Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասքեթպոլ. Սաժես-ՀՄԸՄ` 99-97

June 15, 2026
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ գիշեր ՀՄԸՄ-ի տղոց պասքեթպոլի խումբը գեղեցիկ մրցումէ մը ետք 99-97 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց վերջին տարիներու փոխախոյեան Սաժեսէն եւ դուրս մնաց քառորդ աւարտականէն:

Մրցումը բաւական պաշտպանողական էր, եւ մարզիչ Ճօ Մոճահեսի գծած մրցումի ծրագիրը բաւական յաջող էր: Եգիպտացի Համատ Ֆաթհի եւ ամերիկացիներ Մայքըլ Ուաթքինզ ու Ճորտըն Սթիվընզ բաւական լաւ սկսան, մինչ անակնկալ էր Պրայըն Սալեհի մասնակցութիւնը մրցումի սկիզբէն, սակայն վերջինս քիչ մը շատ ֆաուլեր կատարեց առաջին կիսախաղէն իսկ զանոնք 4-ի հասցնելով: Ազիզ Ապտելմասիհ լաւ ելոյթ մը եւս ունեցաւ մանաւանդ իր 4  3 կէտնոց կողովներով:

Ճորտըն 35 կէտ եւ 13 էսիսթ կատարեց, Ուաթքինզ 26 կէտ, 11 ռիպաունտ եւ 5 պլոքներ կատարեց բարձր մակարդակի պասքեթպոլ ցուցաբերելով:

«Հսկայ» եգիպտացի Համատ իր կարգին բաւական լաւ ելոյթ ունեցաւ` նշանակելով 20 կէտ եւ 11 ռիպաունտ:

Սաժեսի յաղթանակը կերտեց Տեշաունտրէ Ուաշինկթըն, որ 39 կէտ, 13 ռիպաունտ եւ 14 էսիսթ իրագործեց:

ՀՄԸՄ-ի համար բաւական անբախտ եղանակ մը եղաւ, ուր ան մեծ թիւով վիրաւորներ ունեցաւ տարեշրջանի սկիզբէն` սկսելով Թայլըր Պէյէն, որուն յաջորդեցին Ահմետ Իպրահիմ, Սէրուժ Աւետիսեան եւ Տիքեմպէ Տիքսըն:

Խումբը շատ լաւ սկսելէ ետք տարեշրջանը եւ 6 յաջորդական յաղթանակներ արձանագրելէ ետք սկսած էր վիրաւորներու շարքը:

Նշենք, որ Սաժես կիսաւարտականին պիտի մրցի Սանթրալի դէմ, որ 32 տարիէ ի վեր չէ հասած կիսաւարտական: Սանթրալ իր կարգին 3-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Հուփսը:

Պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով Անթունիէ հասաւ կիսաւարտական` 3-0 ճակատումներու արդիւնքով յաղթելէ ետք Անդրանիկին:

Անթունիէ պիտի մրցի Ռիատիի դէմ, որ 3-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Պէյրութը:

 

Նախորդը

2026-ի Մոնտիալ. Աւստրալիա Անակնկալի Մատնեց Թուրքիան (2-0). Պրազիլ – Մարոք` 1-1

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  Վաղը` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Արապի Աքքար
Մարզական

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Վաղը` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Արապի Աքքար

September 19, 2026
Լիբանանի Երիտասարդներու  Ախոյեանութիւն.  Վաղը` ՀՄԸՄ – Ռասինկ
Մարզական

Լիբանանի Երիտասարդներու Ախոյեանութիւն. Վաղը` ՀՄԸՄ – Ռասինկ

September 19, 2026
Ճատրակ.  Հայաստանի Հաւաքականները  Յաղթանակ Մը Եւս Արձանագրեցին
Մարզական

Ճատրակ. Հայաստանի Հաւաքականները Յաղթանակ Մը Եւս Արձանագրեցին

September 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.