Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մարզական Կարճ Լուրեր

May 16, 2026
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱՆՉԵՍԹԸՐ Եունայթըտ շատ հաւանաբար այժմու գլխաւոր մարզիչին` Մայքըլ Քարիքին նոր պայմանագրութիւն առաջարկէ:

Կը սպասուի, որ 44 տարեկան Քարիք հանդիպում մը ունենայ ղեկավարութեան հետ` երկարաձգելու համար պայմանագրութիւնը:

. ՄԱՆՉԵՍԹԸՐ Սիթիի սպանացի մասնագէտ Փեփ Կուարտիոլա շատ հաւանաբար իր վերջին ամիսը կը բոլորէ Անգլիոյ «Փրեմիեր լիկ»-ին մէջ եւ լրջօրէն կը մտածէ լքել Մանչեսթըր Սիթին, մանաւանդ որ ֆիզիքականի մարզիչ Լորենցօ Հուենավենթուրա պիտի լքէ ակումբը, եւ Կուարտիոլա դժուար թէ առանց իրեն մնայ:

Միւս կողմէ, Լիվըրփուլի մարզիչ Առնէ Սլոթ ըստ երեւոյթին պիտի մնայ ակումբին հետ, ըստ կարգ մը աղբիւրներու: Կը կարծուէր, որ Լիվըրփուլ անպայման պիտի փոխարինէ Սլոթը Չապի Ալոնսոյի հետ, բայց ըստ երեւոյթին գոհ է անոր աշխատանքէն:

. ԸՍՏ «Ի. Էս. Փի. Էն.»-ի, 2026-ի Մոնտիալի թեկնածուն այլեւս Ֆրանսան չէ, այլ` Սպանիան:

Նախապէս թիւ 1 թեկնածուն Ֆրանսան էր, բայց թէ ի՞նչ փոխուեցաւ եւ Սպանիա զինք փոխարինեց, ոչ ոք գիտէ: Անցեալ Մոնտիալի (2022) տիտղոսակիր Արժանթին 3-րդ դիրքը կը գրաւէ, մինչ Անգլիա, Պրազիլ եւ Փորթուգալ կը գրաւեն յաջորդաբար 4-րդ, 5-րդ եւ 6-րդ դիրքերը: Գերմանիան 7-րդ դիրքը կը գրաւէ, մինչ Նետերլանտներ (8-րդ), Մարք (9-րդ) եւ Նորվեկիա (10-րդ) կ՛ամբողջացնեն լաւագոյն դասուած տասնեակը:

. ՔԱՐԼՕ Անչելոթթի, որ տարի մը առաջ ստանձնած էր Պրազիլի ազգային խումբի մարզիչի պաշտօնը, իր պայմանագրութիւնը երկարաձգեց մինչեւ 2030: Իտալացի մասնագէտը, որ 66 տարեկան է, տարեկան 10 միլիոն եւրօ կը ստանայ եւ ազգային խումբերու մարզիչներու ամէնէն բարձր վարձատրուող մարզիչն է:

. ՆՈԱ դարձաւ Հայաստանի ֆութպոլի բաժակակիր` աւարտականին 4-2 արդիւնքով յաղթելէ ետք Ուրարտուին:

9-րդ վայրկեանին Միքայէլ Միրզոյեան նշանակեց մրցումի եւ Ուրարտուի առաջին կոլը, սակայն Նոա անմիջապէս պատասխանեց շնորհիւ Հելտեր Ֆերէյրայի կոլին: կիսախաղէն առաջ Մարին Եաքոլիչ կոլ մը եւս նշանակեց, եւ Նոա առաջ անցաւ: Բ. կիսախաղին Եաքոլիչ կոլ մը եւս նշանակեց, եւ աւելի ուշ Նաթանայէլ Սայթինի նշանակեց Նոայի 4-րդ կոլը: 74-րդ վայրկեանին Էդիկ Վարդանեան փոխադարձեց, բայց Ուրարտու չկրցաւ աւելցնել հաշիւը:

Այս ձեւով Նոա 3-րդ անգամ ըլլալով դարձաւ բաժակակիր` ապահովելով «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի «Քոնֆերենս լիկ»-ին իր դիրքը:

 

Նախորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Այսօր Գիշեր Քլիվլենտ Եւ Սան Անթոնիօ Կրնան Հասնիլ Աւարտական

Յաջորդը

Ըմբշամարտ. Արիանա Մարտիրոսեան Հայաստանը Ներկայացուց Եւրոպայի Ախոյեանութեան

RelatedPosts

Աշխարհի Ախոյեան Դառնալէ Ետք`  Համլեթ Մանուկեանի Կարճ Հարցազրոյցը
Մարզական

Աշխարհի Ախոյեան Դառնալէ Ետք` Համլեթ Մանուկեանի Կարճ Հարցազրոյցը

October 27, 2026
Արշակ Կորեան Կոլ Նշանակեց
Մարզական

Արշակ Կորեան Կոլ Նշանակեց

October 27, 2026
Ծառուկեան Կը Ցանկայ  Ժորժ Սեն – Փիեռին Դէմ Մրցիլ
Մարզական

Ծառուկեան Կը Ցանկայ Ժորժ Սեն – Փիեռին Դէմ Մրցիլ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.