Երէկ Պանքոքի մէջ վերջ գտաւ Ասիոյ աղջկանց Բ. կարգի երիտասարդներու (18 տարեկանէն վար) ախոյեանութիւնը, ուր Լիբանանի ազգային խումբը 58-39 արդիւնքով յաղթելէ ետք Ղազախստանին դարձաւ ախոյեան եւ բարձրացաւ առաջին կարգ:
Առաջին մասին (16-16) հաւասարութեամբ աւարտելէ ետք, Լիբանան կրցաւ շատ աւելի լաւ պաշտպանել եւ 23 կէտ ստացաւ մնացեալ երեք մասերուն:
Ռիատիի մարզիկ Լարա Նաքիպ 16 կէտ եւ 7 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, մինչ Հուփսի մարզիկ Նուր Հոթէյթ 11 կէտ, 11 ռիպաունտ եւ 6 էսիսթ ձեռք ձգեց:
ՀՄԸՄ Անթիլիասի մարզիկ Էլիսա Ապու Ժաուտէ 10 կէտ եւ 7 ռիպաունտ ձեռք ձգեց:
Երրորդ դիրքը գրաւեց Ինտոնեզիա, որ 70-50 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Հնդկաստանը:
Կիսաւարտականին Լիբանան 77-54 արդիւնքով պարտութեան մատնած էր Ինտոնեզիան, մինչ Ղազախստան 60-36 արդիւնքով պարտութեան մատնած էր Հնդկաստանը:


