Վերջերս Մոնթենկրոյի մայրաքաղաք Փոկտորիցայի մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոպայի երիտասարդներու (21 տարեկանէն վար) ճիւտոյի ախոյեանութիւնը:
Հայաստանի հաւաքականը իր մասնակցութիւնը բերաւ այս ախոյեանութեան եւ 7 գօտեմարտներէն միայն մէկ յաղթանակ արձանագրեց:
Հայկ Դարբինեան (60 քկ), Լիովա Սրապեան եւ Արշակ Բեկչեան (66 քկ), Շաւարշ Նահապետեան (60 քիլոկրամէն վար), Տիգրան Սարուխանեան (81 քկ) եւ Ժիրայր Համբարեան (73 քկ) եղան Հայաստանի ներկայացուցիչները:
Մրցաշարքին մէկ յաղթանակ արձանագրեց Նահապետեան, որ դուրս ձգելէ ետք շուէտացի Ալպին Ֆորսելիասը, պարտութիւն կրեց երկրորդ մրցումին իտալացի Ֆրանչեսքօ Քրոչիանիէն եւ դուրս մնաց:


