. «ՓՐԵՄԻԵՐ ԼԻԿ»-Ի 2025-2026 տարեշրջանի լաւագոյն մարզիկ ընտրուեցաւ Մանչեսթըր Եունայթըտի փորթուգալցի մարզիկ Պրունօ Ֆերնանտեշ:
Արհեստավարժ ֆութպոլիստներու միութիւնը («Փի. Էֆ. Էյ.») զինք ընտրեց իբրեւ լաւագոյն մարզիկ: Ան անցեալ տարեշրջանին 35 մրցումներու ընթացքին 9 կոլ եւ 21 էսիսթ կատարած էր:
. ՍՊԱՆԻՈՅ Ռէալ Մատրիտ ակումբը այս ամրան փոխանցումներու պատասխանի փակուելէն առաջ կրնայ «ծախել» երիտասարդ պրազիլցի յառաջապահ Էնտրիքը:
Հակառակ անոր որ փորթուգալցի մարզիչ Ժոզէ Մուրինիօ կ՛ուզէ պահել Էնտրիքը, բայց վերջինս գիտէ, որ շատ յոյս չունի դաշտ ներկայանալու, մեծ թիւով յառաջապահ գիծի մարզիկներու պատճառով: Էնտրիքով լրջօրէն հետաքրքրուած են Ֆրանսայի Լիոնը եւ «Փրեմիեր լիկ»-ի այլ խումբեր:
. ՊԱՐՍԵԼՈՆԱ ակումբը այս ամրան կրնայ 5 մարզիկներ «ծախել» իր նիւթական հարցերը լուծելու համար: Խումբէն հեռացողներու ցանկին մաս կը կազմեն Ֆրենքի Տէ Եոնկ, Մարք Քասատօ, Հեքթոր Ֆորթ, Ալիխանտրօ Պալտէ եւ Ժիւլ Քունտէ:
Մանչեսթըր Սիթի արդէն իսկ կապի մէջ մտած է ձեռք ձգելու Տէ Եոնկը: Քասատոյի անունը անցեալ տարեշրջանէն կը նշուի Սէուտական Արաբիոյ շատ մը խումբերէ: Յետսապահ Հեքթոր Ֆորթ կրնայ միանալ Ռէալ Սոսիետատին կամ Տորթմունտին, մինչ Պալտէի փոխանցումով լրջօրէն հետաքրքրուած է Մանչեսթըր Եունայթըտ: Ժիւլ Քունտէի հարցը կը մնայ անորոշ, հակառակ անոր որ Արսենալ կը փափաքէր, որ ֆրանսացի յետսապահը միանայ անոր:
Պալտէի հարցով լրջօրէն տխրած է Լամին Եամալ, որ անոր սերտ բարեկամն է: Եամալ, Պարսելոնայի վերջին մրցումին փոխարինուելէ ետք, դժգոհ էր մարզիչ Հանզի Ֆլիքէն:
. ՄԱՆՉԵՍԹԸՐ Սիթի վերջապէս ձեռք ձգեց մարոքցի միջնապահ Այուպ Պուատին, որ ֆրանսական Լիլէն եկաւ 95 միլիոն եւրոյի փոխարէն:
Սիթիի մարզիչ Էնցօ Մարեսքա կ՛ուզէ ձեռք ձգել նաեւ Չելսիի սպանացի յառաջապահ Մարք Կիուն, եթէ եգիպտացի Օմար Մարմուշ միանայ Թոթենհամին:
. ՊԱՅԵՐՆ Միւնիխի նախկին 4 մարզիկներ Թոմաս Միւլըր, Մաթց Հումելզ, Եան Զոմեր եւ Լուքաս Հեռնանտես սեփականատէրեր եղան Փորթուգալի Էսթրելա Ամատորա ակումբին:
Այս ձեւով կապ մը ստեղծուեցաւ Փորթուգալի առաջին դասակարգի ակումբին եւ Պայերն Միւնիխի միջեւ, եւ քանի մը պահեստի մարզիկներ միացան փորթուգալեան ակումբին: Վստահաբար կրնայ պատահիլ, որ օր մը Պայերն Միւնիխն ալ օգտուի այս կապէն եւ ձեռք ձգէ լաւ մարզիկներ:


