Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Մասնաճիւղի Տարեկան Բանակում

September 12, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

 

 

 

 

 

 

ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ մասնաճիւղի 2012-2013 տարեշրջանի տարեկան բանակումը կայացաւ 1-8 սեպտեմբերին, Ռաս Մաթնի Տէյր Հարֆ շրջանին մէջ:

Կիրակի, 1 սեպտեմբերին արի-արենուշ խումբերը, երէց-պարմանուհի փաղանգները, գայլիկ, արծուիկ, մոկլի խմբապետական կազմերը, ընկերակցութեամբ Սկաուտական խորհուրդին, ուղղուեցան դէպի բանակավայր: Չորեքշաբթի, 4 սեպտեմբերին անոնց միացան  գայլիկ վոհմակը եւ արծուիկ երամը: Շաբաթ առտու բանակավայր հասաւ մոկլի վոհմակը: Ամբողջ շաբթուան մը ընթացքին անտառը վերածուեցաւ «հայկական գիւղի», որ այս տարուան բանակումին եւ խարուկահանդէսին թեման էր: Երէց-պարմանուհի «Քաջ Նազար», արի խումբը «Ընկեր Փանջունի», արենուշ խումբը «Կիկոս», գայլիկ վոհմակը «Պույ պույ մկնիկը», արծուիկ երամը «Կաթիլ մը մեղր», մոկլի վոհմակը «Սեւ սամպօ» պատմութիւնները որդեգրած էին իբրեւ բնաբան:

Բոլոր խումբերուն բանակավայրերը եւ ձեռայինները այս պատմութիւններուն կը վերաբերէին, նաեւ խարուկահանդէսը ամբողջովին ներկայացուց հայկական գիւղը:

Չորեքշաբթի բանակավայր այցելեցին Սկաուտական խորհուրդն ու խմբապետական կազմը, իսկ հինգշաբթի` մասնաճիւղին վարչութիւնը: Այցելուներուն կարգին էր նաեւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անդամ, սկաուտութեան ներկայացուցիչ Վաչէ Նաճարեանը:

Շաբաթ, 7 սեպտեմբերին, պաշտօնական փակման արարողութեան ընթացքին երէց փաղանգէն Ռիթա Անտոնեան, արի խումբէն Նարեկ Պասմաճեան, արենուշ խումբէն Ճոյս Մալտոսեան, գայլիկ վոհմակէն Սահակ Պուտարիքեան, արծուիկ երամէն Միրէյ Ժըմմօ ստացան խումբերու լաւագոյն անդամի վկայագրերը` Շրջանային խմբապետ Ժանօ Քեչեճեանին ձեռամբ: Միրէյ Շիրինեան, Սարին Յարութիւնեան, Մեղեդի Պուտագեան, Լիւսի Գոճայեան, Մարիա Գարակիւլլէեան եւ Սալբի Տօնապետեան ստացան վկայեալ կարգի վկայագրերը եւ պեճերը:

Խարուկահանդէսին ներկայ էին` Շրջանային վարչութեան անդամ Վաչէ Նաճարեանը, Սկաուտական խորհուրդն ու խմբապետական կազմը, ծնողներ եւ բարեկամներ:

Խմբապետական կազմին անունով խօսք առաւ միաւորի խմբապետ Բիւզանդ Մկրտիչեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց մասնաճիւղի Սկաուտական խորհուրդին` իր ցուցաբերած վստահութեան եւ օժանդակութեան համար:

Մասնաճիւղի Սկաուտական խորհուրդին անունով խօսք առաւ Մարիա Չոլաքեան, որ իր խօսքին մէջ ներկայացնելէ ետք սկաուտական աշխատանքները, անդրադարձաւ նուիրատու հաստատութիւններուն, շրջանի պատկան մարմիններուն, թաղականութեանց, հայրենակցական միութիւններուն եւ բոլոր նուիրատուներուն, որոնց աջակցութեամբ կարելի եղաւ այս տարուան բանակումը յաջողցնել առանց որեւէ մասնակցութեան սակ գանձելու սկաուտներէն: Վարչութեան անունով խօսք առաւ Յակոբ Չպլաքեան, որ իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ մասնաճիւղին տարեկան գլխաւոր աշխատանքներուն, որոնցմէ են մասնաճիւղին 95-ամեակի հանդիսութիւնը եւ ֆութպոլի խումբին Հայաստանի մէջ համա-ՀՄԸՄ-ական խաղերու մասնակցութիւնը: Ան իր խօսքին մէջ նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց մասնաճիւղի Սկաուտական խորհուրդին եւ խմբապետական կազմին անխոնջ աշխատանքներուն, որոնց շնորհիւ կարելի եղաւ բանակումը յաջողութեամբ պսակել:

ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ

Նախորդը

Փասատինայի Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշարձանի Նախագիծը Վաւերացուեցաւ

Յաջորդը

Ձայն Բազմաց

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.