Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. Լուրջ Աշխատանքը Դաշտին Վրայ Կ՛ըլլայ

September 12, 2026
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ Կ.

Շատ անգամներ նկատած ենք, որ մարզիչներ կամ մարզիկներ «փայլուն» կամ աղմկայարոյց հարցազրոյցներ կու տան կամ խօսք կը «հասցնեն» մրցակից խումբերու հասցէին: Ասիկա կրնայ դրական մթնոլորտ ստեղծել համակիրներուն մօտ, կամ ալ ժխտական մթնոլորտ ստեղծել այլ համակիրներու մօտ:

Օրինակ Ռէալ Մատրիտի մարզիչ Ժոզէ Մուրինիօ միշտ ալ իր վրայ կեդրոնացուցած է բոլորին ուշադրութիւնը իր ցայտուն յայտարարութիւններով, մինչ ուրիշներ կը նախընտրեն լուրջ մնալ եւ աշխատանքը դատշին վրայ կատարել:

Ֆութպոլիստներու պարագան ալ կայ. օրինակ` Զլաթան Իպրահիմովիչ ժամանակին աջ ձախ կը յարձակէր իր զրոյցներու ընթացքին` նոյնիսկ խմբակիցներու հասցէին կարծր խօսքեր ուղղելով:

Սակայն վերջերս նոր աստղ մը ֆութպոլի աշխարհին մէջ ամբողջովին հեռու կ՛ուզէ մնալ զրոյցներէ կամ ելոյթներէ եւ բոլոր հարցումներուն կը պատասխանէ դաշտին վրայ: Այս վերջին տարիներու նորաձեւութիւն դարձած ընկերային ցանցեր սիրող մարզիկները, որոնք միշտ խօսելիք կամ ըսելիք կ՛ունենան, բնաւ բան չեն ըսեր Մայքըլ Օլիսէի մասին: Ֆրանսացի Օլիսէ, որ Պայերն Միւնիխի հետ 2 տարեշրջաններէ ի վեր փայլուն ելոյթներ կ՛ունենայ, միշտ ալ կը խուսափի լուսարձակներէ եւ հարցազրոյցներէ:

Քանի մը օր առաջ Պայերն Միւնիխի մրցումէն ետք, լրագրող մը Օլիսէին հարցուցած էր, թէ ի՞նչ է իր կարծիքը «Չեմփիընզ լիկ»-ի նոր տարեշրջանին մասին… Ան պարզապէս ըսած է, թէ «կ՛ուզէինք յաղթանակով սկսիլ եւ կրցանք»: Մրցումին լաւագոյն մարզիկը ընտրուելէ ետք լրագրողը պատրաստ էր քանի մը վայրկեան զրուցել Օլիսէի հետ, որ կարճ-կտրուկ պատասխաններ տուաւ` յայտնելով, որ իր նշանակած երկու կոլերը պարզապէս մտան եւ այդքան ալ դժուար չէին: «Այդ հարուածները կրնային չմտնել նոյնիսկ… բայց մտան», ըսաւ ան: Լրագրողը կ՛ուզէր գիտնալ, թէ որքա՛ն դժուար էր այդպիսի կոլեր նշանակել… «միայն ես չեմ նշանակեր կոլեր, բոլորն ալ կրնան եւ կը նշանակեն»: Լրագրողը յայտնեց, որ Օլիսէ կը դժուարացնէ հարցազրոյցը, եւ ուզեց փակել հարցնելով, թէ ի՞նչն է, որ կ՛ուրախացնէ Օլիսէն… կոլ նշանակե՞լը, յաղթե՞լը, Օլիսէ փակեց 59 երկվայրկեան տեւած հարցազրոյցը «այո՛» ըսելով:

Այո՛, դաշտին մէջ կը խօսի Օլիսէ իր խաղով եւ իր տուած արդիւնքով: Յոյսով, որ Օլիսէ օրինակ դառնայ բոլոր մարզիկներուն եւ մարզիչներուն, որոնք աւելի կը խօսին, քան կ՛աշխատին:

Վստահաբար ամէն անձ նոյն անհատականութիւնը չունի, բայց ճիշդ աշխատանքը դաշտին վրայ պէտք է թարգմանուի:

 

 

Նախորդը

Ըմբշամարտ. «Ստեփան Սարգսեան»-ի Անուան Մրցաշարքը Կը Սկսի Երեւանի Մէջ

Յաջորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

RelatedPosts

«Էմ. Էմ. Էյ.»  Սպարտակ Միքայէլեանի 4-րդ Յաջորդական Յաղթանակը
Մարզական

«Էմ. Էմ. Էյ.» Սպարտակ Միքայէլեանի 4-րդ Յաջորդական Յաղթանակը

October 29, 2026
Թենիս.  Առնօ Աւետիսեան` Պրոնզէ Մետալակիր
Մարզական

Թենիս. Առնօ Աւետիսեան` Պրոնզէ Մետալակիր

October 29, 2026
Ալվարես Վերջապէս Որոշեց… Մնալ  Աթլեթիքօ Մատրիտի Մէջ
Մարզական

Ալվարես Վերջապէս Որոշեց… Մնալ Աթլեթիքօ Մատրիտի Մէջ

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.