Հովանաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, «Շնորհալի» երգչախումբի 45-ամեակին առիթով, երէկ` ուրբաթ, 4 յունուար 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Սեն Ժոզեֆ» եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Ծննդեան համերգ` կատարողութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբին:
Համերգի մանրամասնութիւններուն կ՛անդրադառնանք յաջորդիւ:



