աւարտի յունիսին, եւ ակումբէն ոչ ոք հետս կապ հաստատեց» պատմեց Տիպալա: Նշենք, որ Տիպալա ծունկի...

Չապի Ալոնսօ Կրնայ Չելսին Ստանձնել

Չապի Ալոնսօ Կրնայ Չելսին Ստանձնել

Չելսի կը փորձէ համոզել եւ նշանակել նոր մարզիչ մը: Սպանացի մասնագէտ Չապի Ալոնսօ լուրջ թեկնածու է, բայց տակաւին բան մը որոշուած չէ, եւ Լիամ Ռոսենիորը փոխարինող մարզիչի անունը տակաւին անծանօթ կը մնայ, մանաւանդ որ Պորնմաութի մարզիչ Անթոնի Իրաոլա իր կարգին լուրջ թեկնածու է: Անցեալ 12 յունուարէն, Ալոնսօ անգործ է` պայմանագրութիւնը խզելէ ետք Ռէալ Մատրիտի հետ, ուր պահեստի խումբի մարզիչ Ալվարօ...

Page 40 of 1275 1 … 39 40 41 … 1,275

Արխիւներ