Ազգային Յառաջ Գ. Կիւլպէնկեան Վարժարանի Վերամուտ
Ազգային Յառաջ Գ. Կիւլպէնկեան վարժարանի 2013-2014 կրթական տարեշրջանի վերամուտը տեղի ունեցաւ երկուշաբթի, 23 սեպտեմբեր 2013-ի առաւօտեան, երբ շուրջ 260 աշակերտներ մանկապարտէզի Ծիլ դասարանէն մինչեւ աւարտական դասարանը ` վերամուտը խորհրդանշող եռագոյն նշանակները կուրծքերնին իրենց դաստիարակներուն առաջնորդութեամբ ուղղուեցան Սուրբ Պօղոս եկեղեցի` ստանալու քրիստոնէական օրհնութիւն, վերանորոգուելու սուրբ հաղորդութեամբ եւ սկսելու աշխատանքի բարեբեր եւ խաղաղ տարեշրջան մը: Նախակրթարանի եւ քոլեճի աշակերտները եկեղեցական արարողութենէն ետք...
